Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրենի Լեզուն` Անփոխարինելի

Փետրուար 21, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՇԱՂԻԿ ԿՈԿՈՆԵԱՆ-ՉԱՄԻՉԵԱՆ

Իրաւ քանի լեզու գիտես`
Այնքան մարդ ես` իրաւն ասին,
Բայց, որ քո հայ լեզուն չունես,
Էլ ի՞նչ յոյս ես քո Մասիսին
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՇԻՐԱԶ

Նոյեմբեր 1999-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ 21 փետրուարը հռչակուած է մայրենի լեզուի միջազգային օր` նպատակ ունենալով քաջալերել լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը:

Բազմաթիւ լեզուներ գիտնալն ու անոնց տիրապետելը հարստութիւն է անկասկած, բայց այդ մէկը նպատակ ունենալով` յաճախ մարդոց նախընտրութիւնը կ՛երթայ օտար լեզուին` կարծելով,  որ երբ օտար լեզուին կը տիրապետենք, աւելի փայլուն ապագայ մը կ՛ունենանք եւ` ուրիշ անհիմն պատճառաբանութիւններով:

Մինչդեռ չենք գիտեր, որ այդ մէկը ընելով` կը հեռանանք մեր նպատակէն, որովհետեւ փաստուած իրականութիւն է, որ երբ անձ մը լաւ գիտէ իր մայրենի լեզուն, աւելի դիւրութեամբ կ՛ընկալէ միւս լեզուները:

Առաջին հերթին ընդգծենք մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը երեխայի մը լեզուական հմտութիւններու զարգացման ընթացքին: Հոս ընտանիքն է, որ մեծ դեր պիտի խաղայ: Հետազօտութիւններ կը փաստեն, որ երեխան մօր արգանդին մէջ եղած ժամանակէն իսկ կը լսէ ու կ՛ընտելանայ մայրենի լեզուին:

Ծնունդէն առաջ հաստատուած այս կապը ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել ու ժխտել: Այս զգացական կապը, որ կը հաստատուի շատ փոքր տարիքին, հիմքն է խօսելու կարողութեան աճման:

Երբ մեր ծիները եւ մեր մայրերը մեզ կը պարգեւեն մայրենի լեզուն, ինչպէ՞ս կարելի է մերժել այդ իրաւունքը ու հակառակիլ բնութեան:

Երեխայ մը կարողութիւն ունի սորվելու տարբեր լեզուներ, զուգահեռ, եթէ իւրացուցած է մայրենի լեզուն: Արմատները, հիմքը պէտք է ըլլան ամուր: Անհրաժեշտ է, որ ան կարենայ զանազանել տարբեր լեզուները իրարմէ:

Այս մէկը առաջին փուլին կ՛ըլլայ, երբ երեխան տարբեր անհատներու կը վերագրէ տարբեր լեզուներ: Ան դիւրութեամբ եւ շատ փոքր տարիքէն կը գիտակցի, որ մայրը, դրացին եւ ֆրանսերէնի ուսուցիչը կը խօսին տարբեր լեզուներ: Ան կը սկսի հասկնալ ու ժամանակի ընթացքին խօսիլ այդ տարբեր լեզուները` մայրենի լեզուն պահելով հիմնական հաղորդակցութեան միջոց:

Բայց եթէ յանկարծ որոշենք գործածել օտար լեզու մը, երեխային մէջ կը ստեղծուի շփոթ ու յաճախ նաեւ` լեզուական կարողութիւններու ուշացում: Աւելի վատ պիտի ըլլայ, երբ նոյն նախադասութեան մէջ գործածենք տարբեր լեզուներու պատկանող բառեր: Ինչո՞ւ պատժենք երեխան եւ թոյլ չտանք, որ բնականոն ձեւով դիմագրաւէ աճման փուլերը:

Բնաւ չենք ըսեր, որ երեխան պէտք է լսէ ու սորվի միայն մէկ լեզու: Ընդհակառա՛կը, բազմալեզու անձ ըլլալը խիստ քաջալերելի երեւոյթ է, երբ այդ մէկը կ՛իրականացնենք ճիշդ ձեւով եւ ոչ` ի վնաս մայրենի լեզուին:

Երկրորդ փուլին երեխան պիտի յաճախէ դպրոց, յուսալով` հայկական վարժարան: Մայրենի լեզուին կարեւորութիւնը դպրոցին մէջ անհերքելի է: Երբ դպրոցին մէջ գործածուած լեզուն տարբեր է աշակերտին խօսած լեզուէն, ձախողութեան վտանգն ու համեմատութիւնը աւելի բարձր են:

Երբ օտար լեզուով կը դասաւանդենք, մանաւանդ` սկզբնական տարիներուն, աշակերտը կը դնենք յաւելեալ դժուարութեան առջեւ: Ան տակաւին չի տիրապետեր օտար լեզուին (շեշտը դնելով տակաւին բառին վրայ): Ան կը մտածէ, կը վերլուծէ, կը զգայ իր մայրենի լեզուով: Երբ օտար լեզուով կը փոխանցենք անոր նոր տեղեկութիւններ, կը բացատրենք օրէնքներ, հաւանական է, որ ան չկարենայ իւրացնել իրմէ ակնկալուած բոլոր հմտութիւնները, որովհետեւ իր ջանքը եւ կեդրոնացումը պիտի բաժնէ երկուքի, նախ պիտի հասկնայ ու ապա տիրապետէ տեղեկութեան:

Բնական է, որ զուգահեռ մայրենի լեզուի դասաւանդման եւ գիտական ու թուաբանական գիտելիքներու փոխանցման` մեծ աշխատանք պիտի տարուի նաեւ օտար երկու, երեք լեզուներու ամրապնդման նպատակով: Այս ձեւով աշակերտը տարիներու ընթացքին պիտի սորվի գրել-կարդալ ու արտայայտուիլ տարբեր լեզուներով եւ միեւնոյն ժամանակ ուսումնական ծրագիրը ամբողջութեամբ ընկալէ:

Մայրենի լեզուն մեծ դեր կը խաղայ նաեւ անհատի մը հոգեկան աշխարհի կերտման եւ անոր անհատականութեան կազմաւորման մէջ: Մայրենի լեզուն է, որ առիթը պիտի ընծայէ անհատի մը, որ լաւ ձեւով զարգացնէ, հաստատէ ու կատարելագործէ իր ինքնութիւնն ու նկարագիրը:

Կարելի չէ իրարմէ բաժնել լեզուն ու միտքը: Երբ երեխան կը սկսի խօսիլ, ան միաժամանակ կը սկսի մտածել: Լեզուն միայն ձայն, գիր կամ բառ չէ: Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլ նաեւ միջոց է, որ մեզի կ՛արտօնէ բանաձեւել մեր միտքն ու գաղափարները:

Իւրաքանչիւր լեզու ունի իր յատկութիւնները, մեր ամբողջ էութիւնը հիմնուած է մայրենի լեզուին վրայ, ահա թէ ինչո՛ւ երբ կը փոխարինենք զայն օտար լեզուով, կը տկարացնենք այդ անհատին արմատները:

Ուրեմն աւելցնենք օտար լեզուն կամ լեզուները` մայրենի լեզուի կողքին, բայց անոնց հետ չփոխարինենք մեր սրտի ու մտքի լեզուն:

Իբրեւ սփիւռքի մէջ ապրող հայեր, մեր պարտականութիւնը շատ աւելի մեծ ու կարեւոր է պահպանելու համար մեր լեզուն: Տարուած մեր առօրեայով` չենք անդրադառնար պատասխանատուութեան չափին, որ մեզմէ ամէն մէկը անգիտակցաբար կը շալկէ իր ուսերուն վրայ: Անտարբերութեամբ չմօտենանք հարցին եւ կամ սխալ որոշումներով ու հակումներու հետեւելով` չվտանգենք մեր լեզուին ապագան:

Չխլենք ապագայ սերունդին իրաւունքը` խօսելու իրենց մայրենի լեզուն: Եթէ առիթ տանք այս սխալ մտածելակերպի տարածման` մայրենի լեզուի կապակցութեամբ, հետեւանքները կրնան ըլլալ անշրջելի:

Միայն ազգային հոգիով ու մօտեցումով չէ, որ կը դիտենք մայրենի լեզուի կարեւորութեան հարցը, նոյնիսկ եթէ այդ մէկն է, որ մեզ կը մղէ գրելու այս տողերը, այլ` հիմնուելով գիտական փաստերու եւ ուսումնասիրութիւններու վրայ: Գիտակցինք մայրենի լեզուներու կարեւորութեան, որ հայուն համար հայերէնն է, նոյնիսկ եթէ կ՛ապրի սփիւռքի մէջ:

Մայրենի լեզուն հիմնական է նորածին մանուկի կեանքի առաջին օրերէն իսկ կ՛ընկերակցի անոր դպրոցական տարիներուն եւ մաս կը կազմէ անհատի մը ինքնութեան եւ կ՛ուղեկցի անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին:

Հայերէնին ապահովենք իրեն արժանի տեղը մեր կեանքին մէջ ու ապա սորվինք այնքան լեզուներ, որքան որ կը փափաքինք, մօտէն ճանչնանք, սիրենք տարբեր մշակոյթներ, ըլլանք լայնամիտ ու գիտելիքներով հարուստ հայեր:

Սիրենք նախ մերինը, ապա` ուրիշինը:

 

 

Նախորդը

Խոհեր` Մայրենի Լեզուի Օրուան Առիթով. Երբ Կ՛ամչնանք Հայերէն Խօսելէ (21 Փետրուար)

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?