ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանին վաստակաւոր ընկերներէն`
ԶՈՀՐԱՊ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆԻՆ
մահը:
—————————————
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԿՈՄԻՏԱՍ»
ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԿԱՄԻԼԱ ԵՐԿԱՆԵԱՆ-ՔԷՇԻՇԵԱՆԻ
«ԾԱՂԿԱԾ ՑԱՒ» գիրքի
ԳԻՆԵՁՕՆ
Տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ, 8 փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Ն. Փալանճեան» կեդրոնի «Վասպուրական» սրահին մէջ, Զոքաք Էլ Պլաթ:
ՀՐԱՒԷՐ
ԾԱՆՕԹ.- Կառատունը ապահովուած է:
—————————————
ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը կը հրապարակէ ելեկտրածին շարժակներու յունուար ամսուան հաշուեցուցակը` հիմնուելով ուժանիւթի նախարարութեան սակացոյցին վրայ:
Ժամական իւրաքանչիւր քիլովաթի համար 363 լիբանանեան ոսկի, որուն վրայ կ՛աւելնան մնայուն բաժնեգիները.
15.000 լիբ. ոսկի` 5 ամփեր
23.000 լիբ. ոսկի` 10 ամփեր
30.000 լիբ. ոսկի` 15 ամփեր
եւ 15 ամփերէն վեր 5000 լիբ. ոսկի իւրաքանչիւր 5 ամփերին համար:
Իսկ առանց հաշուեցոյցի սարքերու բաժանորդներուն պարագային վճարումները կ՛ըլլան համաձայնաբար բաժանորդին եւ ելեկտրածին շարժակի տիրոջ միջեւ:
—————————————
ՌԻՉԸՐՏ ԵՒ ԹԻՆԱ ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի դատակազմը կը յայտնէ, թէ բացուած է 2019-ի համար նոր գործեր ներկայացնելու շրջանը:
Հիմնադրամը կ՛ընդունի սփիւռքահայ երիտասարդ գրողներու գրական թէ ուսումնասիրական որեւէ նոր, անտիպ կամ գիրքի ձեւին տակ ցարդ չհրատարակուած գործեր` դատակազմին կողմէ գնահատուելու եւ ըստ այնմ հրատարակուելու համար:
Գրական, պատմական, բանասիրական, եկեղեցագիտական եւ հայ մշակոյթի այլ կալուածները շօշափող հայերէն թէ օտար լեզուներով գրուած գործերը պէտք է դատակազմին ներկայացուած ըլլան ամէնէն ուշը մինչեւ 31 մայիս 2019:
Առաքուած գործերը պէտք է ըլլան ա) մեքենագրուած, բ) երեք օրինակով, գ) խտասալիկի վրայ արձանագրուած: Անոնք պէտք է ներկայացուին A4 թուղթի չափով եւ բաղկանան նուազագոյնը 9 պրակէ (144 էջ):
Դատակազմին կողմէ գնահատուած գործերը կ՛արժանանան հրատարակութեան:
Ռիչըրտ եւ Թինա Գարօլան հրատարակչական հիմնադրամի նախագահն է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Դատակազմի անդամներն են` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան (ատենապետ), դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, տեարք Համբիկ Պիլալեան, Սարգիս Նաճարեան, Յակոբ Լատոյեան եւ օրդ. Գեղանի Էթիեմէզեան:
ԴԻՒԱՆ` Ռ. ԵՒ Թ. ԳԱՐՕԼԱՆ
ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԴԱՏԱԿԱԶՄԻ
Դատակազմի հասցէն.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
P. O. Box 70317
Antelias – Lebanon
E-mail: chancellor@armenianorthodoxchurch.org
ԾԱՆՕԹ.- Դատակազմին ղրկուած գործերը հեղինակին չեն վերադարձուիր:
Դիմողներէն կը խնդրուի յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել բնագիրի լեզուին եւ ուղղագրութեան:
Խնդրանք: Կը խնդրուի սփիւռքահայ թերթերէն արտատպել:
—————————————
ՎԱՐՁՈՒ ՅԱՐԿԱԲԱԺԻՆ
- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին կից, 5-րդ յարկ:
- Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքեր, 4-րդ յարկ:
Դիմել` հեռ. 03-557007:
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՍԿԱՈՒՏԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
2 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԼՕԽ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՅԱՐԱԲԵՐԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
7 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ -ՊԱՐԱՀԱՆԴԷՍ
23 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԲԸՄ-ԼԻԲԱՆԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄ
ՄԻՋԻՆՔԻ ՃԱՇ
ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ, 27 ՄԱՐՏ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՔԱՀԼ-Ի ՀԱՅ ՏԱՐԵՑՆԵՐՈՒ ՏԱՆ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՈՒՐԲԱԹ, 3 ՄԱՅԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՊԵՐԵՃԻԿԻ ՀԱՅՐԵՆԱԿՑԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՕԺԱՆԴԱԿ ՄԱՐՄԻՆ
BRUNCH
9 ՄԱՅԻՍ 2019