Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած ժողովի մը ընթացքին նշած է, որ Թուրքիան միշտ ճնշուածներուն կողքին կանգնած է եւ չի կրնար ցեղասպանութիւն գործած երկիր ըլլալ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էնսոնհապեր» կայքը:
«Գաղթականութեան հարցը ապահով լուծելը ամէնէն շատ արեւմտեան երկիրներուն օգուտ պիտի տայ: Թուրքիան առաջին երկիրը չէ, որ առերեսուած է գաղթականութեան հարցին: Սուրիայէն մեր երկիր գաղթած ոչ մէկ սուրիացի ետ ուղարկած ենք: Արամէացիները, քրիստոնեաները, հայերը ետ չենք ուղարկած: Արեւմուտքի մէջ այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութիւն եզրով որոշ քարոզչութիւն կը կատարուի: Այս ազգը երբեք ցեղասպանութիւն չէ գործած», յայտարարած է Էրտողան:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Էրտողան նշած է, թէ ներկայիս Թուրքիա կը գտնուին 3,6 միլիոն սուրիացի գաղթականներ, որոնց իր երկիրը չի պատրաստուիր տուն ուղարկել:
Ան Թուրքիա բնակող այլազգիներուն անդրադառնալով յիշատակած է նաեւ 100 հազար հայերը:
«Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրին շուրջ 100 հազար հայեր, որոնցմէ 40 հազարը Թուրքիոյ քաղաքացիներ են, մենք չենք պատրաստուիր արտաքսել նաեւ զանոնք», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:



