Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պատին Գինը Որքա՞ն Պիտի Բարձրանայ…

January 31, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Ամերիկացիք կէս շունչ մը քաշեցին անցեալ շաբաթավերջին, երբ նախագահ Թրամփ համաձայնեցաւ «վերաբանալ կառավարութիւնը»` սպասելով, որ յառաջիկայ երեք շաբաթներուն կարելի ըլլայ լիարժէք համաձայնութիւն մը գոյացնել շոգեկառքը բնական ընթացքի մէջ դնելու համար:

Թրամփ այլանդակութեանց նոր մրցանիշ հաստատեց, երբ ամբողջ 33 օր մասնակի անդամալուծութեան ենթարկեց ամերիկեան կառավարութիւնը, անվճար թողուց շուրջ 800.000 պետական պաշտօնեաներ ու մեծ վնասներու ենթարկեց երկիրը: Տագնապին շարժառիթը ծանօթ է. Թրամփ ոտքերը գետին զարնելով` կը պահանջէր, որ խորհրդարանը վաւերացնէ Մեքսիքայի սահմանին վրայ պատ կառուցելու իր ծրագիրին ի նպաստ 5,7 միլիառ տոլարի պիւտճէ մը, իսկ աւելի քան 2 ամիս առաջ Ներկայացուցչական տան աթոռներուն մեծ մասին վերատիրացած դեմոկրատները կը յամառէին տեղի չտալ անիմաստ պատին դրամ տրամադրելու նախագահին պահանջին առջեւ: Անիմաստ, որովհետեւ անիկա անխոցելի կամ անխզելի չէ, պիտի չմնայ թափանցել ուզողներուն դիմաց:

Թրամփի տեղատուութիւնը դուռ բացաւ հակասական մեկնաբանութիւններու: Ոմանք ըսին, որ ան ծանր պարտութիւն մը կրած է, որովհետեւ նկատած է, որ պատին համար պիւտճէի իր պահանջին դէմ խմբակցութիւնը ներգրաւած է իր կարգ մը համախոհները, եւ ծրագիրը կրնայ պարտութեան մատնուիլ նա՛եւ ծերակոյտին մէջ, ուր հանրապետականները կը պահեն քանի մը աթոռի առաւելութիւն: Յետոյ, գործադուլի սպառնալիքները սկսած են լրջանալ, իսկ շահատուրքերու գանձումը կրնայ վտանգուիլ…

Փաստօրէն կառավարութիւնը կը վերաբացուի` առանց Թրամփի պահանջած պիւտճէն տրամադրելու: Նախագահին մօտիկ շրջանակներ ու քարոզչական մեքենան ըսին, որ նախագահն է յաղթանակողը, որովհետեւ ժամանակաւորապէս համաձայնելով կառավարութիւնը վերաբանալու քայլին` թակարդի մէջ ձգած է Ներկայացուցչական տան նախագահ Նէնսի Փելոսին ու կողմնակիցները, որովհետեւ ձեռքէ չէ հանած խաղաթուղթերը, 15 փետրուարին կրնայ դարձեալ յետ-դեկտեմբերեան կացութիւնը ստեղծել, իսկ դեմոկրատներուն ու հանրապետականներուն միջեւ ուրբաթ, 23 փետրուարի «միջին եզրի համաձայնութիւնը», որ հիմք ծառայեց նախագահին տեղատուութեան, կը բովանդակէ երկու խոստում. նախագահը մինչեւ 15 փետրուար կանխավճար մը պիտի ապահովէ պատին համար, յետոյ Փելոսին պիտի վերցնէ նախագահին դէմ դրուած այն արգելքը, որուն պատճառով ցնոր տնօրինութիւն յետաձգուեցաւ պետութեան վիճակին մասին նախագահական տարեկան ծանօթ զեկուցական ճառը:

Նորագոյն այս մեկնաբանութիւններն ու բանավէճերը պահ մը մոռացութեան մատնեցին 22 դեկտեմբեր 2018-էն ասդին ծաւալած այն հակաճառութիւնը, որուն առանցքներէն մէկն էր բազմահազար պաշտօնեաներու անվճար թողուլն ու անկէ ծնած` տնտեսական ու ընկերային սպառնալիքները: Թրամփ կը փորձէր իր յամառութիւնը արդարացնել` պնդելով, որ դեմոկրատներն են համաձայնութիւնը արգելակողը ու պաշտօնեաներուն թշնամիները, դեմոկրատները ամբաստանողի մատները կ՛ուղղէին Թրամփի դէմ` համեմատաբար աւելի արդար հիմնաւորումներով:

Աւելորդ կը նկատենք հոս աւելի երկար խօսիլ հակադրութեանց ու բանավէճին մասին, որուն արարներուն ականջալուր եղանք ամէն օր, եւ գինը վճարողներուն յառաջապահները եղան պետական պաշտօնեաները, որոնցմէ մաս մը շարունակեց աշխատիլ անվճար: Ժողովուրդին ընդհանուր վնասներուն մասին հաշիւ պահող չկայ անշուշտ:

***

Աւելի քան ամիս մը տեւած ճակատումը այնքա՛ն փոշի բարձրացուց, որ կարգ մը իրականութիւններ մնացին այդ փոշիի ամպին ետին: Թուենք մէկ քանին.

Բանավէճին սկսման օրերուն պատին համար պիւտճէի նախահաշիւը 5-5,2 միլիառ տոլար էր, հիմա արդէն կը խօսուի 5,7 միլիառի մասին: Սա արդեօք պարզապէս այս ժամանակամիջոցին տեղի ունեցած ապրուստի սղութեա՞ն հետեւանքն է, թէ՞ համաձայնութիւն գոյացնելու համար «վճարումներու» յաւելումի մը: Վաղը, երբ բանակցութիւնները վերսկսին, պատին գինը աւելի պիտի բարձրանա՞յ, եւ իրական պատճառները յայտնի պիտի ըլլա՞ն…

Շատ քիչ կը խօսուի այն իրականութեան մասին, որ սահմանին վրայ պատի ծրագիրը շատո՜նց իրականցման ճամբու մէջ մտած է, կարգ մը շրջաններու մէջ արդէն պատ գոյութիւն ունի, այլուր հաստատուած են հսկողութեան արդիական սարքեր, որոնք արժած են հսկայական գումարներ: Այդ բոլորը կ՛ըլլան ամերիկացի ժողովուրդին գրպանէն, ընդհանրապէս մոռցուած է Թրամփի այն սին յոխորտանքը, թէ պատին գինը Մեքսիքայի «քիթէն պիտի հանէր», որովհետեւ Մեքսիքայէն «ոճրագորներ, աւազակներ, թմրամոլներ ու մաքասանենգներ» կը հոսին դէպի Միացեալ Նահանգներ: (Անշուշտ տկարամտութիւն կամ մանկամտութիւն պիտի ըլլայ հարց տալը, թէ անիմաստ պատին տրամադրուած գումարները արդեօք աւելի կենսական ու կարեւոր ծրագիրներու համար կարելի չէ՞ գործածել):

Ո՛չ պատին կառուցուած մասերը, ո՛չ ալ միւս սարքերը յաջողած են կասեցնել գաղթականներու հոսքը: Հսկայական գումարներու դէմ, շրջանցողները կը գործածեն ամէնէն նախնական միջոցները, եւ մեծ մասամբ կը յաջողին, իսկ հաստատուած արգելքներու մասին ցուցադրուած տեղեկութիւններն ու տրուած հաւաստիքները հազիւ թէ կ՛անցնին քարոզչական-ցուցադրականէն անդին: Կէս բերան կը տեղեկագրուի, որ սահմանին երկայնքին բազմացած են փապուղիներու բացումը, իսկ գրեթէ ոչինչ կ՛ըսուի ճամբորդական այլ միջոցներով հոսանքը շարունակողներուն (եւ այս «ճարտարարուեստ»-էն շահեր ապահովողներուն) մասին:

Անվճար ձգուած զանգուածին դատն ալ լուսանցքային տեղ ունեցաւ իրական ու զանգուածային մամուլի հրապարակներուն վրայ: Նախագահին իբր թէ հակադրուած քանի մը «ընդդիմադիր» աղբիւրներ հազիւ քանի մը երկվայրկեան ցուցադրեցին պարտադիր գործադուլի մատնուածներուն բողոքի ցոյցերը, մինչդեռ Ֆրանսայի կամ Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերուն աւելի լայն պատուհաններ տրամադրուեցան… Ի դէպ, անպատասխան մնաց այն սպասումը, որ անարդարօրէն եկամուտէ զրկուած պաշտօնեաները գոնէ Ֆրանսայի «Դեղին բաճկոնաւոր»-ներուն կիսաքայլերուն դիմէին` իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար: Ի՜նչ խօսք, ամերիկացի ժողովուրդը կա՛մ ինքզինք զրկած է իրաւունք պաշտպանելու զգայարանքէն, մինչեւ իսկ եթէ տնազուրկ դառնայ, կամ ալ… չ՛ուզեր ֆրանսացիներու եւ ուրիշ արդարատենչներու պէս «վայրագ» որակուիլ:

(Փակագիծի մէջ արձանագրենք այլ տեղեկութիւն մըն ալ, որուն մասին բնականաբար լուռ կը մնայ ամերիկեան զանգուածային մամուլը. Մեքսիքայի սահմանակից ամերիկեան նահանգի մը սահմանագլուխի մէկ աւանին մէջ նկատուած է, որ վերջին տարիներուն կայ այլ հոսանք մը. ամէն օր  հազարարաւոր ամերիկացիներ Մեքսիքա «կը հոսին» բժշկական դարմանումի ենթարկուելու համար, որովհետեւ կա՛մ ապահովագրութիւն չեն կրնար գնել, կա՛մ ալ ամերիկեան դարմանատուներու մէջ սպասարկութիւնը ծանր կը նստի գրպաններուն` ապահովագրութեան բաժանորդագրութեանց ու անոնց «պոչիկներուն» սակերու յարատեւ բարձրացման պատճառով: Մեքսիքա արդեօք կը մտածէ՞ իր կողմէ պատ քաշելու նման հոսանքի դէմ…):

Իրականութիւններ, որոնք շատ աւելի կ՛արժեն, քան` ցուցափեղկին յառաջամասին դրուած վէճերն ու ճակատումները:

***

… Չխօսուեցաւ ու երբեք ալ պիտի չխօսուի այն մասին, որ այս թղթածրարը ժամանակաւորապէս փակելու քայլին ետին կայ այլ իրականութիւն մը. մարդիկ հիմա աւելի՛ զբաղած են Վենեզուելայի մէջ յեղաշրջումի փորձով, որ նորագոյն արարները կը բեմադրէ Ուկօ Չաւեսի օրերէն սկիզբ առած «քաղաքականութեան», իբրեւ լրացուցիչ` լատին-ամերիկեան երկիրներու ներքին հարցերուն միջամուխ ըլլալու եւ զանոնք մեծապետական կամքի ենթարկելու վաղեմի ծրագիրներուն: Նման աշխարհակալական ձգտումներու կիրարկումներուն այլապէս ականատես ենք Միջին Արեւելքի, Ափրիկէի, Կովկասի ու աշխարհի այլ շրջաններու մէջ:

 

25 յունուար 2019

Նախորդը

Բարոյականութեան Եւ Օրէնքի Նուրբ Սահմանը

Յաջորդը

Գաղութէ Գաղութ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.