Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցած Է Տարբեր Երկիրներու Նախագահներու Հետ

January 25, 2019
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Տաւոսի Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի ծիրին մէջ հանդիպումներ ունեցած է տարբեր երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ:

Նիկոլ Փաշինեան եւ Զուիցերիոյ նախագահ Ուելի Մաուրըրը բարձր գնահատած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ անդրադարձած տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցերու: Կողմերը պայմանաւորուած են դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու միջոցով յստակացնել տնտեսութեան այն ճիւղերը, որոնք կրնան հեռանկարային ըլլալ համագործակցութիւնը զարգացնելու առումով: Ժողովրդավարութեան զարգացման մէջ Փաշինեան բարձր գնահատած է Զուիցերիոյ փորձառութիւնը` աւելցնելով, որ Հայաստան շահագրգռուած է տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման ուղղութեամբ երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեամբ: Իր հերթին, Ու. Մաուրըր ընդգծած է, որ իր երկիրը պատրաստ է այդ ուղղութեամբ եւս սերտացնելու կապերը Հայաստանի կառավարութեան հետ:

Նիկոլ Փաշինեան Ռուանտայի նախագահ Փոլ Քակամէի հետ եւս քննարկած է տնտեսական կապերու զարգացման վերաբերող հարցեր, մասնաւորապէս ներդրումային ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ: Զրուցակիցները հեռանկարային նկատած են տեղեկատուական արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը:

Փոլ Քակամէ նշած է, որ տեղեակ է ԹՈՒՄՕ կեդրոնի յաջողած գործունէութեան մասին, եւ իրենք շահագրգռուած են այդ ուղղութեամբ համագործակցութեան զարգացումով:

Իր հերթին, վարչապետ Փաշինեան տեղեկացուցած է, որ ընթացիկ տարուան հոկտեմբերին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու համաշխարհային ֆորումը, եւ Ռուանտայի մէջ այս ոլորտին մէջ գործող ընկերութիւնները հրաւիրած է մասնակցելու այդ կարեւորագոյն իրադարձութեան:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան: Փոլ Քակամէն բարձր գնահատած է Երեւանի մէջ կայացած վեհաժողովը, որ նոր էջ բացած է կազմակերպութեան անդամ երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ:

Նիկոլ Փաշինեան տեսակցած է նաեւ Լիթուանիոյ նախագահ Տալիա Կրիպաուսքայթէի հետ, որուն հետ քննարկած է թէ՛ երկկողմանի, եւ թէ՛ բազմակողմանի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Յատկապէս անդրադարձ կատարուած է հայ-լիթուանական քաղաքական ու տնտեսական կապերու զարգացման, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն, որոնց կարգին` Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին: Փաշինեան կարեւոր նկատած է կարճ ժամկէտի մէջ այդ համաձայնագիրին վաւերացումը` շնորհակալութիւն յայտնելով Լիթուանիոյ նախագահին` երկրի խորհրդարանին մէջ այդ գործընթացը աւարտին հասցնելնուն համար:

Վարչապետ Փաշինեան նաեւ հանդիպումներ ունեցած է Ուքրանիոյ նախագահին, ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Սլովաքիոյ, Սպանիոյ ու Վրաստանի վարչապետներուն եւ Պելճիքայի թագաւորին հետ:

 

Նախորդը

Նաղդալեան Կը Պատասխանէ Թարասովի Յայտարարութեան Մասին Հարցումի Մը

Յաջորդը

«Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Նախաձեռնողը Տաւոսի Տնտեսական Խորհրդաժողովի Նախագահն Էր» Կ՛ըսէ Հաճիեւ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.