Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահ Աունի Հետ Համաձայնութիւնս Մարոնիական Պսակի Համազօր Է» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

March 20, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Մամլոյ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Աունի Քաաքիի:

Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի շեշտեց, որ ինք որոշած է քաղաքական աղմուկին մօտ կանգ չառնել, այլ ամէն ջանք ի գործ դնել երկրին տնտեսութիւնը բարգաւաճեցնելու նպատակով:

Ան հաստատեց, որ Պրիւքսելի խորհրդաժողովը յաջող ընթացած է եւ կրցած 7 միլիառ տոլար ապահովել Լիբանանի համար:

Ան շեշտեց, որ տեղեկատուական մարզը լեցնող արտայայտութիւնները վերջ գտնելէ ետք, կը մնան միայն իրագործուած նուաճումները, «իսկ կարեւորագոյնը այն է, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը փափաքին «Սետր»-ի խորհրդաժողովին որոշումները գործադրել եւ համախոհութիւն գոյացուցած են` փտածութեան դէմ պայքարելու առումով», ըսաւ ան:

Հարիրի շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել` աւելցնելով, որ այս իմաստով պատասխանատու նշանակած են Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, ինչպէս նաեւ կը զօրակցին տեղահանուածներու տունդարձի ռուսական նախաձեռնութեան: Ան հաստատեց, որ իրենք այս իմաստով կը փափաքին գործնական արդիւնքներ տեսնել` շեշտելով, որ տեղահանուածներու բնակեցումը անհաւանական է:

Հարիրի ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ համաձայնութիւնը մարոնիական պսակի համազօր է` աւելցնելով, որ իրենք որոշած են երկրին շահերը հիմնական նկատել:

Հըզպալլայի հետ կապին ակնարկելով` վարչապետ Հարիրի նշեց, որ երկու կողմերը որոշած են մագլցողական քայլերու չդիմել:

Հարիրի ըսաւ, թէ ելեկտրականութեան տագնապի լուծման ծրագիրը մօտիկ ապագային պիտի պատրաստուի, իսկ բարեկարգումի շունչով մշակուած 2019-ի պետական ամավարկը պիտի վաւերացուի:

Հարիրիի այցելեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, որ վարչապետին հետ քննարկեց Ներքին ապահովութեան ուժերուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետարանի այցելուներէն եղան նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Նատա Պուսթանի, որ Հարիրիի հետ քննարկեց նախարարութիւնը յուզող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ, որ վարչապետին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Եթէ Մենք Կը Փափաքինք Յաւելեալ Արդիւնաբերութեան Մղել Այն Կառավարութիւնը, Որուն Մաս Կը Կազմենք, Ասիկա Չի Նշանակեր, Որ Մենք Ոեւէ Մէկը Թիրախ Կը Դարձնենք» Շեշտեց Քանաան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պաապտայի Մէջ Կը Նշէ Ֆրանսախօս Երկիրներու Կազմակերպութեան Համաշխարհային Օրը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ  Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման,  Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Առանց Իր Տարածքին Վրայ Ամբողջական Իշխանութեան Տարածման, Պետութիւնը Իսկական Արժէք Չունի»

October 8, 2026
Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները
Լիբանանեան

Սալամ Ստիի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Մատակարարման Յաւելեալ Կարելիութիւնները

October 8, 2026
Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն  Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է  Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»
Լիբանանեան

Արաղչի. «Իրան Կը Զօրակցի Լիբանանի Հողերուն Ամբողջականութեան Եւ Պատրաստ Է Անոր Կայունութեան Պահպանման Նպաստելու»

October 8, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.