Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի (քառորդ աւարտական) մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Նուհատ Նաուֆալ» մարզահամալիրին մէջ (Զուք Միքայէլ) տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Անդրանիկ Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս 80-53 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելէ ետք ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 23-8, 19-22, 21-15 եւ 17-8:



