Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԸՆԴԳԾԵԼԷ ԵՏՔ, ՈՐ ՏԱԳՆԱՊԻ ԼՈՒԾՈՒՄԸ ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ «ՍՈՒՐԻԱ – ԻՐԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՆՑ ԴԷՄ ՄԵԾ ԴԱՒ ՄԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ» Կ՛ԸՍԷ ՇԱՐԵՀ

December 13, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ռիտա Ռաուֆ Շիպանիի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ ներկայիս Սուրիա-Իրան յարաբերութեանց դէմ մեծ դաւ մը գոյութիւն ունի` շեշտելով, որ Դամասկոս ճնշումներու առջեւ երբեք պիտի չզիջի:

Իրանեան աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Շարեհ Սուրիոյ զարգացումներուն նկատմամբ իր կեցուածքին համար իրաքեան կառավարութեան շնորհակալութիւն յայտնեց` նշելով, որ անհրաժեշտ է ամրապնդել Իրաքի հետ յարաբերութիւնները:

Ան ընդգծեց, որ «տագնապի լուծումը պէտք է սուրիական ըլլայ` իշխանութեան եւ արտաքին միջամտութիւնը մերժող ու Սուրիոյ ազգային շահերը ամէն բանէ վեր դասող ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեան ճամբով»:

Աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Իրանի դեսպանը նաեւ հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ասատի խորհրդական Պուսայնա Շաապանի հետ, որ նշեց, թէ շրջանին մէջ ճակատումը դիմադրութեան ճակատին եւ անոր թշնամիներուն միջեւ է:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յայտնեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին պիտի գումարեն ժողով մը` քննարկելու համար Սուրիա դէտեր ուղարկելու արձանագրութեան ստորագրութեան վերաբերեալ սուրիական պայմանաւորեալ պատասխանը: Պատասխանելով Պաղտատ կատարած իր այցելութեան ընթացքին Սուրիոյ եւ Արաբական լիկայի միջեւ իրաքեան միջնորդութեան մը մասին հարցումի մը` ան ըսաւ, որ «Իրաք տագնապը չլուծեց»` նշելով, որ նախագահներ եւ վարչապետներ տագնապի լուծման համար ջանք կը թափեն, սակայն աւելցուց, որ «չեմ կրնար ըսել, որ երկիր մը սուրիական տագնապը լուծել պիտի կարենայ»:

Դիւանագիտական աղբիւրներ սուրիական «Ուաթան» օրաթերթին յայտնեցին, որ Իրաքի վարչապետ Նուրի Մալեքի Արապիէն պահանջած է, որ Իրաք վերահսկէ Սուրիոյ եւ Արաբական լիկային միջեւ արձանագրութեան ստորագրութեան հարցի լուծման փնտռտուքի ջանքերուն: Ըստ աղբիւրներուն, ան դժգոհութիւն յայտնած է Արաբական լիկային եւ արաբ նախարարներու յանձնախումբին Սուրիոյ նկատմամբ դրսեւորած վարուելակերպէն` պահանջելով, որ Դամասկոսի հետ երկխօսութեան երկրորդ առիթ տրուի:

Աղբիւրները նաեւ կը նշեն, որ Իրաք դժգոհ է «Արաբական լիկայի ժողովներուն մէջ Թուրքիոյ գերիշխող ներկայութենէն»` ընդգծելով, որ այդ դժգոհութիւնը «արաբական-շրջանային է եւ ոչ թէ միայն իրաքեան»:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի նախագահ Պուրհան Ղալիուն անցեալ շաբաթ Ժընեւի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին Սուրիոյ մէջ միջազգային զինուորական միջամտութեան մը եւ անոր պարունակութեան մասին սուրիական ընդդիմութեան պատկերացումը ներկայացուցած է:

Ուաշինկթընի բարձրաստիճան աղբիւրներ «Ռայ»-ին յայտնած են, որ պաշտպանութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ամերիկացի պաշտօնատարները հաւնած են հինգ էջերէ բաղկացած պատկերացումի մանրամասնութիւնները: Քլինթըն Սուրիոյ Ազգային խորհուրդի անդամներուն փափաք յայտնած է, որ վարչակարգի տապալման եւ ժողովրդավարութեան հաստատման իրենց պատկերացումին մանրամասնութիւնները նաեւ ներկայացնեն  աշխարհի մէջ գտնուող բոլոր բարեկամներուն:

Ղալիուն գերմանական «Տեր Շփիկըլ» պարբերաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ «սուրիական ընդդիմութիւնը կ՛ուզէ պետութեան կառոյցները պահել` Իրաքի սխալները չկրկնելու համար»: Ան վստահեցուց, որ ընդդիմութիւնը այլեւս վարչակարգին հետ բանակցելու պատրաստ չէ, «սակայն պատրաստ է ոչ թէ վարչակարգը, այլ կառոյցները ներկայացնող քաղաքային եւ զինուորական իշխանութիւններուն հետ խօսելու»: Ան նշեց, որ «Սուրիոյ տագնապի լուծման համար դիւանագիտական բոլոր միջոցները տակաւին չսպառեցինք»:

Իսրայէլացի փոխնախարար Այուպ Քարա յայտարարեց, որ «Իսրայէլ պէտք է միանայ Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրող արեւմտեան երկիրներուն` նախ եւ առաջ Ֆրանսային»: Ան նշեց, որ այդ գաղափարը փոխանցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի, որ նշած է, որ անհրաժեշտ է այդ հարցը մանրամասն քննարկել:

Քարա ըսաւ, որ «պէտք չէ անտեսել յայտարարութիւնները սուրիական ընդդիմութեան ղեկավարներուն, որոնք ըսին, թէ Պաշշար Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք Սուրիա Իրանի հետ իր յարաբերութիւնները պիտի խզէ եւ աշխատանք պիտի տանի Կոլանի բարձունքներուն միայն բանակցութեան ճամբով վերատիրանալու»:

Նշենք, որ երէկ Սուրիոյ տարածքին տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններ տեղի ունեցան:

 

 

Նախորդը

ԻՍՐԱՅԷԼ ԼԻՊԻՈՅ ՄԷՋ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՊԻՏԻ ԲԱՆԱՅ

Յաջորդը

ԻՐԱՆ ԴԱՐՁԵԱԼ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ՈՐԵՒԷ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄԻ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼՈՒ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ

RelatedPosts

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ  Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու  Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Քոպախիծէ. «Մեր Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնումին Առաջ Ռուսիոյ Հետ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Վերականգնում Պիտի Չըլլայ»

November 28, 2026
Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը  Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ  Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»
Միջազգային

Քոփիրքին. «Ռուսիան Ու Չինաստանը Կ՛աջակցին Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Ու Կայունութեան»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։