Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց կազմը վաղը` կիրակի, 24 մարտին կը մրցի Ռաուտա Տըքուանէի խումբին դէմ: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի ժամը 18:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ մը, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:


