Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստագէտ Յովսէփ Գասպարեանին Ցուցահանդէսը «Պատկեր» Մշակոյթի Տուն-Օճախին Մէջ

December 22, 2018
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգշաբթի, 20 դեկտեմբեր 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Պատկեր» մշակոյթի տուն-օճախին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Յովսէփ Գասպարեանին «Մասնիկներ» ցուցահանդէսը:

Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Արփի Մանկասարեանը: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր արուեստասէր եւ մշակութասէր ներկաներուն, ապա ըսաւ, որ Յովսէփ Գասպարեանը ոչ միայն նկարիչ է, այլ նաեւ արուեստագէտ` բառին բուն իմաստով: «Պատկեր»-ը իր դռները միշտ բաց պահած է արուեստագէտներուն առջեւ: Ան ըսաւ, որ Յովսէփ Գասպարեանին գործերը հայկական մեծ արժէք ներկայացնող գործեր են:

Այնուհետեւ խօսք առաւ հայր Օշին Չուալերթանեան: Ան ըսաւ. «Եթէ մենք հին պատմութեան էջերը բանանք եւ կարդանք, կը նշմարենք, որ արուեստը բոլոր ժամանակներուն մէջ ալ մարդ արարածին տուած է նոր միտքեր, որոնք անհատին մտահորիզոնը փոխադրած են դէպի երեւակայութեան աշխարհ, որ մարդը մղած է իր երեւակայածը յանձնել կտաւին` ըլլայ անիկա սեւ- ճերմակ կամ գունաւոր` նայած նկարիչի ապրումներուն ու երեւակայութեան: Անոնք իրենց նկարչութեան ընդմէջէն շատ աւելի գեղեցիկ նկարած են բնութիւնը կամ որեւէ նիւթ, քան` իրական վիճակին մէջ գտնուածը»:

Ան ըսաւ, որ եթէ այսօր նկարչութեան կրօնական անկիւնէ նայինք եւ զայն ուսումնասիրենք, կը տեսնենք, որ անիկա կը նմանի աղօթքի, որովհետեւ յաճախ կը կրկնուի մեր կեանքին մէջ սերունդէ սերունդ:

Խօսքի աւարտին անդրադառնալով Յովսէփ Գասպարեանի նկարներուն` ըսաւ. « Այսօր մեր զգացումները պիտի յագեցնեն Յովսէփին նկարները, որոնցմէ պիտի ծնին նոր գաղափարներ, որոնց նայելով` պիտի ըսենք, որ արուեստը աղօթքի նման ժամանակին հետ քայլ կը պահէ ու չի մեռնիր, այլ ընդհակառակը, օրէ օր կը նորոգուի իւրաքանչիւր վրձինի հարուածով»:

Ցուցասրահին մէջ ներկայացուած էին Յովսէփ Գասպարեանէն 36 տպաւորապաշտ պատկերներ, որոնցմէ ամէն մէկը շնչող ու կենդանի վկայութիւն մըն էր: Յովսէփին պատկերները դիտելով` կարելի է զգալ հարազատութիւն, սէր ու ջերմութիւն: Որոշ նկարներու մէջ Յովսէփը մեծ բծախնդրութեամբ ներկայացուցած է հայկական արժէքները:

Հիւրասիրութեան մը հետ մէկտեղ` ներկաները ըմբոշխնեցին Յովսէփ Գասպարեանի կեանքով ու սիրով լեցուն պատկերները:

 

Նախորդը

Դաշնակցութեան Ընելիքով Մի՛ Մտահոգուիք

Յաջորդը

Ամանորեան Ուրախ Մթնոլորտ` «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային – Բժշկական Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք  Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր  Զայն Թիրախաւորել»
Գաղութային

Բագրատունի. «Եթէ Դաշնակցութիւնը Արժէք Եւ Ուժ Չունենար, Ոչ Ոք Պիտի Ուզէր Զայն Թիրախաւորել»

September 17, 2026
«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.