Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 14 փետրուարի նիստին հաստատած է կառավարութեան ծրագիրը: Կառավարութեան ծրագիրին թեր քուէարկեցին 82, դէմ` 37 պատգամաւորներ:
Նախապէս «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավարը յայտնած էր, որ իրենք դէմ պիտի քուէարկեն նախագիծին: «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Նայիրա Զոհրապեան նշած էր, թէ կողմ պիտի քուէարկեն, եթէ միայն իրենց ներկայացուցած առաջարկները ընդունուին:
12 փետրուարին տեղի ունեցած նիստին ընթացքին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ներկայացուց կառավարութեան 8 փետրուարին հաստատուած ծրագիրը:
13 փետրուարին տեղի ունեցած նիստին աւարտեցան վարչապետին ուղղուած պատգամաւորներու հարցումները, եւ սկսաւ ելոյթներու շրջանը, որմէ ետք քուէարկութեան դրուեցաւ կառավարութեան ծրագիրը:



