Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ 21-էն 25 յունուար 2019-ին, որուն օրակարգին վրայ է Հայաստանի մէջ 9 դեկտեմբեր 2018-ին տեղի ունեցած արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու դիտարկման, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցը: Նիստի ընթացքին կը նախատեսուի ԵԽԽՎ նախագահի եւ փոխնախագահներու ընտրութիւն: ԵԽԽՎ-ի օրակարգին վրայ է նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտին անվստահութիւն յայտնելու հարցը:
ԵԽԽՎ-ի հայկական պատուիրակութեան ղեկավարը Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Ռուբինեանն է: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն նաեւ «Իմ քայլը» խմբակցութենէն Յովհաննէս Իգիթեան, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութենէն Նաիրա Զոհրապեան, «Լուսաւոր Հայաստան»-էն` Էտմոն Մարուքեան: