Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երեւանի Մէջ Լոյս Տեսած Է Թուրք Մտաւորական Տողան Աքհանլըի` Ցեղասպանութեան Մասին Գիրքի Հայերէն Թարգմանութիւնը
Հայաստանի մէջ հրատարակուած է Գերմանիա բնակող թուրք մտաւորական Տողան Աքհանլըի «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» գիրքին (թուրք.` «Kıyamet Günü Yargıçları ») հայերէն թարգմանութիւնը: Գիրքին թարգմանիչը եւ մեկենասն է Սոնա Զաքարեանը: Գիրքը լոյս տեսած է «Նոյեան տապան» հրատարակչութեան կողմէ: Այդ մասին կը հաղորդէ «Ակունք»-ը` վկայակոչելով Սոնա Զաքարեանի դիմատետրեան գրառումը:
Աղբիւրին համաձայն, սոյն գիրքի թրքերէն տարբերակը հրատարակուած է 1999 թուականին, Պոլսոյ մէջ, «Պելկէ» հրատարակչութեան կողմէ: 1998-1999 թուականներուն թրքերէն լոյս տեսած էր անոր «Անհետացած ծովերը» ընդհանուր վերնագրով եռագրութիւնը, որ կը ներառէ «Սպասելով ծովը», «Կակաչներու դաշտը», «Ահեղ դատաստանի դատաւորները» ստեղծագործութիւնները:
Նշենք, որ Տողան Աքհանլըն ծնած է 1957-ին, ներկայի Թուրքիոյ տարածքին գտնուող Շաւշաթ գաւառը: 1985-1987 թուականներուն ան իր ձախակողմեան հայեացքներուն պատճառով Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է` որպէս ընդդիմադիր եւ կտտանքներու ենթարկուած` թրքական բանտին մէջ: 1992-ին արտագաղթած է Գերմանիա եւ մինչ օրս կ՛ապրի Քէօլն քաղաքին մէջ:
Աքհանլըին վէպերը Թուրքիոյ մէջ ընդգրկուած են լաւագոյններու շարքին մէջ: 2005-ին անոր հեղինակած «Տիրամօր վերջին երազը» վէպը արժանացած է «Հիւրրիէթ»-ի 2009-ի մրցանակին: 2005-ին թուրք գրաքննադատները անոր այս գիրքը դասած են 10 լաւագոյն վէպերու շարքին:
Աքհանլըն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ իր քաղաքական հայեացքներուն պատճառով երկար տարիներ չէր կրնար այցելել Թուրքիա: Ան 2005-ին այցելած է Հայաստան:
Բակօ Սահակեանը Այցելած Է Մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Մէջ Կառուցուող Աստուածամօր Սուրբ Հովանի Մայր Եկեղեցի
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը վերջերս այցելած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ կառուցուող Աստուածամօր Սուրբ Հովանի մայր եկեղեցւոյ շինհրապարակ եւ ծանօթացած է իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին:
Նշենք, որ նախագահին կ՛ուղեկցէին` Հայ առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Սուրէն Գրիգորեանը, քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը եւ պաշտօնատար այլ անձինք:
Կիներու Նկատմամբ Բռնութեան Եւ Ընտանեկան Բռնութեանկանխարգիլման Խորհրդաժողով Երեւանի Մէջ
Հայաստանի արդարադատութեան նախարարի տեղակալ Վիգէն Քոչարեանը մասնակցեցաւ «Հայաստանի մէջ կիներու նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլում եւ անոր դէմ պայքար» նիւթով խորհրդաժողովին: Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը յայտնեն, որ Եւրոպայի խորհուրդին կազմակերպած հանդիպման ներկայ եղան նաեւ` Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վուտովանը, Հայաստանի աշխատանքի եւ հասարակական հարցերու նախարարի տեղակալ Արսէն Մանուկեանը, Հայաստանի ոստիկանութեան քրէական հետախուզութեան գլխաւոր վարչութեան անչափահասներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի վարչութեան նախագահ Նելլի Դուրեանը, Հայաստանի արդարադատութեան ակադեմիայի փոխտնօրէն Անահիտ Մանասեանը եւ ուրիշներ:
Վիգէն Քոչարեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի մէջ Եւրոպայի խորհուրդի գրասենեակին եւ ընդգծեց, որ Եւրոպայի խորհուրդը միշտ իր աջակցութիւնը ցուցաբերած է Հայաստանի մէջ կիներու նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման եւ անոր դէմ պայքարի ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն: Ըստ Վ. Քոչարեանին, վառ ապացոյց է ապրիլ 2018-ին Եւրոպայի խորհուրդին կողմէ սկսած «Կիներու նկատմամբ բռնութեան կանխարգիլում եւ անոր դէմ պայքարը Հայաստանի մէջ» ծրագիրին իրականացումը, որուն նպատակն էր զարգացնել ընտանեկան բռնութեան կանխարգիլման մասնակցող հիմնական կառոյցներուն կարողութիւնները:
«Ինչպէս գիտէք, ճիշդ մէկ տարի առաջ Ազգային ժողովին կողմէ ընդունուեցաւ «Ընտանիքին մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքին մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» օրէնքը, որ ուժի մէջ մտաւ այս տարուան յունուարին: Աւելորդ չէ նշել, որ այս օրէնքին ընդունման ճանապարհը բարդ էր, եւ կային որոշ խոչընդոտներ. մասնաւորապէս զանազան թիւրըմբռնումներ` օրէնքի կարգաւորման ծիրի մէջ եւ բնոյթին վերաբերեալ: Հակառակ այդ բոլորին` մենք յաջողեցանք ընդունիլ օրէնքը, որ նախապայմաններ ստեղծեց այս ոլորտին մէջ մեր հետագայ քայլերուն համար», նշեց նախարարին տեղակալը:
Վիգէն Քոչարեանը նաեւ անդրադարձաւ օրէնքի բովանդակութեան` նշելով, որ անիկա կը կարգաւորէ ընտանիքին մէջ բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան կազմակերպական-իրաւական հիմերը, կը սահմանէ` ընտանիքին մէջ բռնութեան հասկացողութիւնը, ընտանիքին մէջ բռնութեան կանխարգիլման եւ ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս իրաւասու մարմիններու լիազօրութիւնները, պաշտպանութեան միջոցներու տեսակները, անոնց կիրարկման հիմերը, ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած եւ ընտանիքին մէջ բռնութիւն գործադրած անձերու հաշտեցման, ընտանիքին մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու մասին տեղեկութիւններու իրաւական պաշտպանութեան առանձնայատկութիւնները:
Այս ծիրին մէջ փոխնախարար Քոչարեանը համոզուած է, որ օրէնքի ընդունումը առաջին քայլն է, պէտք է ստեղծուին օրէնքը ամբողջութեամբ կիրարկելու ենթաօրէնսդրական հիմքեր եւ ճկուն համագործակցութեան կարելիութիւններ:
Յայտնենք, որ խորհրդաժողովին ներկայացուեցան նաեւ նշեալ հարցին վերաբերող` Եւրոպայի խորհուրդին չափանիշները, կիներու նկատմամբ բռնութեան եւ ընտանեկան բռնութեան դէմ պայքարի եւ կանխարգիլման փորձառութիւնը:
Արցախի Մէջ Թխած Են Երեք Մեթր Երկարութեամբ Ժենգեալով Հաց
Հադրութի շրջանի վարչակազմի աշխատակազմի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինի վարիչ Երազիկ Հայրիեանը յայտնեց, որ մրցանիշ կոտրած ուտելիքը պատրաստուած է 1 ժամ 30 վայրկեանի մէջ` 8 հոգիի մասնակցութեամբ:
«Ժենգեալով հացի պատրաստման համար օգտագործուած է 26 կանաչեղէնի տեսակներ, որոնք կ՛աճին միայն Արցախի մէջ: Պատրաստուած է հացին չափին համապատասխանող յատուկ սալօճախ», յայտնեց Ե. Հայրիեանը:
Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Պաշտօնական Նոր Կայք Ունի
13 դեկտեմբերին Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ նախարարութեան պաշտօնական նոր կայքին շնորհահանդէսը, որուն բացումը կատարեց արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը:
Նախարարը յայտնեց, որ նոր կայքին վրայ տեղ գտած են ոլորտին վերաբերող նոր փաստաթուղթեր, հետաքրքրական նիւթեր, ինչպէս նաեւ` կառոյցի առաջնահերթութիւններուն վերաբորող տեղեկութիւններ:
Հաղորդենք, որ հանդիսութեան ընթացքին ցոյց տրուեցաւ Արցախի մասին նոր պատրաստուած ռուսերէնով եւ անգլերէնով շարժանկար մը` «Արցախ. պատմութիւն եւ հակամարտութիւն» խորագիրով:
Տեղի Ունեցաւ Գաւառի Պետական Համալսարանի Յոբելենական Գիտաժողովը
17 դեկտեմբերին Գաւառի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի ամէնամեայ` 21-րդ գիտաժողովը, որ նուիրուած էր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին եւ Գաւառի պետական համալսարանի հիմնադրման 25-րդ տարեդարձին:
Գիտաժողովին մասնակցեցան ութսունէ աւելի հեղինակներ եւ համահեղինակներ` Գաւառի պետական համալսարանէն եւ Հայաստանի տարբեր համալսարաններէ ու գիտահետազօտական հիմնարկներէ: Զեկուցում մը ներկայացուած էր նաեւ Արցախի պետական համալսարանէն:
Մասնակիցները ողջունեց ԳՊՀ հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Հրանուշ Յակոբեանը, որ ներկայացուց զեկուցում` ‹‹Սպիտակի երկրաշարժի դասերը վերլուծութիւն երեսուն տարի անց›› թեմայով եւ պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն:
ԳՊՀ տնօրէն Ռուզաննա Յակոբեանը շնորհակալութիւն յայտնեց գիտաժողովի բոլոր մասնակիցներուն եւ կարեւոր համարեց կրթութեան ու գիտութեան օրկանական կապը, դասախօսներու գիտահետազօտական գործունէութիւնը եւ գիտական արդիւնքի կիրարկումը ուսումնական գործընթացին մէջ:
Ռ. Յակոբեանը հանդէս եկաւ զեկուցումով` ‹‹Կրթութիւնը որպէս բազմաչափ հասկացութիւն›› թեմայով, անդրադառնալով կրթութեան փիլիսոփայական, պատմական, ընկերային եւ իրաւական հիմքերուն, ինչպէս նաեւ` արդի կրթական համակարգին առջեւ ծառացած հիմնախնդիրներուն:
Լիագումար նիստէն ետք գիտաժողովի աշխատանքները շարունակուեցան բնական եւ մարդասիրական գիտութիւններուն վերաբերող վեց մասնագիտական բաժանմունքներու մէջ:
Արագածոտնի Մարզի Զարինջա Գիւղին Մէջ Նշուած Է Բնակարանամուտ
Աթոյեաններուն ընտանիքը առաջիններէն էր, որ ընդգրկուած էր ընթացիկ տարուան բնակարանաշինութեան ծրագրին մէջ: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի գործակցութեան իբրեւ արդիւնք` ձմրան երկրորդ տասնօրեակը ամենասպասուածը դարձած է անոնց համար: Այսպիսի ձեռքբերում կարեւոր է բոլորին` ծրագիրը իրականացնողներուն, շինարարութեան շուրջ համախմբուած կամաւորներուն եւ երկարատեւ սպասումէ ետք` տանտէր դարձածներուն համար:
Աթոյեանները չորս տարի առաջ ձեռք բերած էին կիսակառոյց շինութիւն մը, ուր ապրելու իրենց ձգտումը աւարտած էր անյաջող փորձով մը` կիսաքանդ յատակով, կարգ մը տեղերէ ջուր կաթող տանիքով, շարքէ դուրս եկած դուռ-պատուհաններով: Շինութեան ընթացքին դիմացած էին ընդամէնը երկու ամիս: Արամը իր ընտանիքով ստիպուած եղած էր վերադառնալու հայրական օճախ եւ ապրելու եղբօրը ընտանիքին հետ, 11 հոգիով` նոյն յարկին տակ:
«Երբ տունը գնեցինք, բոլորս շատ ուրախ էինք. համոզուած էինք, որ ո՛չ միայն իմ, այլեւ եղբօրս ընտանիքը տանտէր պիտի դառնար: Ծնողներս ալ կ՛ապրէին հանգիստ եւ առանց նեղութեան: Երկու ամիս կիսակառոյցին մէջ ապրելու փորձեր կատարելէ ետք, ստիպուած, կրկին հայրական տուն տեղափոխուեցանք® անհնար էր այդ պայմաններուն մէջ ապրիլը: Այս ծրագիրը մէկ անգամէն երկու ընտանիքի երջանկութեան պատճառ դարձած է: Ալ ի՛նչ կրնայ երազել մարդը, եթէ ոչ` իր սեփական անկիւնն ու տանիքը: Շնորհակալ ենք», ըսաւ ընտանիքին հայրը` Արամը:
Կիսակառոյց տան շինարարական աշխատանքներուն մասնակցած են նաեւ գործընկեր կազմակերպութիւններու կամաւորները: Անոնց աջակցութեամբ, Աթոյեաններուն կիսակառոյց շինարարութիւնը աւարտած է կարճ ժամկէտով: Ընտանիքը բնակարանամուտը նշած է աջակցողներուն հետ:
«Այս ծրագիրը թոյլ կու տայ աջակցելու այնպէս մը, որ դժուարութիւններու մէջ գտնուող քաղաքացին իր հարցերը յաղթահարէ արժանապատուութեամբ: Այդ մէկը շատ կարեւոր է մեզի համար: Մեր գործակցութեան հիմը` այդ չափանիշն է: Ան, որ կը յաջողի դուրս գալ անյաղթահարելի թուացող վիճակէ, պէտք է չկաշկանդուի նաեւ հետագային: Մենք կը մերժենք անտարբերութիւնը եւ կ՛ակնկալենք, որ բնակարանի տէր դարձած իւրաքանչիւր ընտանիք մէկընդմիշտ հրաժեշտ տայ յուսահատութեան», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Երիկեանը:
«Հերթական բնակարանամուտը կը տօնենք: Հանապազօրեայ հացը սեփական քրտինքով վաստակող այս շինական ընտանիքը տարիներու ընթացքին կորսնցուցած էր իր սեփական տանիքը ունենալու յոյսը: Այսօր նորոգուած է ե՛ւ այդ յոյսը, ե՛ւ ապագայի նկատմամբ լաւատեսութիւնը: Կարելի է ըսել, որ մէկ ընտանիքի աջակցելով` փաստօրէն երկու ընտանիքի հարց լուծելու հիանալի կարելիութիւն ստեղծուեցաւ», նշած է Հայաստանի «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեանը:
Կարէն Վարդանեանը 52 Միլիոն Դրամ Արժող Սարքեր Նուիրեց Մանկական Հիւանդանոցին
Բարերար, «Կրան հոլտինկ»-ի սեփականատէր Կարէն Վարդանեանը 52 միլիոն դրամ արժողութեամբ արհեստական շնչառութեան հինգ սարքեր նուիրեց «Ս. Աստուածամայր» բժշկական կեդրոնի մանկական վերակենդանացման բաժանմունքին:
Հաղորդենք, որ «Համիլթըն» զուիցերիական սարքերը նորագոյններէն են իրենց տեսակին մէջ:
Աշոցքի Մէջ Դահուկային Նոր Համալիր Մը Պիտի Բացուի
Յունուարին Աշոցքի մէջ պիտի բացուի դահուկային զբօսաշրջութեան բացառիկ համալիր մը: Այս մասին յայտնեց լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ Հայաստանի դահոյկի դաշնակցութեան գլխաւոր քարտուղար Գագիկ Սարգսեանը:
«Մենք Եւրոմիութենէն նիւթական աջակցութիւն ստացած ենք, եւ այնտեղ պիտի կառուցուի դահուկային փոքր համալիր մը, որ ունի մեծ հեռանկար: Պիտի փորձենք Աշոցքը դարձնել Հայաստանի դահուկային կեդրոններէն մէկը: Անիկա պիտի դառնայ ձմեռնային, արկածախնդրական զբօսաշրջութեան կեդրոն», յայտնեց Սարգսեանը` աւելցնելով, որ այս ձեւով նաեւ զարկ պիտի տրուի մարզական զբօսաշրջութեան զարգացման:
Նշենք, որ դահուկային համալիրին բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19-20 յունուարին: