Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 18-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 21 մարտին, Աթլաս Ֆըրզոլ Զահլէի մէջ կը հիւրընկալէ Շանվիլը: Մրցումը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
Շանվիլ արձանագրած է 12 յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն (այժմ` 2-րդ), մինչ Աթլաս, որ կը գրաւէ 7-րդ դիրքը, արձանագրած է 4 յաղթանակ եւ կրած 11 պարտութիւն:


