Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարար Մարիօ Քունասեք յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կարիքը չունի իր սեփական բանակը կազմելու, այլ` անվտանգութեան ու հասարակաց պաշտպանութեան քաղաքականութեան ոլորտին մէջ յաւելեալ գործակցութեան եւ անոր կողքին միջազգային այլ դաշինքներէն քիչ մը անկախացման:
Քունասեք յայտնեց, որ Եւրոպան կարիքը ունի ցամաքամասին վայել անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան:
«Եւրոպացի պաշտպանութեան բոլոր նախարարները համոզուած են հասարակաց կառոյցները, ներկայացուցչութիւններն ու մարզումները զարգացնելու կարեւորութեան` առանց մտածելու Եւրոպական Միութեան համար բանակի մասին, ինչպէս կը պատկերացնեն ոմանք», ըսաւ ան:
«Կարիքը ունինք այլ դաշինքներէն քիչ մը անկախանալու, սակայն այն ինչ որ մեզի համար պէտք չէ, մեծ բանակն է», ընդգծեց Աւստրիոյ պաշտպանութեան նախարարը` աւելցնելով, որ ատիկա չի նշանակեր, թէ անհրաժեշտ է ՕԹԱՆ-էն հեռանալ:



