ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէն կը գուժէ իր շրջանի հաւատաւոր ընկերներէն`
ԶՈՀՐԱՊ ԻՆՃԷԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2018-ին:
——————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Նորա Ինճէեան
Օրդ. Մատլեն Ինճէեան
Տէր եւ տիկին Հրայր եւ Մարիա Ինճէեան
Տէր եւ տիկին Մուրատ եւ Ազատ Ինճէեան եւ զաւակունք (Ֆրանսա)
Տիկին Վարշաքէ Ինճէեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Պարգեւ եւ Պերճուկ Տէօքմեճեան (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Զոհրապ եւ Պերթա Տէօքմեճեան եւ դստերք
Տիկին Արփինէ Տէօքմեճեան եւ զաւակունք (Հայաստան)
Ինճէեան եւ Տէօքմեճեան ընտանիքներ
Մարգարեան եւ Նաճարեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, աներոջ, եղբօր, հօրեղբօր, քեռայրին եւ հարազատին`
ԶՈՀՐԱՊ ԻՆՃԷԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Մուսա լեռ, 1935-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաթբի, 27 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 28 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին յետ թաղման արարողութեան, Այնճարի «Գալուստ» Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, իսկ շաբաթ, 29 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, ԼՕԽ-ի «Անահիտ» ակումբին մէջ, Մար Եուսեֆ:
——————————–
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Ժիրայր եւ Ալին Տէր Նիկողոսեան եւ զաւակները` Քարոլին, Ժիւլի եւ Ստեֆանի
Տիար Աբօ Տէր Նիկողոսեան եւ զաւակները` Քրիստել, Փոլին եւ Վարդան
Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Սիւզի Քարկոտորեան եւ զաւակները` Նաթաշա, Սերժիօ եւ Թաթիանա
Տէր Նիկողոսեան եւ Պենլեան ընտանիքներ
Չափրազեան եւ Ստեփանեան ընտանիքներ
Պուրմայեան եւ Չետիքեան ընտանիքներ
Քարկոտորեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց մօր, մեծ մօր, քրոջ, զոքանչին եւ հարազատին`
ՄԱՏԼԵՆ ՏԷՐ ՆԻԿՈՂՈՍԵԱՆԻ
(Ծնեալ` ՊԵՆԼԵԱՆ)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2018-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 29 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Զալքայի Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին թաղումէն առաջ եւ ետք, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ինչպէս նաեւ կիրակի, 30 դեկտեմբերին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, նոյն վայրին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կատարել Ս. Խաչ եկեղեցւոյ:
——————————–
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ՆԵՐՍԷՍ ՏԷՏԷԵԱՆի մահուան Ա. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
ՇԱՔԷ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 30 դեկտեմբեր 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
——————————–
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն:
Դիմել` հեռ. 76-695869:
—————————————
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի վարպետ ոսկերիչի (սետեքեր) եւ ադամանդաշարի մը: Դիմել` հեռ. 01-266514:
—————————————
ԿԸ ՆՈՒԻՐԵՆ
Ազունիէի Հայ ազգային բուժարանին կատարուած են հետեւեալ նուիրատուութիւնները.
– Քոյր Վերժին Պարոնեանի գործակից խմբակ 770.000 լ. ո.
– ՀԱՔ Տիկնանց ընկերային յանձնախումբ 50.000 լ. ո.
– Արփի Մկրտիչեան 150.000 լ. ո.
– Պատուելի Նշան եւ Մարիա Պաքալեան 75.000 լ. ո.
– Մէյ Նաժըմ 200.000 լ. ո.
– Ռիատ Սլիմ 100.000 լ. ո.
– Ռաղիտա Իմատ 50.000 լ. ո.
– Ֆրետի Էքմեքճեան 30.000 լ. ո.
– Մանալ եւ Սամիր Հասսաֆ 20.000 լ. ո.
-. Անժել Ճանճանեանի մահուան առիթով`
– Նելլի Խայեան 50.000 լ. ո.
– Մատլեն Խաչատուրեան 50.000 լ. ո.
– Կէտէլեան ընտանիք 50.000 լ. ո.
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԲԱՐԵՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ
ՄԻՈՒԹԻՒՆ-ԶԱԼՔԱ
BRUNCH
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ,
7 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՔՆԱՐ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԻ
ՏԻԿՆԱՆՑ ՕԺԱՆԴԱԿ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
14 ՄԱՐՏ 2019-ԻՆ
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՆԻԿՈԼ ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ

