12 փետրուարին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցած է Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սավաս Անկելիտիսի առանձնազրոյցը Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանի հետ: Հայ-կիպրական բանակցութիւնները այնուհետեւ շարունակուած են ընդլայնուած կազմով` պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ:
Հանդիպումի ընթացքին ամփոփուած են զինուորական եւ ռազմական արհեստագիտութեան բնագաւառին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան նախորդ տարուան արդիւնքները եւ նախանշուած 2019-ի համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւնները:
Քննարկուած են նաեւ միջազգային եւ շրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր, Հայաստանի եւ Կիպրոսի մասնակցութեամբ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Հանդիպումի աւարտին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան եւ Կիպրոսի պաշտպանութեան նախարար Սավաս Անկելիտիսը ստորագրած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան միջեւ պաշտպանութեան մարզին մէջ երկկողմանի համագործակցութեան 2019-ի ծրագիրը:
Դաւիթ Տօնոյեան եւ Սավաս Անկելիտիս հանդէս եկած են նաեւ միացեալ մամլոյ ասուլիսով:
Կիպրոսի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սավաս Անկելիտիսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելութեան շրջագիծին մէջ 12 փետրուարին այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, յարգանքի տուրք մատուցած հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակին:



