ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ
ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՌԻԹՈՎ Ս. ՆՇԱՆ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ արքեպիսկոպոսի հրաւէրով`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Չորեքշաբթի, 27 մարտ 2019-ին, Միջինքի առիթով, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի հանդիսապետէ Արեւագալի ժամերգութեան եւ ուղղէ իր հայրապետական պատգամը:
Ժամերգութեան երգեցողութիւնը պիտի կատարեն Դպրեվանքի սաները:
Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:00-ին
Արեւագալի ժամերգութիւն` ժամը 9:00-ին
Հայրապետական պատգամ` ժամը 9:30-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու ժամերգութեանց եւ ունկնդրելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
Փոխադրութեան դիւրութիւն ընծայելու համար, փոխադրակառք մը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցիէն դէպի Ս. Նշան մայր եկեղեցի պիտի մեկնի առաւօտեան ժամը 7.45-ին:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
————————————–
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
Կիրակի, 24 մարտ 2019-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ
ԱՐՀԻ. ՀԱՅՐ ԵՂԻԱ ԵՊՍ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Առաջնորդ Ֆրանսայի Կաթողիկէ հայոց
Իր հանգուցեալ եղբօր` ԿԱՊԻ ԺՈԶԵՖ ԵՂԻԱՅԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով Սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն պիտի մատուցէ առաւօտեան ժամը 10:00-ին:
————————————–
ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԱՍԻՐԱՑ ԵՂԲԱՅՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Մեծ պահոց շրջանին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցասիրաց եղբայրակցութեան Ընդհանուրին պաշտամունքներուն պիտի պատգամեն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանները: Կիրակի 24 մարտ 2019
«ՏՆՏԵՍԻՆ ԿԻՐԱԿԻ»
ՀՈԳՇ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱԲՂՅ. ԵՂԻԱՅԵԱՆ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՏԻՐԱՄԱՅՐ ՄԱՐԻ ԲԱՐԻՔԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 մարտ 2019-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԹԻՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 24 մարտ 2019-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————–
«ՃԻՇԴ ՀՆՉԵՆՔ»
Հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան, «Վանայ Ձայն»-էն ունկնդրեցէ՛ք «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը` կիրակի, 24 մարտին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին:
Այս շաբթուան մասնակից վարժարաններն են`
1.- Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան
2.- Ազգային միացեալ վարժարան
3.- Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Յայտագիրը կը պատրաստէ եւ կը ներկայացնէ ՀՈՒՐԻ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԷՄՄԻԵԱՆ:
————————————–
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ
ԿՈՄԻՏԱՍ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ – ՊԷՅՐՈՒԹ
ԸՆԹՐԻՔ – ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
Յատուկ մեծարանքի բաժին`
ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԵՒ ՄԻՇԵԼ ԼԸԿՐԱՆԻ
Կատարողութեամբ`
ՔՐԻՍՏԻՆԻ ԵՒ ԻԶԱՊԷԼԻ
Շաբաթ, 30 մարտ 2019-ի երեկոյեան ժամը 8:30-էն սկսեալ, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ, Պէյրութ:
—————————————
ԳԷՈՐԳ ՄԵԼԻՏԻՆԵՑԻ ԳՐԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
ԳՄԳՄ-ի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2019-ի նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Մրցանակը կ՛ընդունի գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ լոյս չտեսած գործեր` առ ի գնահատում եւ հրատարակութիւն:
Գրական, իմաստասիրական, պատմական, եկեղեցագիտական, բանասիրական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածներուն վերաբերող գործերը, հայերէն կամ օտար լեզուներով գրուած, պէտք է դատակազմին ամէնէն ուշը հասած ըլլան մինչեւ 30 ապրիլ 2019:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ դատակազմին մաս կը կազմեն` տեարք Ժիրայր Դանիէլեան (ատենապետ), Կարօ Յովհաննէսեան, Յակոբ Պալեան, Նազարէթ Պէրպէրեան եւ տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան:
ԴԻՒԱՆ ԳՄԳՄ-Ի ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Հասցէ`
Armenian Catholicosate of Cilicia
P.O.Box 70317
Antelias – Lebanon
E-Mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
Ծանօթ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակներուն չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
Խնդրանք.- Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
—————————————
ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Հայ աւետարանական քոլեճը (Քաղաք) կարիքը ունի մնայուն պահակի մը, որ 24 ժամ ներկայութիւն ապահովէ դպրոցին մէջ: Հետաքրքրուողներ դպրոցական ժամերուն կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ժամադրութիւն առնելու համար:
————————————–
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
23 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
ՄԻՋԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ-ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍ
ՇԱԲԱԹ, 30 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԳՈԼԷՃ
ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 31 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»-Ի ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐ
8 ՄԱՅԻՍ 2019
ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ՉԽԱՉԱՁԵՒԵԼ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆ
ՏԱՐԵԿԱՆ ԸՆԹՐԻՔ
ՇԱԲԱԹ, 18 ՄԱՅԻՍ 2019


