Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղտնի Ձայնագրութիւններու Ճամբով Բացայայտուեցաւ Սուրիոյ Տարածքին Թուրքիոյ` Ահաբեկիչներուն Աջակցութիւնը

February 19, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թուրք լրագրող Ապտուլլահ Պոզքուրթ Սթոքհոլմի Ազատութեան կեդրոնի հետաքննական կայքին վրայ տեղադրած է իր բացայայտումը` ըսելով. «Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գաղտնի աղբիւրներէ ստացուած հարիւրաւոր հեռաձայնային գաղտնի լսումներու ձայնագրութիւնները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի իսլամական կառավարութիւնը թոյլ տուած է, նոյնիսկ դիւրացուցած`  օտարերկրեայ եւ թուրք զինեալներու տեղաշարժը Թուրքիոյ սահմանէն դէպի Սուրիա` ՏԱՀԵՇ-ի ժիհատականներուն հետ կողք-կողքի կռուելու համար»:

Պոզքուրթի բացայայտած այս գաղտնի փաստերը «ցոյց կու տան, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ թրքական ապահովութեան ծառայութեան պաշտօնեաներու միջեւ գոյութիւն ունեցող ծածուկ համաձայնութիւնը թոյլ տուած է մաքսանենգներու` ազատօրէն գործելու թուրք-սուրիական 822 քիլոմեթրնոց անապահով սահմանի երկու կողմերուն վրայ` առանց Էրտողանի կառավարութեան կողմէ հետեւանքներու: Համաձայնագիրը նաեւ թոյլ տուած է ՏԱՀԵՇ-ի` մատակարարման գիծեր անցընելու սահմանի երկայնքով եւ վիրաւոր զինեալներու բուժման նպատակով զանոնք ետ տեղափոխելու Թուրքիա»:

ՏԱՀԵՇ-ի այս չարամիտ, մաքսանենգ գործողութեան ղեկին Իլհամի Պալին է, ծնունդով սէուտցի 36-ամեայ թուրք մը, Ապու Պաքր ծածկանունով: Ան նպաստած եւ կազմակերպած է «մեծ թիւով օտարերկրեայ եւ տեղացի զինեալներու շարժումը թուրք-սուրիական սահմանի երկայնքով…: Պալի նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի համար ապրանքներ փոխադրած է սահմանէն` կօշիկ-հագուստէն սկսեալ մինչեւ ձեռնաշղթաներ, անօդաչու թռչող սարքերու մասեր, հեռադիտակներ, վրաններ, լուսարձակներ եւ նոյնիսկ նաւակներ: Աւելի՛ն. գաղտնի լսումները ցոյց կու տան, որ թրքական կառավարութիւնը գիտէր անունները եւ գտնուած վայրերը 33 թուրք քաղաքացիներուն, որոնք խոստացած էին իբրեւ վարորդ աշխատիլ ՏԱՀԵՇ-ի մաքսանենգութեան ցանցին մէջ», կը տեղեկացնէ Պոզքուրթ:

Թուրք դատախազներու պաշտօնական մեղադրանքներուն համաձայն, «Պալի կը մեղադրուի 2015-ին Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ մահացու երեք ահաբեկչական գործողութիւններ կազմակերպած ըլլալու յանցանքով. գործողութիւններ, որոնք խլեցին 142 անձի կեանք: Մէկ տարի ետք քրէական դատարանը Պալին ձերբակալելու մէկ հրահանգ եւս տուաւ. կասկած կայ, որ ան Անգարայի մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական ահաբեկչութեան մէջ ունեցած է դերակատարութիւն. ոճիրը, որ տեղի ունեցաւ 10 հոկտեմբեր 2015-ին, ամէնէն մահացուն էր Թուրքիոյ պատմութեան մէջ: Պայթումին իբրեւ հետեւանք` զոհուեցան 105 խաղաղ բնակիչներ, ներառեալ` երկու անձնասպան ահաբեկիչներ. ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հարուածը ուղղուած էր հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ձախակողմեան ու քրտամէտ կուսակցութիւններու կողմնակիցներուն, որոնք խաղաղ ցոյց կ՛իրականացնէին քաղաքի երկաթուղային գլխաւոր կայարանին մօտ` 1 նոյեմբեր 2015-ի արտահերթ ընտրութիւններէն քանի մը շաբաթ առաջ», կը պատմէ Պոզքուրթ: Թէեւ թրքական իշխանութիւնները գիտէին Պալիին ճշգրիտ տեղը, եւ թրքական դատարանները զայն ձերբակալելու քանի մը հրահանգներ տուած էին, սակայն Էրտողանի կառավարութիւնը թոյլ տուաւ, որ ան ազատօրէն տեղափոխուի Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ:

Հեռաձայնային գաղտնի լսումները նաեւ ցոյց տուին, որ ՏԱՀԵՇ «տաք» գիծ ունեցած է Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ ահաբեկիչներուն միջեւ: Պալին վերահսկած է հեռաձայնային զրոյցները եւ կազմակերպած` զինեալներու փոխադրումը Թուրքիայէն դէպի Սուրիա: Ձայնագրութիւններէն մէկուն մէջ, վրացի զինեալ մը` Լաշա Նատիրաշվիլի, ըսած է Պալիին, որ չորս ժիհատականներ կը սպասեն Այնթապի առեւտուրի կեդրոնին մէջ ուրկէ մինչեւ սուրիական սահման մէկ ժամուան ինքնաշարժի ճամբայ է: Պալին տեղեակ պահած է ժիհատականները նշանակուած հանդիպման վայրին մասին, ուրկէ պիտի առնէ զանոնք եւ օգնէ իրենց սահմանը անցնելու: Մէկ ուրիշ ձայնագրութեան մէջ ռուս ժիհատական Ալեքսանտր Պուշչուքը ըսած է Պալիին, որ Այնթապի մէջ 11 հոգի կը սպասէ, որպէսզի զիրենք վերցնեն:

Գաղտնի ձայնագրութեամբ նաեւ լսած են, թէ ինչպէ՛ս Պալին կը զեկուցէ ՏԱՀԵՇ-ի` ժիհատականներու թիւին մասին, որոնց օգնած է մաքսանենգ  ճանապարհով Սուրիա մտնելու: «Ըստ հեռաձայնային զրոյցներու գաղտնի լսումներուն, միջին հաշուով, մէկ օրուան մէջ ՏԱՀԵՇ-ը մէկ անցակէտէ մաքսանենգութեամբ թուրք-սուրիական սահմանէն անցուցած է 50-էն մինչեւ 100 զինեալներ, բան մը, որ ամէնէն համեստ հաշիւներով կը կազմէ տարեկան առաւել քան 15 հազար զինեալ», կը գրէ Պոզքուրթ:

Ըստ Պալիի, ժիհատականներուն տրամադրած մէկ այլ կարեւոր ծառայութիւնը անոնց բուժումն էր Անգարայի Տանիշմանլիք (M.I.S. Danismanlik) հիւանդանոցին մէջ: Պալիի եւ Տանիշմանլիքի սեփականատէր Սաւաս Տողրուի հեռաձայնային խօսակցութեան գաղտնի լսումէն պարզուած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի 16 զինեալներու բուժման համար վճարուած է 62 հազար տոլար: Մէկ այլ խօսակցութեան ընթացքին Տողրու բողոքած է Սուրիայէն մաքսանենգ ճանապարհով տեղափոխուած ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչներու վիրահատութիւններուն համար չվճարուած 150 հազար տոլարի հաշիւներուն վերաբերեալ:

Գաղտնի լսումներով կը մեղադրուի նաեւ Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութիւնը (MIT)` տեղական ոստիկանութենէն խուսափելու համար, ժիհատականներուն օգնելու յանցանքով: Այս կազմակերպութեան ղեկավար Հաքան Ֆիտանը նախագահ Էրտողանի մտերիմ, վստահելի անձ է: 2014-ին Թուրքիոյ Ազգային հետախուզութեան կազմակերպութեան պաշտօնեաները բռնուած էին սահմանին վրայ` զէնքերով բարձուած մաքսանենգուած բեռնատարներով, որոնք նախատեսուած էին Սուրիոյ ժիհատականներուն յանձնել: Թուրքիոյ կառավարութիւնը շատ արագ ազատ արձակեց տուեալ կազմակերպութեան պաշտօնեաները եւ դաւաճանութեան մէջ մեղադրեց մաքսանենգուած զէնքերը բացայայտած լրագրողը:

Պալիի եւ թուրք զինուորին խօսակցութեան ձայնագրութեան մէջ Պալիին ըսած են, որ ան կը ստանայ այն, ինչ որ իրեն անհրաժեշտ է: Երկու կողմերը համաձայնած են, որ ՏԱՀԵՇ-ի եւ թրքական անվտանգութեան պաշտօնեաներու միջեւ որեւէ առճակատում չկայ:

Հետաքրքրական է, որ այդ օրերու վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու հեռատեսիլով յայտարարած էր, որ կառավարութիւնը չէր կրնար ձերբակալել անձնասպան ահաբեկիչները մինչեւ գործողութիւնը, հակառակ անոր որ Թուրքիա նախապէս զգուշացուած էր եւ ունէր հաւանական անձնասպան ահաբեկիչներու անուններու ցանկը: Այս անձնասպանութիւններով ուղեկցուած պայթումները, փաստօրէն, բարձրացուցին Էրտողանի իշխող կուսակցութեան վարկանիշը նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունենալիք Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախաշեմին…

Այնուհետեւ, Պոզքուրթը յայտարարած էր, որ լուրջ հարցեր կան «ՏԱՀԵՇ-ի, Քայիտայի եւ այլ զինուած ժիհատական խումբերու դատական գործերուն վերաբերեալ, որոնք կը հետաքննուին, կը հետապնդուին եւ կը դատուին Թուրքիոյ մէջ: ՏԱՀԵՇ-ի գործով զարմանալիօրէն սակաւաթիւ մեղադրականները ցոյց կու տան, թէ ինչպէ՛ս թրքական կառավարութիւնը չ՛ուզեր յաջողութեամբ վարել ՏԱՀԵՇ-ի դատական գործերը»:

Պոզքուրթը ճիշդ ձեւով կը նշէ, որ Էրտողանի կառավարութիւնը կ՛օգտագործէ ամէնէն խիստ միջոցները` անմեղ լրագրողները, իրաւապաշտպանները, դասախօսները, քաղաքական ընդդիմադիրները ձերբակալելու համար, սակայն շատ մեղմ կը վարուի իրական ահաբեկիչներուն հետ. «Այն փաստը, որ շատ մը պարագաներու ՏԱՀԵՇ-ի եւ Քայիտայի ձերբակալուած անդամները ազատ կ՛արձակեն պարզ ապտակով մը, կարելի է բացատրել միայն քաղաքական քողարկումով եւ կառավարութեան կողմէ տրամադրուած պաշտպանութեամբ»:

Կը կարծեմ, որ եւրոպական երկիրները եւ Միացեալ Նահանգները պէտք է խիստ միջոցներու դիմեն` Էրտողանի կողմէ Սուրիոյ մէջ ահաբեկիչներու աջակցութիւնը սահմանափակելու համար: Տարօրինակ է, որ Թուրքիա, իբրեւ ՕԹԱՆ-ի անդամ, կը զօրակցի ահաբեկիչներուն եւ կը զինէ զանոնք, հակառակ անոր որ անոնք սպանութիւններ կ՛իրականացնեն ՕԹԱՆ-ի անդամ շարք մը երկիրներու մէջ: Պէտք չէ թոյլ տալ, որ այս իրականութիւնը շարունակուի: Նախագահ Թրամփի յայտարարութիւնը` Սուրիայէն ամերիկեան ուժերու հեռացումը այն պատճառաբանութեամբ, որ թրքական զինուած ուժերը կը շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը, վտանգաւոր որոշում է, այն իմաստով, որ թոյլտուութիւն կու տայ Թուրքիոյ` հզօրացնելու ահաբեկիչները Սուրիոյ մէջ եւ այլուր:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Թուրքիոյ Եւ Չինաստանի Միջեւ Վէրքը Կը Խորանայ

Յաջորդը

Նշմար. «Քեզ Պիտի Ուտեմ…»

RelatedPosts

Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.