Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամանորեան Ուրախ Մթնոլորտ` «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային – Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

December 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով լիբանանահայ գաղութին մէջ գործող տարբեր բարեսիրական միութիւններ դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին այլազան ձեռնարկներով կը նշեն այս ուրախալի եւ հոգեփոխիչ տօները` նպատակ ունենալով ժպիտ պարգեւել տարեցներուն եւ ինչու չէ նաեւ փոքրերուն: Այս առումով Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ ուրբաթ, 21 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:30-ին տեղի ունեցաւ կեդրոն յաճախող տարեցներու Ամանորի հաւաք- տօնակատարութիւն` ներկայութեամբ պատրիարքական թեմի Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ մարմինի ատենապետ, նախկին երեսփոխան մեթր Ժաք Չուխատարեանի եւ մեթր Սերժ Չուխատարեանի:

Գէորգ եպս. Ասատուրեանի Տէրունական եւ սեղանի օրհնութեան աղօթքով ընթացք առաւ հաւաքը:

Օրուան հանդիսավար Փաթիլ Մկրտիչեան ողջունեց ներկաները եւ նշեց, որ այս կեդրոնը տարեցներուն ժամադրավայրը եղած է ամէն տարի` Նոր տարուան սեմին:

«Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոն յաճախողներէն մէկը բոլորին անունով շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց կեդրոնի պատասխանատուներուն:

«Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ ամէն բան սկիզբ եւ վերջ ունի: Մարդկային յաւերժութիւններ գոյութիւն չունին: Միայն Աստուած յաւերժութիւն է: Ամէն ինչի սկիզբը կրնայ ըլլալ աննշան ծնունդ մը ու ամէն բանի վերջը` սովորական մահ մը: Ապա ան ըսաւ, թէ ամէնէն կարեւոր բանը կեանքն է, եւ մեր չըրած ու ըրած գործերը կը մնան: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան թուեց անուններ, որոնք յատկանշուած են իրենց համամարդկային գործունէութեամբ: «Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնը հիմնուած է 1946-ին եւ շրջանի բնակիչներուն ծանօթ է իբրեւ մայրապետներու դարմանատուն: Ան ահազանգ հնչեցուց այս կեդրոնին գործունէութեան մասին եւ ըսաւ, որ անոր յարատեւութիւնը կ՛երաշխաւորուի միայն անոր սատարելով: Դժբախտաբար այսօր բարեսիրական միութիւններ դառն իրականութիւն կ՛ապրին, որովհետեւ բարերարներ երես կը դարձնեն աղքատներուն եւ կը մերժեն որեւէ տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերել: Ան առանձնայատուկ կերպով գնահատեց Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ մարմինը, որ տարիներէ ի վեր աչալուրջ կերպով կը հետեւի այս կեդրոնին եւ միշտ զօրավիգ կը կանգնի կեդրոնի ծրագիրներուն: Կեդրոնի տնօրէնը իր խօսքին վերջին բաժինը ուղղեց տարեցներուն եւ մաղթեց, որ անոնք օր մը ինքնաբաւ ըլլան: Ան ըսաւ, թէ տարեցները մոմի պէս հալեցան, որպէսզի նոր սերունդը իրենց կեանքը բարելաւէ: Ան յոյս յայտնեց, որ քարացած սրտերը Աստուած փափուկցնէ Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, եւ կարենանք վերագտնել մեր ժողովուրդի քրիստոնէավայել համբաւը:

Սրտի եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց պատրիարքական թեմի Պէյրութի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան յայտնեց, որ այստեղ մէկտեղումին նպատակն է տօնել  Յիսուսի Ծնունդը: «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մասին մտածող մարդիկ կան, եւ յատուկ գուրգուրանքի արժանացած է Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ մարմինին կողմէ: Ան մեծապէս գնահատեց մեթր Ժաք Չուխատարեանը եւ մնացեալ անդամները իրենց ներկայութեան, նուիրումին եւ հետաքրքրութեան համար: Ապա գերապայծառը խօսեցաւ Ս. Ծննդեան խորհուրդին մասին եւ յայտնեց, որ Յիսուսի ծնունդը սէր, ներում եւ շնորհ է: Գէորգ եպս. Ասատուրեան խնդրեց տարեցներէն աղօթել այս անդամներուն համար, որպէսզի միշտ բարի առաքեալներ ըլլան եւ կարենան հասնիլ այս կեդրոն յաճախող տարեցներուն պէտքերուն ու ժպիտ դրոշմեն անոնց դէմքերուն:

Պէտք է նշել, որ յիշարժան, ուրախալի եւ դաստիարակիչ նախաձեռնութեամբ մը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի երկրորդականի ԺԲ. դասարանի աշակերտները ներկայ գտնուեցան այս եզակի հաւաքին եւ հայկական շուրջպարերով, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան երգերով «Նարեկի Տիրամօր» կեդրոն յաճախող տարեցներուն սրտերը ուրախութեամբ լեցուցին:

Հայկական ճոխ երգերով երգիչ Շաքէ Պաղտասարեան խանդավառեց ներկաները:

Աւարտին իւրաքանչիւր տարեց Կաղանդ պապուկէն ստացաւ իր նուէրը եւ գոհունակ սրտով մեկնեցաւ տուն:

 

 

Նախորդը

Արուեստագէտ Յովսէփ Գասպարեանին Ցուցահանդէսը «Պատկեր» Մշակոյթի Տուն-Օճախին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Առիթով Կ՛այցելէ Ազունիէի Ազգային Բուժարան Եւ «Թռչնոց Բոյն»

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մօտ Իրանի Դեսպանը

February 3, 2026
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային Ներկայացուցչական 52-րդ Ժողով

February 3, 2026
Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.