Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի փլէյ-օֆի (Գ. հանգրուան) ֆայնըլ-էյթի մրցումները կը սկսին այսօր` շաբաթ, 30 մարտին:
Օրուան առաջին մրցումին, Շանվիլ Տիք Մըհտիի մէջ, երեկոյեան ժամը 17:00-ին կը հիւրընկալէ Աթլասը:
Երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ այսօր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հուփսը:
ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ յաղթանակ մը արձանագրելու` առանց անտեսելու իր մրցակիցը:
Վաղը` կիրակի, 31 մարտին տեղի կ՛ունենայ մէկ մրցում, երբ Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ երեկոյեան ժամը 17:30-ին կը հիւրընկալէ Մութթահետը: