Վաղը`
ՀՄԸՄ Պէյրութ – Թատամոն
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 30 մարտին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Շիահի դէմ: Այս մրցումը, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Շիահի մարզադաշտին վրայ:
Իսկ Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ իր մրցումը պիտի կատարէ վաղը` կիրակի, 31 մարտին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Թատամոնը, երեկոյեան ժամը 20:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի զոյգ խումբերէն ալ կ՛ակնկալուի յաղթանակ արձանագրել: