Սուրիոյ տեղական ինքնակառավարման նախարար Հիւսէյն Մախլուֆ երէկ Դամասկոսի մէջ տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սուրիացի տեղահանուածներուն եւ ընդհանուր զարգացումներուն վերաբերող հարցերը: Համաձայնութիւն ձեռք բերուեցաւ շարունակելու տեղահանուածներու թղթածրարին հետապնդումը եւ դիւրացնելու անոնց վերադարձը դէպի Սուրիա:
Տեղահանուածներու հարցերու պետական նախարար Սալեհ Ղարիպ շեշտեց կարեւորութիւնը համագործակցելու սուրիական կողմին հետ` տեղահանուածներու թղթածրարին վերաբերեալ: Ան ընդգծեց, որ սուրիական կառավարութիւնը կատարեց անհրաժեշտ քայլերը եւ պատրաստութիւնները` ընդունելու սուրիացիները: Ան աւելցուց, որ արդէն իսկ անոնցմէ մաս մը վերադարձած է:
Նախարարը շեշտեց իր պատրաստակամութիւնը աշխատելու բոլոր պատասխանատուներուն հետ, որպէսզի երաշխաւորուի սուրիացի տեղահանուածներուն վերադարձը, ինչ որ կ՛ապահովէ լիբանանեան պետութեան շահերը:
Իր կարգին, նախարար Մախլուֆ նշեց, որ իրենք կ՛աշխատին իրագործելու նախագահ Պաշշար Ասատի ցուցմունքները: Ըստ անոր, նախագահ Ասատ կոչ ուղղած է բոլորին վերադառնալու իրենց հայրենիքը` տրուած ըլլալով, որ հայրենիքը բոլորին է եւ կարիքը ունի իր բոլոր զաւակներուն: Սուրիացիներուն վերադարձը չքաջալերողն է, որ աջակցած էր ահաբեկչութեան եւ պատճառ դարձած տեղահանութեան: Նախարարը աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ պատահածը մեծ դաւադրութիւն է, որ ունի յստակ ծրագիր` մշակուած ահաբեկչութեան եւ տեղահանութեան աջակցող երկիրներուն կողմէ:



