Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ կէսօրէ ետք նախագահեց Պաապտայի մէջ կառավարութեան գումարած նիստին, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման եւ վարչապետ Միքաթի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ պետական պիւտճէի ծրագիրի նախագիծը, ինչպէս նաեւ մազութի սակին պետական նիւթական յատկացում տրամադրելու կարելիութիւնը:
Կառավարութեան նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է ջնջել կարմիր մազութի սակին վրայ պարտադրուած յաւելեալ արժէքի տուրքը:
Տաուք նշեց, որ իբրեւ արտակարգ քայլ կառավարութիւնը այդ որոշումը յառաջիկայ երկուշաբթի օրուընէ սկսեալ պիտի գործադրէ` մազութի իւրաքանչիւր թիթեղին սակը 3,000 լ. ոսկի նուազեցնելով:
Տաուք յայտնեց, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստերուն ընթացքին պիտի շարունակէ քննարկել պետական պիւտճէի օրինագիծը:


