Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արդար Խաղաղութեան Համար

Փետրուար 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

24 յունուար 2019-ին ՀՅ Դաշնակցութեան 33-րդ Ընդհանուր ժողովը հրապարակեց կարեւոր եւ վճռական յայտարարութիւն մը, որ մեծ արագութեամբ տարածուեցաւ ընկերային ցանցերուն մէջ: Յայտարարութիւն մը, որ կապ ունի արցախեան շարժումին եւ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի յառաջիկայ փուլի գործելաոճին հետ. յայտարարութիւն մը, որ կը համապատասխանէ ՄԱԿ-ի, Ընկերվար միջազգայնականի եւ Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան սկզբունքներուն:

Ազգային ինքնորոշման իրաւունքը կը նշանակէ, որ կովկասեան շրջանին մէջ Արցախի Հանրապետութիւնը պէտք է ներկայանայ իբրեւ ինքնուրոյն, անկախ պետութիւն` ի դիմադրութիւն ծաւալապաշտ֊մեծապետական ախորժակներուն եւ ազրպէյճանական միլիառներուն:

Համայն հայութիւնը ընդհանրապէս եւ Արցախի բնակչութիւնը յատկապէս մտահոգուած են բանակցութիւններուն ընթացքով: Հայութիւնը մտահոգուած է իր հողին, պետութեան եւ հայրենիքին ապագայով:

Տարիներէ ի վեր շարունակուող ներկայ կացութեան մէջ յայտնի չէ, որ խաղաղութեա՞ն, թէ՞ պատերազմական վիճակի մէջ կը գտնուի Արցախը: Այս կացութիւնը, ուր միայն ջիղերու խաղը կը գերիշխէ, պէտք է վերջ գտնէ արդար խաղաղութեան հաստատումով:

Ի՞նչ է արդեօք արդար խաղաղութիւնը:

Արցախը վերագրաւուի՞ Ազրպէյճանի կողմէ, ազատագրուած տարածքները յանձնուի՞ն Ազրպէյճանին, Արցախը մա՞ս կազմէ Ազրպէյճանին` իբրեւ ինքնավար մարզ, թէ՞ ընդունիլ Թուրքիոյ կողմէ սահմաններու բացման նախապայմանը, որ Հայաստանը հրաժարի արցախեան հարցի հետապնդումէն:

Այս բոլորը թրքական եւ ազրպէյճանական ազգայնամոլ խմբակցութիւններու երազներն են, որոնց իրականացումը մերժելի է:

Արդար խաղաղութիւնը այն է, երբ ընդունուի Արցախի ժողովուրդի ազատ ինքնորոշման իրաւունքը` ապրելու ազատ ու անկախ պետականութեան մէջ:

Արդար խաղաղութիւնը այն է, որ Արցախը միջազգային ընտանիքին կողմէ ընդունուի իբրեւ պետական անկախ գոյութիւն` կովկասեան շրջանին մէջ:

Արդար խաղաղութիւնը այն է, որ Արցախը դադրի դառնալէ խաղաքարտ` համաշխարհային մեծապետական ու ծաւալապաշտ պետութիւններու ձեռքերուն մէջ:

Արդար խաղաղութիւնը այն է, որ արցախեան հարցը չօգտագործուի նոյն այդ համաշխարհային մեծապետական եւ ծաւալապաշտ պետութիւններուն կողմէ` բռնատիրական Ազրպէյճանին զէնք ծախելու համար:

Արդար խաղաղութիւնը այն է, որ կովկասեան շրջանին մէջ ռազմապաշտ, ազգայնամոլ ու ցեղակեդրոն մտայնութիւնը վերանայ, եւ զանոնք փոխարինեն ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու վրայ հիմնուած սկզբունքները:

Պատահական չէ, որ ՀՅԴ Ընդհանուր ժողովը հանդէս կու գայ արցախեան հարցի ներկայ փուլին շուրջ յայտարարութեամբ մը. ինչպէս որ այս կուսակցութիւնը առաջիններէն եղաւ արցախեան ազատագրական պայքարի կազմակերպման հոլովոյթին եւ հայ-թաթարական կռիւներու ընթացքին հայ բնակչութեան պաշտպանութեան մէջ, նաեւ ան առաջիններէն եղաւ, որ 1905-ի եւ 1917-ի Ռուսական յեղափոխութիւններուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ընթացքին, հակառակ արտաքին ճնշումներուն, մնաց հաւատարիմ իր արդար խաղաղութեան կարգախօսին` միշտ ալ ձգտելով խաղաղօրէն լուծել դրացի պետութիւններուն միջեւ հարցերը:

Որպէսզի այլեւս ոչ մէկ զոհ չտանք, որպէսզի ոեւէ մայր իր արցունքը չթափէ, որպէսզի ոեւէ երեխայ որբ չմնայ, ժամանակն է ազգովին նեցուկ կանգնելու արդար խաղաղութեան համար բանակցութիւններու կայացման` զօրավիգ կանգնելով արցախեան կողմի լիիրաւ մասնակցութեան` բանակցութիւններու հոլովոյթին, իբրեւ տագնապի լիիրաւ կողմ:

 

 

 

Նախորդը

Արագ Եւ Կտրուկ

Յաջորդը

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանի Կառավարութեան Արտաքին Քաղաքականութեան Տեսութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրողութիւնները Քողարկելու Արուեստը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

ՀՕՄ-ը` 115 Տարեկան

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?