ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Վիճաբանութենէ հեռու մնացէք: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք այս օրերուն հարցի մը պատճառով: Պահեցէք ձեր հաւասարակշռութիւնը: Թշնամական կեցուած մի՛ որդեգրէք ձեր պաշտօնակիցներուն հանդէպ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Առիթ մի՛ տաք, որ ձեր պարտականութիւնները դիզուին: Կարգաւորեցէք ձեր գործերը եւ ընելիքները, որպէսզի իրար չանցնիք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր բախտը պիտի զօրանայ այս օրերուն: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք կամ ձեր նպատակներէն մէկը պիտի իրականացնէք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Քննադատութիւններէ հեռու մնացէք այս օրերուն: Ձեր գործակիցներէն մէկուն ունեցած վերաբերմունքէն պիտի նեղանաք: Դասաւորեցէք ձեր գործերը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք: Ձեր կարծիքն ու տեսակէտը համարձակութեամբ պիտի արտայայտէք: Իրապաշտ եղէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր կարողութիւնները օգտագործեցէք ճիշդ ուղղութեան մէջ մնալու համար: Վիրաւորական խօսքեր ուղղելէ զգուշացէք: Սխալներ գործելէ խուսափեցէք եւ միշտ իրականութիւնը խօսեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Նոր գործ մը պիտի սկսիք: Խանդավառութեամբ մարդոց հետ պիտի հանդիպիք ու ծանօթանաք: Բացառիկ ձիրքերու տէր էք: Դժուար քննութիւնները յաջողութեամբ պիտի անցնիք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ժամանակը յարմար չէ նոր ծրագիրներ իրագործելու: Ուշացում պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Ձախող շրջան մը պիտի ապրիք ժամանակաւորապէս, որմէ ետք ձեր հարցերը պիտի լուծուին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Պիտի քաջալերուիք եւ պիտի ընդարձակէք ձեր ծանօթութիւններու շրջանակը: Առաջ անցէք ու մի՛ յանձնուիք: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է` օգնութիւն ցուցաբերելու կարիքաւորին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Համարձակ քայլ մը պիտի առնէք: Ձեր կարծիքը ուշագրաւ պիտի դառնայ ձեր միջավայրին մէջ: Ընկերային եւ աշխատանքային գետնի վրայ տագնապ մը պիտի ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր տրամադրութիւնը պիտի լաւանայ, ու դուք պիտի գտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործերը: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան: Դրական շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Բացասական ալիքները հետզհետէ պիտի քաշուին: Մտային ու ֆիզիքական յոգնութիւն պիտի զգաք: Հանգստացէք, ապա կրկին շարունակեցէք ձեր գործը: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք, նախքան որեւէ պայմանագիր ստորագրելէ առաջ:
