Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիպիոյ հարցը Լիբանանի համար ազգային հարց է եւ անիկա ուղղակիօրէն առնչուած է լիբանանցի մեծ հեղինակութեան մը` իմամ Մուսա Սատըրի, որուն անյայտ կորսուելու թղթածրարին հետապնդումը վստահուած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին:
Արաբական տնտեսական վեհաժողովին Սուրիոյ մասնակցութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆըրզլի յայտնեց, որ Սուրիա այդ վեհաժողովին պէտք էր հրաւիրուէր` աւելցնելով, որ այս իմաստով որոշումը հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի մօտ չի գտնուիր:
Կառավարութեան կազմութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ֆըրզլի շեշտեց, որ ինք նեցուկ կը կանգնի վարչապետ Սաատ Հարիրիի:



