Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի երթի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 21 մարտին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի Պէյրութի դէմ (Բ. խմբակ):
Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 22:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի քաջալերել ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, իր մրցումը կը կատարէ շաբաթ, 23 մարտին, երբ ժամը 14:30-ին, Հուփսի դաշտին վրայ (օդակայանի ճամբան), կը մրցի Սքուատրայի դէմ:


