Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրանք Փալոն Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի` կառավարութեան հետ յարաբերութիւններու գծով տնօրէն Ռաֆֆի արագաշեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ ամերիկեան իշխանութիւնները անընդհատ կը փորձեն վախցնել Արցախ այցելել ուզողները: «Եւ ակնյայտ է, որ եթէ անոնք կը փորձեն վախցնել զիս ու քոնկրեսական գործընկերներս, ապա նոյնը կ՛ընեն նաեւ պարզ անձերու եւ գործարարներու պարագային»:
Փալոն անդրադարձած է մարտի սկիզբը ներկայացուած բանաձեւին, որուն նպատակն է ամերիկեան իշխանութիւններուն ստիպել` ջնջել Արցախ մեկնելու եւ ազատ հաղորդակցելու բոլոր սահմանափակումները: «Այդ սահմանափակումները անիմաստ են, որովհետեւ մենք պէտք է փորձենք կարելի եղածին չափ շատ հաղորդակցութիւն ունենալ արցախցիներուն հետ, այնտեղի ժողովուրդին եւ կառավարութեան հետ առնչուելու նպատակով», շեշտած է քոնկրեսականը` միաժամանակ աւելցնելով, որ Արցախը գործող ժողովրդավար երկիր է, որ ունի շուկայական տնտեսութիւն, ինչով շատ նման է Միացեալ Նահանգներուն եւ, առհասարակ, Արեւմուտքի երկիրներուն:
Փալոնի կարծիքով` եթէ ամէն ինչ յաջող ընթանայ, ապա երկիրներուն միջեւ պիտի ըլլայ ո՛չ միայն քաղաքական, այլ նաեւ տնտեսական համագործակցութիւն, սակայն, այնքան ատեն որ կը գործեն ամերիկեան կողմի սահմանափակումները, համագործակցութիւնը անօգուտ է:
Զրոյցի ընթացքին քոնկրեսականը նաեւ յիշեցուցած է, որ վերջերս կոչով դիմած է Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յատկացումներու հարցերով յանձնախումբին` 2020-ի պիւտճէի նախագիծի շրջանակին մէջ Արցախի Հանրապետութեան տրամադրուելիք օժանդակութեան չափը աւելցնելու համար:
«Շրջափակման եւ այլ պետութիւններու, որոնց շարքին նաեւ մեր կողմէ չճանչցուած ըլլալու փաստը կը վտանգէ Արցախի տնտեսութիւնը: Մինչդեռ Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւնը Արցախի ճանաչման ուղղութեամբ յաւելեալ քայլ մը պիտի ըլլայ: Իմ կողմէս կ՛ուզեմ ընել կարելի ամէն բան, որպէսզի ցոյց տամ, թէ այդ երկիրը իսկական եւ ժողովրդավար է, կը գործէ մնացեալ միւս երկիրներուն նման, եւ տնտեսական աջակցութիւնն ու ճանաչումը շատ կարեւոր են անոր համար», մանրամասնած է Փալոն` աւելցնելով, որ Արցախին եւ Հայաստանին արտասահմանեան օժանդակութեան չափը աւելցնելու վերաբերեալ բաց նամակը արդէն ստորագրած են 32 օրէնսդիրներ:
Փալոն ամերիկացի քոնկրեսականներու շրջանակին մէջ Արցախ կատարած ուղեւորութիւններու թիւով մրցանշակիր է եւ այժմ անհամբեր կը սպասէ յաջորդ այցելութեան կարելիութեան: «Ես միշտ վերադառնալու ցանկութիւն ունիմ: Կ՛ուզեմ, որ Ազրպէյճանի հետ տագնապը լուծուի, եւ Արցախը շարունակէ ապրիլ` իբրեւ անկախ երկիր, կամ` եթէ հանրաքուէ կատարուի, ապա դառնայ Հայաստանի մաս: Սակայն վերջնական նպատակը` Արցախը մնայ հայկական ու ճանչցուի իբրեւ այդպիսին` կա՛մ իբրեւ հանրապետութիւն, կա՛մ իբրեւ Հայաստանի մաս: Ես առհասարակ կը սիրեմ այն ամէնը, ինչ որ հայկական է, եւ Արցախը այս առումով հայկականի մարմնաւորումն է», նշած է քոնկրեսականը:



