16 յունուարին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր ժողովին, որուն կը մասնակցին աշխարհի շուրջ 30 երկիրներէ աւելի քան 100 ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:
Նշենք նաեւ, որ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացման նիստէն ետք ժողովականները այցելած են Ստեփանակերտի յուշահամալիր, յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղիկներ զետեղած են Եղբայրական գերեզմանոցի եւ Արցախի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի յուշաքարին: