Պիելոռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս յոյս ունի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղարի լիազօրութիւնները կատարել սկսելու 2019-ի սկիզբը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Կազեթա» կայքը:
«Տակաւին ոչ բոլոր ընթացակարգերը աւարտած են: Կը կարծեմ, որ (տարուան) մնացեալ օրերուն եւ յառաջիկայ տարուան առաջին օրերուն բոլոր իրաւական ընթացակարգերը կ՛աւարտին, եւ կը սկսի աշխատանքը նոր պաշտօնին վրայ», ըսած է Զաս:
Նախքան այդ հաղորդուեցաւ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ ստորագրած է ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին Սթանիսլաւ Զասի նշանակման մասին ՀԱՊԿ-ի խորհուրդի որոշումի նախագիծը: