Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Մէջ Քաղաքականութեամբ Պէտք Չէ Զբաղիլ Այլեւս, Այլ` Գործել Ի Խնդիր Տնտեսական Մարզի Բարգաւաճման» Շեշտեց Ա. Մաթոսեան

February 18, 2019
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Ալեքսանտր Մաթոսեան «Էն. Պի. Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ նորակազմ կառավարութեան, անոր մշակած աշխատանքային ծրագիրին եւ կառավարութեան կողմէ կատարուելիք աշխատանքին:

Ա. Մաթոսեան յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ իր աշխատանքային ծրագիրը մեծ արագութեամբ մշակելը յոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ:

«Լիբանանցին արդիւնք կ՛ուզէ տեսնել, իսկ կառավարութեան կազմը յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ նոր եւ ատակ նախարարներ կան: Պէտք է նաեւ ընդունիլ, որ կառավարութիւնը առանձինն չի կրնար աշխատանք յաջողցնել, այլ` կարիքը ունի խորհրդարանին հետ գործակցելու, հետեւաբար ժամանակն է արդէն միասնաբար գործակցելու», ըսաւ ան:

Ա. Մաթոսեան հաստատեց, որ պէտք է քննադատութիւնները լսել եւ փոխադարձ գործակցութեամբ, երկխօսութեամբ ու խորհրդակցութեամբ լուծել երկրին հարցերը` տապալելով խոչընդոտումի բոլոր փորձերը:

«Լիբանանի մէջ քաղաքականութեամբ պէտք չէ զբաղիլ այլեւս, այլ` տնտեսութեամբ, եւ աշխատիլ տնտեսական մարզի բարգաւաճման ի խնդիր», շեշտեց ան:

Ա. Մաթոսեան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումը կարեւոր է, «եւ լաւ է, որ լիբանանցին իր նկարագիրով լաւատես է, հետեւաբար համոզուած եմ, որ փտածութեան դէմ պայքարը պիտի իրականացուի: Մենք ստիպուած ենք փտածութեան դէմ պայքարիլ: Ողջունելի է այն իրականութիւնը, որ աշխատելու մասին քաղաքական որոշում տրուած է, իսկ «Սետր»-ի եւ «Մըքքենզի»-ի շրջագիծին մէջ գործելը կարեւոր է», ըսաւ Ա. Մաթոսեան:

Անդրադառնալով առողջապահական քարտի դրութեան` Ա. Մաթոսեան ընդգծեց, որ առողջապահութեան մարզը պէտք է դարձեալ առաջնահերթութիւն ըլլայ` աւելցնելով, որ առողջապահական քարտը պատրաստելու համար բոլոր նախարարութիւններուն միջեւ պէտք է գործակցութիւն ըլլայ: «Անկարելի է, որ քաղաքացիին տուրքեր պարտադրենք, եւ ան իր վճարած տուրքերէն ոչինչով օգտուի», ըսաւ ան:

Տնտեսութեան մարզին անդրադառնալով, Ա. Մաթոսեան հաստատեց ներդրումներու կարեւորութիւնը: «Լիբանանի պետութիւնը պէտք է ապահովութեան երաշխիք տայ ներդրողներուն, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին մէջ: Լիբանանը պէտք է ինքնաբաւ ըլլայ եւ օտար երկիրներու արտադրութիւնները ներածելու փոխարէն, պէտք է լիբանանեան արտադրութիւնները արտածէ», յայտնեց ան:

Լիբանանի դիմագրաւած աղբի տագնապին լուծման մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Մաթոսեան ըսաւ. «Ճիշդ է, որ աղբի հրկիզման սարքերը ընտրանքներէն մէկը կը նկատուին, սակայն այսօր կայ աւելի առողջարար եւ զերօ ապականում պատճառող նոր մեթոտ մը` մանրացումը, որուն գործադրութիւնը հրկիզման սարքերուն համար ճշդուած գումարին մէկ երրորդն է եւ աւելի լաւ ձեւ է: Նկատի ունենալով, որ աղբի հրկիզման սարքերուն ծրագիրը տակաւին չէ գործադրուած, կարելի է փոխել այդ ծրագիրը եւ հիմնուիլ աղբի մանրացումի ծրագիրին վրայ, որովհետեւ Եւրոպա կ՛ուղղուի դէպի աղբի հրկիզման վայրերու փակում` նուազեցնելու համար անոնց պատճառած ապականումը»:

Ելեկտրականութեան տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ա. Մաթոսեան ըսաւ, թէ այդ տագնապին լուծումը շատ պարզ է եւ դիւրին, սակայն քաղաքական որոշումի կարիք ունի: «Քաղաքական այդ որոշումին հիման վրայ է, որ պիտի ընդգծուի, թէ Լիբանանն ու լիբանանեան պետութիւնը պիտի ըլլան շահեր ապահովողները եւ ոչ թէ կարգ մը անհատներ: Լիբանանը եւ լիբանանցին յաւելեալ տագնապներ չեն հանդուրժեր: Մենք տեսակարար ոստումի կարիք ունինք», եզրափակեց Ա. Մաթոսեան:

 

Նախորդը

Պէյրութի Միջազգային Օդակայանի Մատրան Մէջ Գիշերելու Երեւոյթին Խիստ Դատապարտում

Յաջորդը

Նաքուրայի Մէջ. Զինուորական Եռակողմանի Հանդիպում` Նախագահութեամբ Զօր. Տել Քոլի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.