Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Հայաստանի Կառավարութեան Արտաքին Քաղաքականութեան Տեսութիւնը

February 8, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

Այս յօդուածով կ՛ուզեմ հակիրճ ձեւով ամփոփել Հայաստանի նոր կառավարութեան ծրագիրի արտաքին քաղաքականութեան վերաբերող հատուածը:

Ծրագիրը կը բաղկանայ քանի մը կէտերէ, սակայն կ՛ուզեմ անդրադառնալ հիմնական երեք կէտերու` Արցախ, Հայոց ցեղասպանութիւն եւ շրջանային ու միջազգային քաղաքականութիւն:

Արցախեան հարցին անդրադառնալով` ծրագիրը կը հաստատէ, որ Արցախի կարգավիճակը եւ անոր անվտանգութեան ապահովումը բանակցային հոլովոյթին մէջ Հայաստանի համար հիմնական են: Հայաստան նաեւ ջանք պիտի թափէ Արցախը դարձնելու բանակցութեան մէջ հիմնական կողմ, որով արցախցիք պիտի ունենան իրենց լիիրաւ ներկայացուցիչը: Ասիկա նորութիւն մը չէ, Երեւանի նոր վարչակազմը քանի մը անգամ յայտարարեց, որ Արցախը պէտք է մասնակցի բանակցութիւններուն, որովհետեւ Երեւանը չի կրնար ներկայացնել Ստեփանակերտի տեսակէտները: Անշուշտ այս մօտեցումը անընդունելի էր Պաքուի իշխանութիւններուն համար:

Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձեալ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի վրայ է: Կառավարութիւնը խոստացաւ հետապնդել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման հոլովոյթը եւ զայն նկատեց շրջանային անվտանգութեան օրակարգ: Այստեղ կարեւոր է նշել նաեւ, որ հայ-թրքական օրակարգը ծրագիրին մէջ չէ ներառուած: Ինչպէս նախկին կառավարութիւնը, այս կառավարութիւնը նոյնպէս պատասխանատուութիւնը ստանձնեց, որ միջազգային գետնի վրայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հարցին մէջ Հայաստան յառաջատար դեր խաղայ:

Շրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ չկար շեղում, այլ կառավարութիւնը յստակ պատկերացում մը տուաւ` զարգացնելու տնտեսական, քաղաքական եւ ռազմավարական յարաբերութիւնները դրացի եւ բարեկամ երկիրներու հետ: Նկատի առնելով աշխարհաքաղաքական իրավիճակը Վրաստանի եւ Իրանի միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ` հայկական կողմը առանձին անդրադարձաւ այս կէտին եւ ընդգծեց «առանձնայատուկ եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ»-ը այս երկու սահմանային երկիրներուն հետ: Նկատի ունենալով, որ այս երկու երկիրները միակ ելքն են դէպի Եւրոպա-Ռուսիա եւ ասիական շուկաներ, հայկական կողմը յստակացուց, որ ինք չի կրնար մխրճուիլ քաղաքական հաշիւներու մէջ, որոնք կ՛ուզեն հարուածել Վրաստանը կամ Իրանը` ըլլայ ատիկա Ռուսիոյ կամ Միացեալ Նահանգներու կողմէ: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ հետ յարաբերութեան, անիկա որակուեցաւ իբրեւ «ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւն», եւ հայկական կողմը այս յարաբերութիւնները զարգացնելու առումով յաւելեալ տնտեսական եւ զինուորական ծրագիրներ որդեգրեց: Կառավարութիւնը նաեւ ընդգծեց, որ պիտի խորացնէ իր տնտեսական յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպական Միութեան հետ եւ խոստացաւ, որ Հայաստանը աւելի ճկուն մասնակցութիւն բերէ ՕԹԱՆ-ի, ԱՊՀ-ի եւ ԵԱՀԿ-ի ծրագիրներուն մէջ: Կառավարութիւնը նաեւ առանձին հատուածներու մէջ անդրադարձաւ Չինաստանի, Հնդկաստանի ու Ճափոնի հետ համագործակցութեան եւ յարաբերութիւններու զարգացման ու խորացման հեռանկարներուն: Վերջապէս, յատուկ ուշադրութիւն պիտի գրաւեն Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու Եւրոպական Միութեան մուտքի արտօնագիրներու ազատականացման ապահովման ուղղուած ջանքերը:

Իբրեւ եզրակացութիւն` կարելի  է ըսել, որ այս կէտերը եւ անոնց զարգացումը կարեւոր դեր պիտի խաղան Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անշուշտ մարտահրաւէրները շատ են, մանաւանդ ըստ կարելւոյն պէտք է հաւասարակշռութիւնը պահել Արեւմուտքին ու Ռուսիոյ միջեւ եւ նոր ճամբաներ բանալ դէպի Ասիա: Անշուշտ հոն ալ կան խնդիրներ. Հայաստան շուտով պիտի անդրադառնայ, որ Չինաստան-Հնդկաստան եւ Չինաստան-Ճափոն քաղաքական բախումը իր արձագանգները կրնայ ունենալ Երեւանի վրայ, եթէ վերջինս որոշէ աւելի խորացնել իր տնտեսական եւ, ինչո՞ւ չէ, ռազմավարական յարաբերութիւնները ասիական երկիրներուն հետ: Հայաստան պէտք է շարունակէ յառաջապահ դեր խաղալ ցեղասպանութեան կանխարգիլման օրինագիծերու որդեգրման մէջ` միջազգային ատեաններուն մէջ, սակայն` միաժամանակ զգուշ ըլլալով, որ իր դիւանագիտական յարաբերութիւնները չվնասուին կարգ մը երկիրներու հետ: Հայաստան պէտք է նաեւ խորացնէ իր յարաբերութիւնները իսլամական երկիրներու հետ` կանխելու համար թուրք-ազրպէյճանական հակահայկական քարոզչութիւնը: Հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւնները ստեղծեցին որոշակի հանդարտութիւն մը շփման գիծին վրայ, սակայն պէտք չէ յուսալ, որ ասիկա խաղաղութեան ճամբայ կը բանայ: Այո՛, առաջին քայլն է, սակայն յստակ ծրագիր պէտք է խաղաղութեան ու արցախեան հիմնախնդիրի արդար լուծման շուրջ: Մինչեւ օրս երկու կողմերը հակառակորդ կողմեր են: Օրը հաւանաբար գայ, որ փոխզիջումի դռները բացուին, սակայն ո՞ր կողմը աւելի վնասուած դուրս պիտի գայ: Այս բոլորը կարիքը ունին ճկուն, հաւասարակշռուած արտաքին քաղաքականութեան մը, որուն հունձքերը կրնանք քաղել յառաջիկայ ամիսներուն կամ տարիներուն:

[email protected]

 

Օգտագործուած աղբիւր`

– Կառավարութիւնը հրապարակել է արտաքին քաղաքական ծրագիրը, https://www.lragir.am/2019/02/06/415430/

Նախորդը

Արդար Խաղաղութեան Համար

Յաջորդը

Խաչիկ Տէտէեանի «Երազէն Անդին» Բանաստեղծութեան Զոյգ Հատորներու Շնորհահանդէս

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.