Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշնան Տերեւներ

Յունուար 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

2019 տարին տխուր սկսաւ Լիբանանահայ երգարուեստի նուիրեալներուն համար:

Աշնան տերեւաթափի նման քանի մը օր տարբերութեամբ, մեզմէ յաւերժ հեռացան երաժիշտ գործընկերներէս Հրաչ Կիւրիւնեանը, Յակոբ Անտըզեանըեւ Զարեհ Քէշիշեանը:

Զարեհ Քէշիշեան

Հրաչը եւ Յակոբը «Ֆայվ ֆինկըրզ» նուագախումի անդամներէն էին: Առաջինը` որպէս օրկանիստ, իսկ Յակոբը խումբին կիթառահարն էր, նաեւ կը մեկնաբանէր որոշ թիւով երգեր, որոնցմէ ամենաճանչցուածը Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած անգլերէն լեզուով «Armenia» երգն էր:

***

Հրաչ Կիւրիւնեան, Յակոբ Անտըզեան (1969)

60-ականներու վերջին տարիներն էին: Օրկանիստի մը կարիքը ունէինք:

Բարեկամ մը առաջարկեց Հրաչին անունը: Հազիւ 15 տարեկան պատանի մըն էր: «Աղուամազ չէր բուսած երես ծնօտին»: Երաժշտական շրջանակի մէջ տակաւին անծանօթ անուն մըն էր: Ձգելով «Մունլայց» նուագախումբը` միացաւ «Ֆայվ ֆինկըրզ»-ին: Իրեն հետ արձանագրեցինք ֆրանսերէն լեզուով մեր առաջին ձայնապնակը:

Մեր կրտսերագոյն անդամն էր: Տաղանդաւոր երաժիշտ էր: Մաս կազմեց տարբեր նուագախումբերու, որոնցմէ կարելի է յիշել «Մունլայց», «Ֆայվ ֆինկըրզ», «Տրիմզ» եւ «Քափրիքորն» նուագախումբերը, ապա որոշեց` որպէս դաշնակահար, առանձինը աշխատիլ արաբական Ծոցի երկիրներու նշանաւոր պանդոկներու մէջ:

Պատերազմ էր, եւ իրարու հետ կապ հաստատելը` դժուար: Վերադարձած էր Լիբանան, սակայն դժբախտաբար նախկին գործընկերներէն ոեւէ մէկուն հետ չէր ուզեր կապուիլ, որուն պատճառը իր մահէն ետք միայն իմացանք:

Աւելի քան 10 տարիէ կը պայքարէր քաղցկեղի դէմ, եւ 2018-ի դեկտեմբեր 31-ին, ճակատամարտը կորսնցնելով, միացաւ «Հեռացած ընկերներու» փաղանգին:

2012-ին, երբ Հրաչ միացաւ «Տրիմզ» նուագախումբին, «Ֆայվ ֆինկըրզ» կորսնցուց տաղանդաւոր երաժիշտ մը:

2018-ի վերջին օրը, մեծ թիւով հայ երաժիշտ-երգիչներ, բոլո՛րս, կորսնցուցինք Լիբանանի երաժշտական պատմութեան մէջ իր ներդումը ունեցած սիրելի ընկեր մը:

***

Յակոբ Անտըզեան եղած է «Ֆայվ ֆինկըրզ»-ի հիմնադիր անդամներէն մին:

Լաւ կիթառահար էր: Ունէր նաեւ երգելու կարողութիւն, եւ այդ մէկը ի յայտ եկաւ, երբ մեր նուագախումբի երկրորդ կիթառահարը` Նազոն գաղթեց Քանատա, Յակոբ փոխարինեց մեր սիրելի գործակից ընկերը` մեկնաբանելով այդ տարիներու երիտասարդութեան կողմէ սիրուած վերջին երգերը:

«Ֆայվ ֆինկըրզ»-ի անդամները յաճախակի փոփոխութիւններու ենթարկուեցան: Շատեր գաղթեցին տարբեր երկիրներ, ուրիշներ գործի բերումով հեռացան երաժշտական ասպարէզէն, սակայն Յակոբը, նուագախումբի հիմնադրութենէն մինչեւ խումբին բաժնուիլը մնաց հաւատարիմ մէկ անդամը իր այնքա՜ն սիրած նուագախումբին եւ մեծ ներդրում ունեցաւ անոր յաջողութիւներուն ու նուաճումներուն մէջ:

Ընկերասէր էր: Կը սիրէր վայելել կեանքը: Երջանիկ էր իր ընտանիքով: Տիպար հայր մըն էր: Պաշտելու աստիճան կը սիրեր իր զաւակներն ու թոռները, սակայն այդ կենսուրախ, կատակասէր տղուն վերջին քանի մը տարիները եղան դժուար:

Կորսնցուց իր կողակիցը` մեր բոլորին սիրելի Անին, որմէ տարի մը ետք, 21 տարեկան երիտասարդ հասակին, կորսնցուց իր կրտսեր տղան` Փասքալը, եւ այդ բոլորը ծանր ազդեցին իր վրայ:

Քանի մը օր տարբերութեամբ, «Ֆայվ ֆինկըրզ» կորսնցուց իր «մատներէն» երկուքը:

Մատներ, որոնք երկար տարիներ, այնքան հմտութեամբ, անուշ մեղեդիներով հմայած էին տասնեակ հազարաւոր ունկնդիրներ:

«Ֆայվ ֆինկըրզ»-ի հին եւ նոր անդամներս` Միհրան Գռուզեանը (Միմօ), Նազօ Մոմճեանը, Տիգրան Մխսեանը, Յակոբ Չուլֆայեանը, Վագօ Տելալեանը, Ստեփան Ֆրունճեանը, Վազգօ Արիստակէսեանը եւ այս տողերը գրողը, ինչպէս նաեւ նուագախումբի բազմաթիւ բարեկամները կը սգանք մեր գործընկերներուն` Հրաչ Կիւրիւնեանին եւ Յակոբ Անտըզեանի կորուստը:

***

Զարեհ Քէշիշեանը տաղանդաւոր երաժիշտ էր: Իրեն հետ երբե՛ք չեմ աշխատակցած, սակայն եղած ենք լաւ բարեկամներ:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի պատճառով երկար տարիներ աշխատեցաւ սկանտինաւեան երկիրներու մէջ:

Օտարութեան մէջ անցուցած տարիներու մասին յաճախ կատակելով` կ՛ըսէր:

«Ամէն կողմ ձիւն: Օդը այնքան ցուրտ է, որ եթէ մարդ արկածով մը մահանայ, մեռելն անգամ չի հոտիր, որպէսզի գիտցուի, թէ հոն մեռած մէկը կայ»:

 

1982-ին, բազմաթիւ հայ երաժիշտներու նման, ինքն ալ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս: Աշխատեցաւ Ատիս Հարմանտեանի «Կոլտըն վիլեճ» գիշերային զբօսավայրին մէջ, ապա միացաւ Վաչէ Մկրտիչեանի «Տրիմզ» նուագախումբին եւ մեծ ներդրում ունեցաւ անոնց բացառիկ յաջողութեան մէջ:

Լոս Անճելըսի մէջ ունէր իր ձայնագրութեան սթիւտիօ, ուր դաշնաւորումներ եւ ձայնագրութիւններ կը կատարէր հայ եւ պարսիկ երգիչներու, սակայն որոշեց  վերադառնալ իր ծննդավայրը` Լիբանան, ուր եւս շարունակեց իր երաժշտական ասպարէզը:

Դաշնաւորումներ կատարեց բազմաթիւ հայ երգիչներու, որոնցմէ կարելի է յիշել Ատիս Հարմանտեանը եւ Գառնիկ Սարգիսեանը:

Վերջին քանի մը տարիներուն իր առողջական վիճակը սկսած էր վատթարանալ:

***

Լոս Անճելըսի մէջ երաժիշտ բարեկամներով հաւաքուած էինք, երբ Լիբանանէն անակնկալ հեռաձայն մը գուժեց բոլորիս սիրելի Զարեհին մահը:

Քանի մը օր տարբերութեամբ 3 գործընկերներ կորսնցնելը ծանր ազդեց մեր վրայ:

Վերջին քանի մը տարիներուն, աշնան տերեւներու նման,մեզմէ հեռացան աւելի քան երկու տասնեակ երաժիշտ-երգիչ ընկերներ:

Գարնան ծաղկող ծառերու նման, իրենց փոխարինեցին երիտասարդ ուժեր, սակայն հեռացած ընկերներուն բացակայութիւնը զգալի է:

Երանի կու տամ այն օրերուն, երբ, յաճախ` մեծ դժուարութիւններով, կապուեցայ աշխարհի չորս ծագերուն ցիր ու ցան երաժիշտ-երգիչ բարեկամներուս հետ:

Քաղած տեղեկութիւններս համադրեցի «Յիշատակներ… անցած օրեր» հատորիս մէջ: Լիբանանի ոսկի տարիներու յիշատակներն էին:

Հպարտութեամբ յիշեցի լիբանանահայ երգարուեստի պատմութիւնը կերտողներուն անունները: Այսօր այնքա՜ն հաճոյքով կատարած գործս դարձած է դժուար պարտականութիւն:  Տխուր պայմաններու մէջ յիշել, մեզմէ յաւերժ բաժնուած ընկերները:

Հեռացած ընկերներու փաղանգին միացան նաեւ` Հրաչը, Յակոբը եւ Զարեհը:

«Հեռացած ընկերներ, յաւերժական յուշեր,
Երազների միջից դուք բարի աչքեր»:

«Ա՜խ ինչքան դժուար է ընկեր գտնելը:
Բայց ծանր է, շատ ծանր է ընկեր կորցնելը,
Ինձ լոյս էք հեռացած ընկերներ»:
(Ա. Մանդակունեան)

Մեր սերունդի արուեստագէտներու մեծամասնութիւնը հեռացած է բեմերէն:

Շատեր կը վայելեն երկնքի արքայութիւնը,  ուրիշներ` հանգստեան կոչուած են, իսկ քանի մը հատին առողջական վիճակը այնքան ալ փայլուն չէ:

– Սկսած ենք «հասուննալ,- մտահոգուեցաւ ներկաներէն մէկը:

– Հասուն պտուղը աւելի համով կ՛ըլլայ,- ճշդեց լաւատես ընկեր մը:

«Եւ հիւանդաց բժշկութիւն
Ննջեցելոց արքայութիւն»:

Հեռացած ընկերներուս մեծ մասին անշունչ մարմինը յանձնուեցաւ իրենց ծննդավայրէն հեռու, օտար հողի:

Հրաչին, Յակոբին եւ Զարեհին աճիւնները յանձնուեցան իրենց ծննդավայրի`

Լիբանանի ցուրտ հողին:

Հողը թեթեւ գայ սիրելի՛ ընկերներ: Վստահաբար մայր հայրենիքի հողը շատ աւելի թեթեւ է, սակայն մեր ընկերներէն եւ ո՛չ մէկը արժանացաւ հայրենի հողին:

Իւրաքանչիւրդ լիբանանահայ արդի երաժշտութեան պատմութիւնը կերտող մէկական խոնարհ նուիրեալներ` ծաղկեցուցիք լիբանանահայ երգարուեստը:

Այսօր դարձած էք աշնան տերեւներ:

Լոս Անճելըս, 2019

 

 

 

Նախորդը

Ոսկի Սմբուկներ

Յաջորդը

Բարոյականութեան Եւ Օրէնքի Նուրբ Սահմանը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?