ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Առիթ մը պիտի ունենաք ձեր զգացումները արտայայտելու բարեկամի մը հետ: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Դժուար պայմաններէ պիտի ձերբազատիք: Պիտի պաշտպանէք ձեր գաղափարները եւ միտքերը` ձեր աշխատանքին մէջ: Կը փափաքիք ձեր նպատակները իրականացնել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Վտանգաւոր վայրեր մի՛ այցելէք: Չար մարդոցմէ հեռու մնացէք, անոնք կրնան դաւ մը նիւթել ձեզի հանդէպ: Ձեր հանգիստը եւ ապահովութիւնը ամէն բանէ վեր դասեցէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի վերագտնէք ձեր ինքնավստահութիւնը, եւ ձեր տրամադրութիւնը պիտի բարձրանայ: Հետաքրքրութիւն մը պիտի ունենաք ներդրումային ծրագիրի մը իրականացնելու մէջ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Վերապահ եղէք եւ ձեզի տրուած բոլոր խոստումներուն մի՛ հաւատաք, որպէսզի եթէ անոնք չիրականանան, յուսախաբ չըլլաք: Ձեր կողակիցը պիտի ճամբորդէ, հետեւաբար պարպութիւն մը պիտի ստեղծուի ձեր զգացական կեանքին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դրական նորութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր աշխատանքային կեանքին մէջ: Նիւթական տագնապ մը պիտի ապրիք: Մի՛ պրկէք ձեր ջիղերը, հանգիստ մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր գործին մէջ լաւ արդիւնքներ ձեռք պիտի ձգէք: Աշխատեցէք վճարել ձեր պարտքերը, որպէսզի չկուտակուին: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, խնայողութիւն կատարեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Աշխատանքային դժուարութիւն մը պիտի ունենաք: Պիտի կատարէք ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին պիտի ծանօթանաք նոր անձերու, որոնք օգտակար պիտի դառնան ձեզի ձեր գործին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Մի՛ վարանիք պէտք եղած դասաւորումները կատարել ձեր գործին մէջ, որպէսզի շահիք կողմի մը զօրակցութիւնը: Յարմար շրջան է նոր առաջարկներ կատարելու: Ընտանեկան հաճելի պահեր պիտի ապրիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Որոշ ժամանակ մը անապահով եւ անհանգիստ պիտի զգաք, բայց շուտով ձեր խնդիրները պիտի լուծուին, ու դուք պիտի վերագտնէք ձեր ներքին խաղաղութիւնը: Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առուծախի գործողութիւններով պիտի զբաղիք այս օրերուն եւ նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Ձեր բոլոր գաղտնիքները մի՛ վստահիք ձեր ընկերներուն:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Կարեւոր զրոյց մը պիտի ունենաք ձեր գործատիրոջ հետ: Հին երազ մը պիտի իրականացնէք: Ջղային վիճակի մը մէջ պիտի ըլլաք, բայց ուշադրութիւն ըրէք, որ վիրաւորական խօսքեր չուղղէք ձեր շուրջիններուն:
