Մոսկուան կ՛ողջունէ ղարաբաղեան տագնապին լուծումներ գտնելու` Պաքուի փորձերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Կը կարծեմ` պէտք է ամէն ձեւով խրախուսել կարգաւորման հարցին մէջ լուծումներ գտնելու պատրաստակամութեան մասին Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները», ըսած է Լաւրով` աւելցնելով. «Յոյս ունիմ, որ մեր հայ գործընկերները ի պատասխան նոյն դիրքորոշումը կ՛արտայայտեն»:
«Հայաստանի մէջ անցեալ տարի իշխանութիւն փոխուած է, այդ պատճառով մեր աշխատանքը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր, սահմանափակուած է հանդիպումներով, որոնք աւելի ճանաչողական բնոյթ ունէին», նշած է ան` աւելցնելով. «Այս ամիս տեղի պիտի ունենայ համանախագահներու հանդիպումը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ, այնպէս որ, կը կարծեմ, այս ուղղութեամբ եւս մենք պիտի կարենանք մեր աւանդը ներդրել խնդիրի լուծման համար»:
«Ղարաբաղեան տագնապը հին, կարելի է ըսել` հինցած տագնապ է, սակայն ի հարկէ, այստեղ ալ կարելի է լուծում գտնել, եթէ Պաքուն եւ Երեւանը ունենան քաղաքական կամք, եւ ըլլայ միջազգային աջակցութիւն, ներառեալ համանախագահ երկիրներու աջակցութիւնը», ընդգծած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
«Ազատութիւն» կը գրէ, որ Լաւրովին երէկ ո՛չ հայ, ո՛չ ալ ազրպէյճանցի լրագրողները ղարաբաղեան տագնապի մասին հարցում ուղղած էին, սակայն, երբ ազրպէյճանցի լրագրողը հարցուցած է ռուս-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մասին, ան խօսած է նաեւ ղարաբաղեան տագնապին մասին:
Մամետեարովի Հանդիպումը` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ
Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով 15 յունուարին Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ) հետ:
Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան` հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայ-ազրպէյճանական տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: