Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրքական Դրօշակներ Լոս Անճելըսի Մէջ Կ՛անպատուեն Հայկական Երկու Վարժարաններ

Փետրուար 13, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Անցեալ շաբաթ, կէս գիշերին, ոտքէն գլուխ սեւազգեստ անյայտ անձ մը թրքական տասնեակ դրօշակներ կախած է Լոս Անճելըսի տարածքին մէջ գտնուող հայկական երկու դպրոցներու դարպասներուն վրայ:

Լուրը կայծակի արագութեամբ տարածուեցաւ հայկական համայնքին մէջ, քանի որ եղածը աննախադէպ իրադարձութիւն մըն էր: Հաշուի առնելով 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ետք հայերու եւ թուրքերու միջեւ գոյութիւն ունեցող վաղեմի թշնամանքը` բնական էր, որ հայերու եւ պետական պաշտօնեաներու մեծ մասը դրօշակներու միջադէպը վերագրէ մէկ կամ քանի մը թուրք անձերու` կատարուածը անուանելով ատելութեան հողի վրայ գործուած յանցագործութիւն:

Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան երկրորդական վարժարանի (Էնսինօ) եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի (Canoga Park) տնօրէնները հաղորդած են, որ դպրոցներու սահմաններուն տեղադրուած տեսախցիկները արձանագրած են սեւ հագուստով անձնաւորութիւն մը, որ թրքական դրօշակներ կախած է երկու վարժարաններու դարպասներուն, իսկ Ֆերահեան դպրոցի պարագային նաեւ ներսը` աստիճաններու բազրիքներուն վրայ:

Հայկական համայնքը շատ արագ արձագանգեց միջադէպին: Անյապաղ կազմակերպուեցաւ մամլոյ ասուլիս` Հայոց ցեղասպանութեան յանձնախումբին կողմէ, մասնակցութեամբ հայկական եւ ոչ հայկական լրատուական տասնեակ միջոցներու եւ քանի մը պատկերասփիւռի կայաններու, որոնք դրօշակի միջադէպը լուսաբանեցին իրենց երեկոյեան լուրերուն ընդմէջէն: Անոնք բոլորն ալ անդրադարձան օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութեան` իբրեւ հայկական վարժարաններու մէջ ատելութեան հողի վրայ իրականացուած նողկալի յանցագործութեան դրդապատճառ:

Աւելի քան մէկ տասնեակ պետական պաշտօնեաներ դատապարտեցին հայկական դպրոցներու վրայ յարձակումը.

– Քոնկրեսական Ֆրենք Փալոն,
– Քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ,
– Քոնկրեսական Պրետ Շըրմըն,
– Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինօ,
– Քալիֆորնիա նահանգի ծերակուտական Հենրի Սթըրն,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի անդամ Լորա Ֆրիտմըն,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի անդամ Ճեսի Կապրիէլ,
– Քալիֆորնիոյ նահանգային պալատի անդամ Ատրին Նազարեան (Ֆերահեան դպրոցի շրջանաւարտ),
– Լոս Անճելըսի շրջանային վարչութեան անդամ Քեթրին Պարկըր,
– Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի,
– Լոս Անճելըսի դատախազ Մայք Ֆէյէր,
– Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Պոպ Պլումընֆիլտ,
– Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Քորեց,
– Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան,
– Լոս Անճելըսի միացեալ դպրոցներու վարչութեան անդամ Սքաթ Շմերըլսըն,
– Լոս Անճելըսի միացեալ վարժարաններու վարչութեան ոստիկանութեան բաժանմունքը,
– Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքը:

Այս պաշտօնեաներէն մէկ քանին մասնակցեցան անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսին եւ խստօրէն դատապարտեցին դպրոցներու վրայ յարձակումը: Քոնկրեսական Շըրմըն կոչ ուղղեց ՀԴԲ-ին (FBI)` միջադէպը հետապնդել իբրեւ ատելութեան հիման վրայ եղած յանցագործութիւն: Լոս Անճելըսի քաղաքային խորհուրդի անդամ Փոլ Քորեցը միջադէպը բնութագրեց` «Համարժէք հրէական դպրոցներու վրայ նացիստական սվասթիքա դնելուն»:

Երկու դպրոցներու տնօրէնները աշակերտական հաւաքներ կազմակերպեցին` վստահեցնելով, որ բոլոր անհրաժեշտ նախազգուշական միջոցները ձեռնարկուած են աշակերտներու անվտանգութիւնը ապահովելու նպատակով: Ֆերահեան դպրոցի սաները երթ կազմակերպեցին դպրոցի մերձակայքը` բողոքելով թրքական բարբարոսութեան դէմ` ձեռքերնին բռնած հայոց եռագոյն դրօշակներ: Լոս Անճելըսի ոստիկանութեան բաժանմունքը աշխուժացուցած է իր գիշերապահութեան ծառայութիւնը տարածքի բոլոր հայկական վարժարաններուն մէջ` կանխելու համար նմանատիպ միջադէպերու կրկնութիւնը:

Հայաստանի Հանրապետութեան երկու նախարարութիւններ հանդէս եկան յայտարարութիւններով` դատապարտելով Լոս Անճելըսի հայկական դպրոցներու դէմ կատարուած յարձակումները: Կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ հայկական երկու դպրոցներուն մէջ թրքական դրօշակներ կախելը «մեծ ցնցում կը յառաջացնէ, քանի որ այս օրերուն ատելութեան այսպիսի դրսեւորումներ ուղղակի անընդունելի եւ անհասկնալի են քաղաքակիրթ աշխարհի համար»: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը եւս դատապարտեց ատելութեան հիմքով յանցագործութիւնը հայկական վարժարաններու դէմ` «որով մտադրած էին վարկաբեկել Հայոց ցեղասպանութիւնը»: Նախարարը իր համաձայնութիւնը արտայայտեց հայ համայնքին` ըսելով. «Խստօրէն կը դատապարտենք ատելութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անօրինութեան հողի վրայ իրականացուող բոլոր արարքները»:

Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան (նստավայրը` Քալիֆորնիոյ Կլենտէյլ քաղաք) եւս դատապարտեց երկու վարժարաններուն դէմ յարձակումը. «Հիւպատոսութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ հայկական կրթական հաստատութիւններու եւ Լոս Անճելըսի ամբողջ հայ համայնքին դէմ ուղղուած ատելութեան դրսեւորումները եւ այս հարցով սատար կը կանգնի լոսանճելըսահայ համայնքին դրսեւորած միասնական կեցուածքին»: Հայկական շարք մը կազմակերպութիւններ նոյնպէս դատապարտեցին այս յարձակումը: Աւելի՛ն. Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ասորական ամերիկեան միութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` բարբարոսութիւնը անուանելով «մոլեռանդութեան նողկալի գործողութիւն, որ  աշակերտներու եւ ամբողջ համայնքին մէջ վախի զգացում յառաջացնելու նպատակ կը հետապնդէ: Մեր երկու համայնքներուն համար թրքական դրօշակը աւելին է, քան` պարզ դրօշակ մը: Անիկա ճնշման եւ ցեղասպանութեան խորհրդանիշ է, միլիոնաւոր սպաննուածներու, իրենց ընտանիքներէն խլուած մանուկներու, մեր նախնիներու հալածանքի տարիներու խորհրդանիշ, ինչպէս նաեւ` մութ պատմութեան բացայայտ, համակարգուած ժխտման խորհրդանիշ, որ վէրքեր բացած է, եւ որոնք դեռ բաց են մինչեւ այսօր»:

Միւս կողմէ, Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութիւնը միջադէպը անուանած է «զրպարտութեան քարոզարշաւ` ընդդէմ Թուրքիոյ»: Հիւպատոսութիւնը նաեւ իր դիմատետրեան էջին վրայ տեղադրած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ Թուրք-ամերիկեան միութեան (ATASC) յայտարարութիւնը` պնդելով, որ` «Ամերիկայի թրքական համայնքը մասնակից չէ եղած Լոս Անճելըսի մէջ այսօր բեմադրուած, կանխամտածուած սադրանքին»: Բարբարոսութիւնը անուանելով «այսօր բեմադրուած, կանխամտածուած սադրանք»` ATASC անամօթաբար կ՛ենթադրէ, որ այս պիղծ գործողութիւնը հայերը իրականացուցած են իրենց սեփական վարժարաններուն դէմ…

Սա միեւնոյն անհիմն մեղադրանքն է, որ կատարուած է որոշ թուրքերու կողմէ` ընկերային ցանցերու մէջ. բան մը, որ աւելի եւս զայրացուցած է հայ համայնքը: Զարմանալի չէ, որ թրքական միութիւնը եւ թրքական հիւպատոսութիւնը կը ժխտեն թուրքերու մասնակցութիւնը այս միջադէպին: Ի վերջոյ, երբ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը ժխտէ 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութիւնը, ուրեմն եւ կրնայ դիւրութեամբ հերքել դրօշակին միջադէպը: Ո՛չ թրքական միութիւնը, ո՛չ ալ թրքական հիւպատոսութիւնը կրնային գիտնալ, թէ ոեւէ թուրք ներգրաւուա՞ծ է այս յարձակման մէջ, թէ՞ ոչ:

Լոս Անճելըսի հայկական համայնքային կազմակերպութիւնները, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութիւնը եւ Հայաստանի երկու նախարարները գործեցին շատ արագ եւ ըստ պատշաճի` դատապարտելով երկու հայկական դպրոցներու վրայ կատարուած յարձակումը: Տասնեակէ մը աւելի պետական պաշտօնեաներու զօրակցական ուղերձները համայնքը ներշնչած են այն վստահութեամբ, որ տեղական, նահանգային եւ դաշնակցային կառավարութիւնները, իրաւապահ մարմիններու աշխատակիցներու հետ համատեղ, լրջօրէն կը հետապնդեն բարբարոսութիւն գործող կասկածեալները: Նման զօրակցութիւն յոյս կը ներշնչէ` տեղական հայկական վարժարաններու մէջ հետագայ յարձակումները եւ անոնց սրումը կանխելու առումով: Այս հանգամանքներու բերումով, անխոհեմ եւ անտեղի կ՛ըլլայ հայերու կողմէ այս հարցը իրենց ձեռքով լուծելը` հակայարձակում գործելով թրքական թիրախներու դէմ: Բարեբախտաբար իրաւապահ մարմինները մասնագիտօրէն կը զբաղին այս միջադէպով: Անոնք կը հրապարակեն իրենց բացայայտումները, անմիջապէս որ պարզեն յանցագործներու ինքնութիւնը:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

 

Նախորդը

Արցախը Հայաստանի Անվտանգութեան Թիկունքն Է

Յաջորդը

Հայաստան-Սփիւռք Յարաբերութիւնների Հոլովոյթը

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?