Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. «Սփիւռքապատում» (Հեղինակ` Վեհանոյշ Թէքեան)

Փետրուար 1, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսաւ Վեհանոյշ Թէքեանի «Սփիւռքապատում» գիրքը, բաղկացած` 462 էջերէ: Հատորը հրատարակուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան նիւթական աջակցութեամբ: Հեղինակը գիրքը նուիրած է քրոջը` Սեւանին:

Հատորին մէջ մէկտեղուած են հեղինակին արձակ գործերէն պատմուածքներ եւ խոհագրութիւններ, որոնք կ՛առնչուին սփիւռքի փորձառութեան:

Վեհանոյշ Թէքեան կ՛ըսէ, որ Հայաստանի բաժան-բաժան ըլլալուն գլխաւոր պատասխանատուն օսմանեան կայսրութեան թուրքն էր, որ մեր պապենական հողերը գրաւած եւ եաթաղանն ալ հետը բերած էր:

Գիրքերու մասին խօսելով` հեղինակը կ՛ըսէ, որ անոնց մէջ մանուշակի համեստութեամբ անկիւններէն բուրողներ կան. ինքնասիրահարուած շուշաններ կան, վարդեր` փերթ փերթ փրցուր եւ գինովցիր բոյրէն, եւ մեխակներ` անբոյր բայց տանելի: Կան գիրքեր, որոնք իրենց ճառագայթները ղրկած են միւսներուն, կան գիրքեր, որոնք իրարու հետ կը խօսին, հակառակ անոր որ դարեր կը բաժնեն զիրենք:

Պէյրութի Պուրճի հրապարակին մասին խօսելով` Թէքեան կ՛ըսէ, որ անոր կազմը որեւէ հրապարակի պէս է, միայն թէ ամէն տեսակ մարդ չ՛անցնիր այնտեղէն: Անապատներէն հասած արաբը, տիւրզին, դատարկ ֆիլմերով նկարիչները, անգործ բեռնակիրները, մանրավաճառները, նոր հասած հիփփիները հոն են: Մուրացկանները, զբօսաշրջիկները, գիւղագնացները, լրագրավաճառները, հանրակառք սպասողները եւ մեծ լումայափոխները հոն են միշտ: Գեղեցիկ է Պուրճի հրապարակը, գունաւոր խոտերով ժամացոյց ունի, արմաւի երկար ծառեր ունի, այդ ծառերէն ցած շէնքեր ունի: Հրապարակը գեղեցիկ է նաեւ անոր համար որ, ամէն ինչ բնական է այնտեղ:

Մայիս 28-ին անդրադառնալով` հեղինակը կ՛ըսէ, որ ամէն տարի այդ օր վարդահեղեղ արշալոյսը կը վերաբացուէր: Պէյրութի սրահները կ՛ողողուէին ճառախօսներով, հանդիսատենչներով, իսկ Եռագոյնը տեղ-տեղ վաստակաւոր նահապետի նման կը փառաւորուէր, ուրիշ տեղեր պարտուած զօրավարի նման աքսորուած կը մնար: Կենարար իրականութինը այն է, որ այդ օր մեր անկախութեան պատմութեան սուրբ մատեանը կը բացուէր ու իր խորհուրդով կ՛օծէր տարագիր հայերն ու յաջորդող սերունդները: Հայապատկան գործատեղիներն ու հաստատութիւնները եւ վարժարանները, որոնք կը փայփայէին անկախ Հայաստանի մը գաղափարը` կը փակուէին:

Օշականի եկեղեցիին եւ Մեսրոպ Մաշտոցի մասին խօսելով Թէքեան կ՛ըսէ, որ 1700 տարիէ ի վեր այդ եկեղեցիին մէջ կը նիրհէ սուրբը: Զարմանալի է Մեսրոպ Մաշտոցը, ամէն հրաշքի պէս: Հայոց պատմութեան այս ակնթարթին պէս: Կացարան մը, ուրկէ կը շողարձակէ ամբողջ ժողովուրդի մը մտքին փրկութիւնը:

Ջաջուռ գիւղին մասին խօսելով հեղինակը կ՛ըսէ, որ անիկա յիշատակելի կոթողներ չունի, պարզ անուն մըն է, բայց ինքնամուղ հոսանքի պէս իջած է հայաշխարհի եւ գաղթաշխարհի կերմաններուն կը քալէ, կը քալէ ու չ՛անհետիր: Չ՛անհետիր, որովհետեւ որդան կարմիր մըն է լազուարթ ծովերէն յայտնուած: Ջաջուռ անուն այն է` որ գծեց Թորոս Ռոսլինի ծնունդը. այս այն անունն է որ գծեց իր վայրը, իր ծնունդը բացաւ ոչ թէ մտայղացումով, այլ` ապրելո՛վ անոր մէջ: Դուրս քաշելով, սթափեցնելով կիսամեռ պատգամը

արեւահար տաճարներու եւ բագիններու մէջէն, ապրելով իր պատգամի հրկիզումը, բայց վերստին նետելով ինքզինք միեւնոյն զոհասեղանին վրայ: Այս անունը այն նկանակն է որ Ամենակարողը ձեռք առաւ, օրհնեց եւ տուաւ ժողովուրդին:

«Տոհմածառ»-ին մէջ վեհանոյշ Թէքեան կ՛ըսէ, որ մեզ շրջապատող լպրծուն, յեղյեղուկ քաղաքական կեանքին մէջ մեր ազգային աւանդոյթները յառաջ տանելու ձեւերն ալ պահպանելու է: Հայ հիւանդը հայ բժիշկը պէտք է դարմանէ. հայ փականագործը պէտք է հայուն երկաթին ու ժանգին հարցը լուծէ. հայ նպարավաճառը պէտք է հայուն սուրճը աղայ:

Ազգային կեանքը նաւ չէ, որ այսօր կայ վաղը չկայ. խարսխուած մարտանաւեր են, հասարակաց թշնամիի կամ յիշողութեան տուայտանքի դէմ կը հաւաքուին, դիրք կը ճշդեն ինքնապաշտպանութեան աղեղները կը լարեն: Անապատին մէջ մենք մինակ էինք,

մեր ցաւն ու ճիչը հովն իսկ չլսեց:

Թէքեան կ՛աւելցնէ ըսելով. ողբերգութիւն պէտք է որ իմաստուն մնանք, այլապէս այնքան զբաղած ենք շինելով որ այլեւս չենք մտածեր թէ ո՛ր օտարին բաժին պիտի իյնան մեր սեփական եւ անշարժ կալուածները: Արժեթուղթ գնելու պէս գաղթականութիւն կը գնենք: Պանդխտութիւնը` այլեւս անվտանգ դարձած, ընտելացած ճակատագրի պէս փակած է մեր յետեղեռնեան կեանքին: Աշխարհը մեծ է, նոյնն է ամէն տեղ, ողջ ըլլալը նախընտրելի է քան պանդխտութեան ցուպ չգործածելը: Ուր ալ երթանք` ժամ մը, բակ մը, մատուռ մը պիտի գտնենք եւ` Կիլիկիան, մեր անմահական Կիլիկիան երգենք: Հիւպատոսարան մը պիտի գտնենք եւ բողոք ու յուշագիր ներկայացնենք:

«Սրտի խօսք»-ին մէջ Վեհանոյշ Թէքեան կ՛ըսէ, որ իր սրտի խօսքերու թղթածրարներուն`  գրախօսականներու, նամակներու, գնահատանքներու տողամէջերուն տեսած է թէ՛ ցնծութիւնը նորահնար լարերու հանդէպ, եւ թէ՛ անդոհանքը չծագող արեւի հաւանականութեան` արեւմտահայ նոր գրականութեան վտանգուած գոյութեան: Լեզուի գոյութեան, որ սփիւռքի լինել-չլինելու հարցն է:

Ան կ՛աւելցնէ ըսելով. այլապէս ինչո՛ւ իրենց առօրեայ վաստակ ապահովելու տագնապանքին, ընտանիք հոգալու, գաղութ ու հայրենիք պահպանելու անդուլ աշխատանքի կողքին, գրիչը ձեռք պիտի առնէին արտայայտուելու համար երիտասարդ գրողներու երախայրիքին մասին: Ոմանք տարիներով պիտի հետեւէին մեր քայլերուն, կաթ ու մեղր հրամցնէին մեզի, որպէսզի մեր սերունդը ստանար անհրաժեշտ սնունդը, որ մեր առջեւ անդունդ չբացուէր: Եւ հայ գրականութեան իւրաքանչիւր նուիրեալ կապեց իր հանգոյցը ոսկի թելին վրայ եւ տուաւ քովը կայնողին, յաջորդին, մինչեւ հայրենի գրողին ու մտաւորականին:

Վեհանոյշ Թէքեան կ՛եզրափակէ ըսելով. թող կենսառողջ մնայ հայոց գրականութիւնը, թող շրջի համայն աշխարհը եւ աւետէ հայագիր գրողին ու մտաւորականին գոյութիւնը, լուսեղէն:

 

 

Նախորդը

Երկրորդ Հունգարիա Մը Չդառնայ Հայաստանը

Յաջորդը

«Հայկական Երաժշտութիւնը Կը Հոսի Իմ Արեանս Մէջ», Ըսած Է Ֆրանսահայ Հանրայայտ Երաժշտահան, Դաշնակահար Եւ Խմբավար Միշէլ Լըկրան

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?