Մարոնի համայնքի ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն խստիւ դատապարտեց Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ գտնուող մատուռը իբրեւ պանդոկ օգտագործելու երեւոյթը` հաստատելով, որ անիկա ամօթալի արարք մըն է, որ կը վիրաւորէ հաւատացեալներուն զգացումները:
Խազեն ընդգծեց, որ մատուռը սրբավայր է եւ կարելի չէ զայն գիշերելու կամ հանգստանալու վայրի վերածել:
Ան ապահովական կառոյցներէն պահանջեց վերջ տալ այս արարքներուն եւ պահպանել Պէյրութի միջազգային օդակայանի սրբավայրերը` ըլլան անոնք քրիստոնէական թէ իսլամական:
Կաթողիկէ համայնքի տեղեկատուութեան կեդրոնը իր կարգին խստիւ դատապարտեց այդ երեւոյթը` ընդգծելով, որ այդ արարքը խիստ դատապարտելի է եւ հաւատացեալներուն համար վարկաբեկիչ:
Կեդրոնի նախագահ հայր Ապտօ Ապու Քասմ ընդգծեց, որ եկեղեցին աղօթավայր է եւ ոչ թէ պանդոկ:
Ան նշեց, թէ Պէյրութի միջազգային օդակայանի ապահովութեան հսկող կառոյցը հաստատած է, որ այդ հարցը արդէն իսկ լուծուած է:
Նշենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանի տնօրէնութիւնը ընդգծեց, որ այսուհետեւ հսկողութեան յաւելեալ միջոցառումներ պիտի կատարուին` այդ երեւոյթին առաջքը առնելու նպատակով:



