Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զապէլ Եսայեանի Հետ Խանութէ Խանութ

Յունուար 29, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՇԽԱՆ ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Արեւմտահայերէնը

Երբեմն (գեր)արդիականութեան անուան տակ կայ այնպիսի հասկացողութիւն մը, ըստ որում, լեզուն, այսպէս կոչուած, «ձիաւոր» մըն է, որ կը վազէ մեր առջեւէն, եւ մենք երբեք չենք կրնար հասնիլ անոր, ստիպուած ենք հետեւելու անոր, ուր որ երթայ: Լեզուն ինքզինք կը կազմէ, մեզմէ անկախ: Իբր թէ: Ասիկա կարելի է ըսել, չեմ գիտեր, ինչպիսի՞ լեզուի մը մասին: Այն լեզուն, որ չ’ուսուցուիր, դպրոցական, ուսումնական համակարգի մը մէջ չկայ ու միայն փողոցի ու խոհանոցի մէջ ներկայութիւն է, հաւանաբար կրնայ այս ճակատագիրը ունենալ: Սակայն այն լեզուն, որ ուսումնական հաստատութիւններու մէջ կ’ուսուցուի, կը խօսուի, որուն քերականութիւնն ու գրականութիւնը զարգացումի փուլեր կ’ապրին ու վէճի, քննարկումի առարկայ կը դառնան անոր լեզուական, քերականական ու գրական այս կամ այն երեսները, անընդհատ աներեւութացող ձիաւորի մը չի կրնար վերածուիլ, այլ կը լծուի, եթէ պէտք ըլլայ, եզան նման, արօրին, որ ակօս կը բանայ հողին վրայ, եւ ոչ թէ` օդին մէջ: Հողագործ եւ եզներ կրնան այս գործը կազմակերպել: Կան կազմակերպութիւններ ու հաստատութիւններ, որոնք յաջողութիւն չեն արձանագրեր լեզուով իրենց ուսանողներն ու աշակերտները խանդավառելու, պարզ այն պատճառով, որ իրենք ալ կա՛մ տեսլականի պակասէն կը տառապին, կա՛մ փոխանցումի հնարքներու չեն տիրապետեր, կամ չեն գիտեր, օրինակ տալու համար, որ Վարդան Մամիկոնեանը Վարդան Պասթրմամիկոնեանին հետ ի՞նչ կապ կրնայ ունենալ ընդհանրապէս եւ պատանին աւելի երկրորդը կը հասկնայ, քան առաջինը, եւ իրենք անկարող են երկրորդին մէջէն առաջինը մատուցելու:

Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան փայլուն օրինակ մըն է անկարողութեան դրսեւորումի: Երբ տուեալ անձը արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի չի տիրապետեր, կը նշանակէ, որ իր կատարած փոխադրութիւնը տարրական սխալներ ունի: Բայց կարդացող կա՞յ: Կարելի է երգիծական ամբողջ գրականութիւն մը կեանքի կոչել այդ էջերէն, եւ շատ հաւանաբար ա՛յս էջերը բազմաթիւ ընթերցողներ ունենան…

Կը պատահի, որ փորձառու, խելացի, ձեռնհաս եւ բանէ հասկցող մասնագէտներ ու հետաքրքրուողներ հանդիպին ու խորհրդակցին, ըսենք, նշանաւոր համալսարանի մը մէջ: Շատ ալ լաւ գաղափարներու փոխանակումներ կ’ունենան, հեռուէն կամ մօտէն կարելի է լսել, շինիչ ու շինարար քննադատութիւններ ու ախտաճանաչումներ: Արդի՞ւնք: Անոնք նոյնիսկ ի վիճակի չեն ըլլար զեկուցումները հրատարակելու: Եւ հարցը նիւթական` դրամական նեղութիւնն ալ չէ: Մենք կը գտնուինք կարող անկարողութեան անհասկնալի մակարդակի մը վրայ, ուր միջոցներու երակները չեն շօշափուած, ուր յումպէտս մսխումներ կը կատարուին կազմակերպչական, տօնախմբական եւ իբր թէ… յանուն արդիականացման, մինչդեռ արդիւնքը կը մնայ… ապագայի երգ: Հարկաւ հասկնալի է, մասամբ, որ տարիներու վրայ կատարուելիք աշխատանքի մը արդիւնքին հարկաւոր է նաեւ տարիներ սպասել:

Եթէ սփիւռքի մէջ դպրոց փակելը «հայաստանակեդրոնութիւն» կը նշանակէ, ուրեմն անիկա վտանգաւոր նախաձեռնութիւն մըն է: «Դպրոց փակել»-ն ալ բառացի հասկնալը բաւական չէ: Լաւ կ’ըլլայ, որ շեշտենք, թէ հայերէնի ու հայագիտական նիւթերու բացակայութիւնը (կամ ի հարկին` խողխողումը) դպրոցներուն մէջ անոնց «բաց» ըլլալուն մասին լաւ վկայութիւններ չեն ընդհանրապէս:

Հայաստանի սակաւաթիւ ու սրտցաւ կարգ մը գիտնականներ, որոնք երբեմն, յաւուր պատշաճի, հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն արեւմտահայերէնին նկատմամբ, հոս կամ հոն իրենց կատարած յայտարարութիւններով, փաստերով գիտենք, որ չեն զանազաներ «արեւմտահայերէնով կաղացող էշ»-ը «առողջ էշ»-էն: Կը բաւէ, որ անոնց աչքին քիչ մը փոշի ցանուի, ու անոնք կրնան շուտով, սովետավարի, գովասանական ճառ մը սկսիլ այսինչ «գրող»-ին, «մտաւորական»-ին, «խմբագիր»-ին կամ «լրագրող»-ին հասցէին, որ հայրենասիրական առաքելութեամբ մը ոտք դրած է Երեւան կամ հոն հաստատուած է: Նոյնիսկ եթէ Երեւանի մէջ վերջին տարիներուն արեւմտահայերէնով ու աւանդական ուղղագրութեամբ լոյս տեսած որակաւոր եւ անորակ հրատարակութիւններ լաւագոյն պարագային երկու տասնեակէն աւելի գնորդ կամ ընթերցող ունին, պէտք է ըլլալ լաւատես… Վստահ չեմ սակայն, որ երկու տասնեակը շռայլութիւն մը չէ ինքնին: Հայաստանը արեւմտահայերէնի կենդանացման վայրը չէ: «Լեզուն չի ներգաղթեր», կ’ըսէ Զուլալ Գազանճեան:

Խզուածքի պատմութիւն

Լեզուն եւ մարդը շատ մը պահերու եւ շատ մը տեղեր իրենց կապը խզած են իրարմէ: Երբ, ամէնէն հասարակ օրինակը, հայերէն մամուլ մը իր այսինչամեայ յոբելեանը կը տօնէ եւ զայն առիթի կը վերածէ ինքզինք իր գաղութին ներկայացնելու, կը նշանակէ, որ մամուլ եւ գաղութ, լեզու եւ մարդ զիրար չեն ճանչնար ու յոբելեանը առիթի կը վերածեն ծանօթացման: Լաւ է ուշ, քան` երբեք, պիտի ըսենք հարկաւ: Դրապաշտ ենք: Այսինքն մամուլ եւ գաղութ մինչ այդ իրարմէ հեռու բաներ էին, սպասեցին, որպէսզի մամլոյ այդ յոբելեանին առթիւ իրարու ծանօթանան, եթէ ծանօթանալը այդպէս կարելի է հարկաւ… Իւրայատուկ ծանօթացում մըն է, արդարեւ, որ կը յիշեցնէ մեր մեծ հայրերու սերունդին պսակադրութեան առթիւ կատարուած առաջին «ծանօթացումը» զոյգին:

Ցաւ ի սիրտ կարելի է հոս արձանագրել, որ սփիւռքի մէջ հայ մամուլը չ’արտայայտեր համապատասխան գաղութին հարցերը, անոնց քննարկումը, անոնց դժուարութիւնները, ծալքերը եւ բռնաբարուած բառով մը` «մարտահրաւէրները»: Նշուած բոլոր նիւթերուն մասին ալ տեղեկութիւններ կան հարկաւ թերթերուն մէջ, յաճախ` յաւուր պատշաճի, առանց երկու եւ աւելի կողմերու առկայութեան: Ընդհանուր իմաստով մը կարելի է ըսել, որ պատահական յօդուածներ ու քննարկումներ չեն կրնար գոցել այդ բացը` հակառակ մամուլին ալ ունեցած կամ ունենալիք համացանցային հսկայ կարելիութիւններուն: Հեռաւորութենէն անդին` խզումի հարց մը կայ: Իրականութիւն արտայայտելու, արտացոլացնելու արարքը կ’ենթադրէ հսկայական, հետեւողական ու ծանր աշխատանք: Կան սովորականի վերածուած նիւթեր, կրկնուող դատարկաբանութիւններ, մնայուն գրիչներ, որոնց անունը երբ տեսնենք, արդէն գիտենք, որ մօտաւորապէս ինչ է կարդացուելիքը: Բացառութիւնները կը յարգուին միշտ, եթէ ըլլան:

Արեւմտահայերէնին անտեսումը շատ պաշտօնական վիճակներ առած է: Վերջին տարիներուն գրեթէ «ամէն մարդ», հաստատութիւն եւ անհատ, կ’արտայայտուի, կը ցաւի, կը պոռթկայ, կը գոռայ, կը յուզուի, կը ծրագրէ, կը խօսի, կը խորհի, կը… գործէ՞ յանուն արեւմտահայերէնին: Ինծի կը պակսին տարրական փաստեր ու տուեալներ, որոնք այս լեզուին ճակատագիրը լուրջի առած են: Եթէ տպագիր կամ ելեկտրոնային հատորներու հրատարակութիւնը, տրամադրելիութիւնը, կաղացող-մաղացող, ձաբռտուք սփռող ինքնաբոյս կայքէջերու գոյառումն ու քաջալերումը դրական երեւոյթներ կարելի է նկատել, թիւրիմացութիւնը բաւական մեծ է, ըստ իս:

Դէպի տուեալ հաւաքականութիւն քայլը տեղի կ’ունենայ, երբ ուղղակի եւ առողջ կապ կը ստեղծուի կողմերու միջեւ: Փորձը տեսանք Հայաստանի մէջ: Ժողովուրդին մասին խօսիլը եւ ժողովուրդին հետ խօսիլը յաճախ ամբողջովին տարբեր բաներ են: Փաշինեանէն առաջ քաղաքական ուժերը իրենց կապը գործնականօրէն խզած էին ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար-ով կը զբաղէին: (Ուրիշ հարց` Փաշինեանի յեղափոխութիւնը ի՛նչ ընթացք կ’ունենայ: Անոնք, որոնք յեղափոխութենէն ետք իրենց համբերութիւնը կորսնցուցած են, հարկ է որ մտածեն նախափաշինեան շրջանին փայփայած ու սուղ գինով մեզի ծախել ուզած իրենց «համբերութեան» մասին…): Նոյնպէս ալ մամուլը, եկեղեցին, դպրոցը կրնան հետ-ի եւ մասին-ի միջեւ տարբերութիւն չտեսնել: Հետ-ը անմիջական համագործակցութիւն կ’ենթադրէ: Սփիւռքեան մեր համայնքներուն մէջ քաղաքական, ընկերային, մշակութային, հայագիտական, լեզուական գոյութենակա՛ն հարցեր կան, որոնք մտածումի առարկայ չեն դառնար երբեք, որովհետեւ մասին եւ հետ տարբերութիւնը խզուածքի առաջնորդած է: Մտածումի առարկայ կը դառնայ հարց մը, մի քանի` տարբե՛ր կողմերու քննարկումով ու հասունացումով, ոչ թէ միահեծան իշխանութեանց ներկայացուցիչներու հետ կատարուած սպառիչ ու սպառած հարցազրոյցներով:

Համայնքի կառոյցներ իրենց հաւաքականութեան հետ կապ հաստատելու, յարաբերութիւն մշակելու դժուարութիւններ ունին: Այս դժուարութիւնները հեռացումներու պատճառ կը դառնան: Անապահովութիւնը, պատերազմը պատճառներ չեն միայն հեռացումներու ու գաղթերու: Կան միւս գաղթերը, որոնք համացանցային այս աշխարհին մէջ անկարող դարձած համայնքային կեանքի արդիւնք են:

Գերմանական դասագիրքերու մէջ` երկու տող ունենալ Հայոց ցեղասպանութեան մասին. ահաւասիկ նպատակ, որ կրնայ հետապնդուիլ ամենայն խանդավառութեամբ, եւ հայկական յաղթանակ ալ կարելի է զայն հռչակել օր մը: Օրինակները շատ են.այսինչ նահանգը, այդինչ քաղաքը, այնինչ քաղաքապետարանը կ’ընդունին Հայոց ցեղասպանութիւնը, կամ վերջերս` Արցախի Հանրապետութիւնը: Հոյակապ: Ճանաչումի այս արշաւին մէջ, ներքին ճակատի վրայ, մշակութայինի աշխատանքը ոչ մէկ դեր ունի եւ կրնայ խաղալ: Այս է մերօրեայ փիլիսոփայութիւնը, որ մշակութայինը կարելի եղածին չափ խաղուպարի մակարդակին վրայ կը պահէ: Լեզուն եւ քաղաքականութիւնը հակառակ դիրքեր են եւ իրարու երբեք չեն հանդիպիր: Խզուածքը հոն ալ յստակ է: Այդ հանդիպումը չենք կազմակերպեր: Աւելի դիւրին է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահներու հանդիպումը, քան` հայկական քաղաքականութեան (երբեմն նաեւ` հայագիտութեան) եւ հայերէն լեզուի հանդիպումը:

Վանայ Շեմսէտտին գիւղի բնակիչները մինչեւ այսօր լոլըկ պիտի առնեն, կ’ըսեն, բանջարեղէնի վաճառորդին գնումի երթալը «լոլըկ առնել» կը նշանակէ իրենց համար, կը պատմէ ուսանողս: Ատիկա` այդ բառը մնացեր է հայերէնէն իրենց: Նուէր եւ յիշատակ: Հայերէնէ՞ն: Հայերէն ըլլալն ալ չեն գիտեր: Ներարկած են իրենց բարբառին: Եւ ճիշդ հոնկէ է, որ պիտի սկսին հասկնալ, այդ մէկ բառով է որ պիտի սկսին կատարել գիւտն ու վերականգնումը ամբողջ լեզուին ու ամբողջ պատմութեան` վտարուած, կորսուած եւ խողխողուած: Իսկապէ՞ս: Ու մենք` ճիշդ նոյնպէս: Իսկապէ՞ս: Մենք, որ քանի մը հարիւր բառով կը խօսինք ու կը գրենք, դեռ հայերէն գործածողներս, իսկ օտարախօսներն ալ ամէն մէկ բառին պոչէն կախուած հայկականութեամբ գիւտը կրնան կատարել իրենց լեզուին, որ կրնայ նաեւ ընդհանրական լեզուի մը վերածուիլ, որուն միջոցով նաեւ, ի միջի այլոց, Եսայեան կը կարդացուի ու խանութէ խանութ այցելութիւններն ալ իրենց աւարտը կը գտնեն կամ նորէն կը սկսին:

Շուկան բաց է: Ամէնէն սուղ ապրանքներէն է հիմա արեւմտահայերէնը, որ չի ծախուիր: Ծախող շատ կայ, գնող չկայ, որովհետեւ ծախողը գնորդին մասին մտածած չունի: Ճշմարիտ վաճառականն է ան` լեզուի վաճառականը: Իրականութեան մէջ յաճախորդին հետ է գործերնիս, ոչ թէ` ապրանք արտադրելու ճարպիկութեան: Գիրքերը` տպագիր ու ելեկտրոնային, ամէն ճաշակի ու տարիքի համար պատրաստուած, ծերոց եւ տղայոց, ծանօթից եւ անծանօթից, յայտից եւ անյայտից եւ ամենայն չափու հասակի կենդանեաց եւ ննջեցելոց, կրնան տրցակներով մնալ կամ համակարգիչներուն մէջ սպասել, չեն գտներ իրենց հասցէն, երբ դուն ընթերցողը դեռ չես ճանչցած, անոր հասցէն չես ձեւաւորած, դեռ չենք խօսիր զայն ստեղծելու տեսիլքիդ մասին: Եթէ կարենային տարեկան, նոյնիսկ ամսական հանդիպումներն ու ժողովումները, ձեռնարկներն ու ձեռնարկութիւնները ձեւ առնել եւ խօսիլ, յաւուր պատշաճի-ի սահմաններէն դուրս գալով` իրենց արդիւնքով: Մէ՛կ ընթերցող աւելցնելով: Սպասման հիւանդութիւն մը ունինք, արդարեւ: Թող կոչուինք անհամբեր: Տասը տարի եւս սպասելու պատրաստ է այս անհամբերութիւնը, եթէ գիտնայ, որ կրիան ճամբայ ելած է խանութէ խանութ կամ տունէ տուն, Եսայեանի կամ այլոց ընկերակցութեամբ:

(Շար. 2 եւ վերջ)
«Գանձասար» բացառիկ, 2019

Նախորդը

Րաֆֆի Սէթեան. «Ամէն Անգամ Երթալով Երեւան` Կը Զգամ, Որ Կ՛երթամ Տուն»

Յաջորդը

Պաքուի Հայկական Ջարդերը` Մարդկութեան Դէմ Ուղղուած Ծանր Յանցագործութիւն

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?