Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ 16 փետրուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Սուրի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրը եղաւ Ահլի Սայտային:
Մրցումը աւարտեցաւ Ահլի Սայտայի յաղթանակով` 3-1 արդիւնքով:
Ահլի Սայտայի կոլերը նշանակեցին Տիգրան Վարդան (2-րդ վայրկեանին` սխալմամբ իր բերդին մէջ), Ատումա (45-րդ) եւ Մազեն Ժամալ (50-
րդ)` իսկ ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց Ճոնի Քոնճեան (35-րդ` փենալթիով):
Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ ունեցաւ բաւական լաւ խաղարկութիւն եւ կորսնցուց կոլ նշանակելու լաւ առիթներ:
Խումբին կրած այս պարտութիւնը երբեք պէտք չէ իր վատ անդրադարձը ունենայ անոր վրայ: Յաղթանակներու շարքը պէտք է շարունակոււի:
Օրուան իրաւարարներն էին Մոհամետ Հատտատ (կեդրոն), Մահմուտ Ռամատան, Ահմետ Հիւսէյնի (կողմի) եւ Ահմետ Տամաժ (չորրորդ իրաւարար):
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պըրժ Սաֆայի դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Մապարրայի դէմ:
 
			

