Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաքու Պատրաստ Է Ապահովելու Արցախի Հայութեան Անվտանգութիւնը Եւ Անոր Բարձր Մակարդակի Ինքնակառավարման Իրաւունք Տրամադրելու» Կ՛ըսէ Մամետեարով

December 27, 2018
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով «Ինթըրֆաքս Ազրպէյճան» լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, թէ իր երկիրը պատրաստ է ապահովելու Արցախի հայութեան անվտանգութիւնը եւ անոր տրամադրելու բարձր մակարդակի ինքնակառավարման իրաւունք:

«Մեր երկիրը, ինչպէս կ՛ապահովէ այլ ազգային խումբերու ներկայացուցիչ իր քաղաքացիներուն անվտանգութիւնը, պատրաստ է ատիկա իր միջազգային պարտաւորութիւններուն համապատասխան ընելու նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ծագումով քաղաքացիներուն նկատմամբ», ըսած է Մամետեարով:

Ան նաեւ նշած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ապրած իսլամ համայնքը պատրաստ է վերադառնալու այդ տարածքներ:

«Գիտէք, անկարելի է հողը վերցնել եւ ատոր հետ միասին տեղափոխուիլ այլ վայր: Տագնապին լուծումէն ետք այս երկու համայնքները, ի հարկէ, պէտք է միասին ապրին: Ճիշդ այդ պատճառով կարեւոր է հայկական ու ազրպէյճանական համայնքներուն միջեւ կապերու վերականգնումը», ըսած է ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը` պնդելով, թէ մինչեւ պատերազմը հայերն ու ազրպէյճանցիները Արցախի մէջ ունեցած են այդ կապերը, որոնք «ցաւօք, խզուած են Հայաստանի նախկին ղեկավարութեան գործողութիւններուն պատճառով»:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան անդրադառնալով Մամետեարովի յայտարարութեան նշեց. «Երկու մօտեցում կրնայ ըլլալ այս յայտարարութեան առնչութեամբ: Կրնանք վերահաստատել մեր շատ յստակ դիրքորոշումը բանակցային հոլովոյթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի եւ անվտանգութեան գերակայութեան վերաբերեալ` երկու պարագային ալ տալով առաւել լայն բացատրութիւններ: Այնուամենայնիւ, կը կարծենք, որ զսպուածութիւն պէտք է ցուցաբերել հրապարակային յայտարարութիւններուն մէջ` այսպիսով սատարելով բանակցութիւններուն, եթէ ի հարկէ անկեղծ ցանկութիւն կայ պահպանելու անոնց նկատմամբ յանձնառութիւնը: Ասիկա յատկապէս կը վերաբերի այն դէպքերուն, երբ փորձ կը կատարուի սեփական միակողմանի տեսակէտները, ըստ էութեան, իբրեւ նախապայմաններ ներկայացնելուն: Պէտք չէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին փոխարէն որոշել անոր կամքը:

«Նախապայմանները, ալ չենք ըսեր` սպառնալիքները, ազդեցութիւն պիտի չունենան բանակցութիւններուն մէջ մեր դիրքորոշումին վրայ: Լաւատեսութեան կամ յոռետեսութեան դրսեւորումները հոլովոյթին վրայ ներգործութիւն ունենալու առումով հաւասարապէս անարդիւնաւէտ մեթոտներ են: Անհրաժեշտ է իրատեսական ըլլալ եւ իրապէս յանձնառու` բոլոր կողմերուն համար ընդունելի հանգուցալուծում գտնելուն»:

 

Նախորդը

Չաւուշօղլու. «Հայաստան Պատրաստ Է Առանց Նախապայմաններու Յարաբերութիւններ Հաստատելու, Սակայն Մենք Յստակ Նախապայման Ունինք»

Յաջորդը

«Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար Յստակ Ժամկէտներ Չենք Դներ» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.