ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Դժուար շրջան մըն է, լեցուն` պատասխանատուութիւններով եւ հոգերով: Մի՛ բարդացնէք խնդիրները, այլ աշխատեցէք մեղմացնել մթնոլորտը: Պայմանները ձեր ցանկութեան հակառակ պիտի ըլլան:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Եթէ պէտք ըլլայ ձե՛ր առաջնահերթութիւնները փոխեցէք եւ մի՛ յամառիք: Կանուխ գացէք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր այցելութիւնները եւ պտոյտները պիտի շատնան: Հրաւէր մը պիտի ստանաք եւ պիտի մասնակցիք մեծ ժողովի մը: Աշխատեցէք ձեր դիրքը ամրապնդել ձեր գործին մէջ: Յաջողութիւն եւ հանգստութիւն պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Յաջողութեան մը առիթով տօնախմբութիւն պիտի կատարէք: Բախտով լեցուն շրջան մը պիտի ապրիք: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք, արժէքը գիտցէք ձեր ապրած իւրաքանչիւր վայրկեանին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Համարձակութեամբ եւ ինքնավստահ քննարկեցէք: պաշտպանեցէք ձեր դիրքը եւ տեսակէտը, բայց վիրաւորական խօսքեր մի՛ ուղղէք ձեր դիմացինին: Ընտանեկան եւ ընկերային հարցեր պիտի ունենաք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Նիւթական հարցերով պիտի զբաղիք: Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք եւ քննութիւն մը պիտի տաք: Իմաստուն ձեւով տնօրինեցէք ձեր դրամները, աւելորդ ծախսեր մի՛ ունենաք: Շահ մը պիտի ապահովէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Կրնաք տուեալները շրջել ի շահ ձեզի: Կարեւոր յանձնարարութիւն մը պիտի ստանաք եւ կատարէք: Ձեր առօրեային մէջ պէտք է փոփոխութիւններ մտցնէք: Նոր էջ մը ձեզ կը սպասէ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Գրաւի մի՛ դնէք ոչ մէկ արդիւնք: Որեւէ պայմանագիր մի՛ ստորագրէք, ո՛չ ալ` համաձայնագիր: Յուսախաբութեան շրջան մըն է: Նոր գործի մի՛ սկսիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Այս շրջանին պէտք է մասնագէտներուն կարծիքը առնէք, որպէսզի սխալի մէջ չիյնաք: Կարեւոր դեր պիտի խաղաք ձեր գործի զարգացման մէջ: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Իրապաշտ եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր լաւագոյնը տուէք, որպէսզի յաջողութեան հասնիք: Ընտանեկան եւ անձնական յոգնութիւններ պիտի ծագին, ձեզմէ կը խնդրուի ըլլալ պատասխանատուութեան գիտակից:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք ձեր գործին մէջ: Աճապարանքի մէջ էք, բայց գիտցէք, որ պէտք է ըլլաք հանդարտ ու տոկուն, որպէսզի հասնիք ձեր նպատակին:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Առիթ մի՛ տաք կասկածելու ձեր կարողութեան վրայ: Մանրամասնութիւններուն միշտ հետեւեցէք: Մասնագէտներուն կարծիքը հարցուցէք: Կառչած մի՛ մնաք ձեր կարծիքին: Մի՛ աճապարէք ձեր որոշումներուն մէջ:
