ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

ձախին՝ Պօղոս Շահմելիքեան, Խոսրով Ասոյեան եւ Արա Մածունեան
Թատերասէր եմ, սակայն թատրոնի եւ թատրերգութիւններու մասին կարծիք արտայայտելը կարողութենէս վեր է: Փոխարէնը` քանի մը յուշերով կ՛ուզեմ անդրադառնալ 40 օրեր առաջ մեզմէ յաւերժ հեռացած, սփիւռքի լաւագոյն թատերագիրներէն Արա Արծրունիի մասին, որուն գործերուն հիացող մըն եմ:
Արա Արծրունիին հետ մեր ընտանեկան բարեկամութիւնը կ՛երկարի մինչեւ մանկութեանս տարիները:
Երէց եղբայրս` Անդրանիկը եւ Արան հասուն երիտասարդներ էին, իսկ ես` տակաւին երեխայ:
Դժբախտաբար ժամանակին չեմ հետաքրքրուած, թէ ո՞ւր եւ ե՞րբ սկսած է այդ բարեկամութիւնը, որ եղբօրս կանխահաս մահէն ետքն անգամ շարունակուեցաւ: Փոխարէնը` կը յիշեմ ի՛մ եւ Արա Արծրունիին ծանօթութիւնը, որ սկսած է Շթորայի մէջ: Որպէս գիւղագնացներ` երկուքիս ընտանիքները դրացիներ էին:
Այդ տարիներուն «դրացի»-ն տարբեր նշանակութիւն ունէր եւ ներկայ օրերու դրացնութենէն տարբեր էր, մասնաւորաբար` Շթորայի նման հայկական գիւղին մէջ:
Արա կը բնակէր իր մօրը հետ: Հայրը կորսնցուցած էր շատ կանուխ, իսկ քոյրերը արդէն կազմած էին իրենց ընտանեկան բոյները: Չորս քոյրերուն կրտսերագոյնն էր:
Արային մայրը եւ երէց քոյրս` Ալիսը, հակառակ իրենց տարիքի բաւական մեծ տարբերութեան, «ընկերուհիներ» էին:
Քիչեր գիտէին իր Արաքսի անունը: Ծանօթ էր իր մականունով` տիկին Արծրունի:
Լիբանանահայ օգնութեան խաչի շրջանայինի անդամ էր եւ` Կազդուրման կայանի պատասխանատուն:
Հայրս եւ եղբայրս, ինչպէս նաե` Արան, միայն շաբաթավերջերուն կը բարձրանային գիւղ: Շաբթուան մնացած օրերուն տիկին Արծրունին բնաւ առանձինը չէր: Շրջապատուած էր Կազդուրման կայանի չքաւոր երեխաներով եւ քանի մը օգնական ուսուցչուհիներով:
Կազդուրման կայանի երեխաներէն մէկուն մայրը, շատ հաւանաբար` անուս կին մը, «Տիկին Կաստուր Մանկայեան» կանչած է զինքը, եւ երկար տարիներ, մտերիմ շրջանակի մէջ, իր ծածկանունը մնացած էր «Տիկին Մանկայեան»:
Եղբօրս բարեկամներէն ամենաշատը Արան տպաւորած էր զիս: Երկար ժամանակ կը տրամադրէր ինծի: Իր անհատնում հարցում-պատասխաններով կը զարգացնէր զիս նոր գիտելիքներով:
Սրամիտ էր:
«Եկո՛ւր` տեսնենք, ձմերուկդ հասունցա՞ծ է», ըսելով, իսկական ձմերուկի մը խակ կամ հասուն ըլլալը քննելու նման, մատներովը կամացուկ մը կը «թմբկահարէր» գլուխս, եւ ամէն անգամ` «Լաւ է, հասուննալու մօտ է», կը կատակէր:
Տարիներ ետք, երբ արդէն հասուն տարիքի երիտասարդ էի, մտերմաբար ձեռքը գլխուս դնելով` ըսաւ. «Կրնամ վստահեցնել, որ «ձմերուկդ» արդէն իսկ հասունցած է»:
Խնդացինք եւ յիշեցինք Շթորայի անուշ յիշատակներով լեցուն, անմոռանալի օրերը:
Գիւղագնացութեան շրջանի ամէնօրեայ հանդիպումները վերջ կը գտնէին, երբ կը վերադառնայինք քաղաք:
Արա Արծրունին իր մօրը հետ կը բնակէր քաղաքի շրջանը, իսկ մենք` նախ Էշրեֆիէ, իսկ աւելի ուշ` Պուրճ Համուտ, եւ զիրար կը տեսնէինք միայն առիթներով:
Վրայ հասաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը եւ Արծրունի ընտանիքը փոխադրուեցաւ արեւելեան Պէյրութ: Արա արդէն իսկ ընտանիք կազմած էր Ռիթա Արապեանին հետ եւ ունէին երկու մանչ զաւակներ` Արսէնն ու Սեւակը:
Արային հետ մտերմութիւնս վերսկսաւ հասուն տարիքիս:
Երկար տարիներ մաս կազմեցի «Փորձառական թատրոն»-ին` որպէս քուլիսային աշխատող, առաւելաբար յանձն առնելով թատրերգութիւններու երաժշտական կարիքները. Արծրունիի գործերէն` «Վահագն» եւ «Միալար երաժշտութիւն» թատերախաղերը ներկայացուեցան սոյն թատերախումբին կողմէ, եւ այդ տարիներուն մեծ աղմուկ բարձրացուցին իրենց յանդուգն նիւթերով եւ նորութիւններով:
Տարին` 1977: Հաւաքուած ենք «Փորձառական թատրոն»-ի բեմադրիչ Զոհրապ Եագուպեանին բնակարանը` կարդալու եւ վերլուծելու «Վահագն» թատերախաղը: Արա Արծրունիին թատրերգութիւնները մէկէ աւելի անգամներ կարդացուելու կարիքը ունին: Իւրաքանչիւր ընթերցումին կը հանդիպինք միտքերու, որոնք նախապէս չէինք նկատած:
Առաջին ընթերցումը աւարտած է: Քար լռութիւն: Սքանչացած ենք բոլորս:
Առաջին խօսք առնողն եմ. «Հիանալի է»: Բոլորը կ՛երկրորդեն:
Արա Արծրունին համեստօրէն չ՛ուզեր գովաբանական խօսքեր լսել, փոխարէնը` կը նախընտրէ թեր ու դէմ կարծիքներ եւ առաջարկներ, ու դառնալով ինծի`
«Մենք հին բարեկամներ ենք, պէտքը չունիս այդ գովաբանական խօսքերուն»:
14 ապրիլէն 8 մայիս 1977:
«Վահագն» թատերախաղը մեծ ընդունելութեան արժանացաւ: Մօտաւորապէս 70 հոգի իրենց մասնակցութիւնը բերին այդ սքանչելի թատերախաղին: Դերակատարներու կողքին, կային նաեւ մեծ թիւով ԼԵՄ-ականներ` որպէս արտասանական խումբ, եւ` գեղջուկներ, ինչպէս նաեւ` նուագախումբ մը:
Իւրաքանչիւր ներկայացումին Արա եւ Ռիթա Արծրունիները ներկայ էին: Կը նստէին «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի ամենաետեւի շարքին անկիւնը: Արան ուշադրութեամբ կը հետեւէր ներկայացման: Չէր ուզեր, որ իր գրութենէն ոչ իսկ մէկ բառ մոռցուի: Թատրերգութեան իւրաքանչիւր տողը մեծ նշանակութիւն եւ իմաստ ունի:
Տարբեր բեմադրիչներ միեւնոյնը արտայայտուած են Արա Արծրունիին մասին: Ո՛չ իսկ ստորակէտ մը կ՛ուզէր, որ փոխուի բնագիրէն:
* * *
Արա Արծրունին աշխատակցած է «Ազդակ» օրաթերթին, ինչպէս նաեւ` «Բագին», «Կամար», «Սփիւռք» եւ «Արծիւ» պարբերաթերթերուն:
Գրած է պատմուածքներ եւ թատրերգութիւններ: Կարօ Սասունի, կարդալէ ետք անոր գործերը, անոր մէջ նկատած է ապագայ թատերագիրը եւ` քաջալերած, որ նուիրուի գրականութեան թատրերգութեան ճիւղին:
Արան յուսախաբ չըրաւ Սասունին: Արեւմտեան գրականութեան ժառանգ ձգեց տասնեակներով թատրերգութիւններ: Անհեթեթի թատրերգութեան հազուագիւտներէն է ան: Հաւանաբար` առաջինը, ո՞վ գիտէ, թերեւս միակը:
Հայրը կորսնցուցած է շատ փոքր տարիքին: Նիւթական չափազանց նեղ կացութեան մէջ գտնուելնուն պատճառով հինգերորդ դասարանին ստիպուած է հեռանալ դպրոցական նստարաններէն` նետուելու համար կեանքի ասպարէզ, սակայն ինքնաշխատութեամբ սորված է ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուները: Կը կարդար միջազգային գրականութիւն: Կ՛ուսումնասիրէր, կը վերլուծէր եւ որպէս հրապարակագիր` իր ուսումնասիրութիւնները կը ներկայացնէր հանրութեան:
2014-ին Արա Արծրունին պարգեւատրուած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Ուիլիըմ Սարոյեան» շքանշանով, իսկ 2017-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառին կողմէ արժանացած է «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին:
* * *
Արային հետ վերջին հանդիպումս 2015-ին էր, երբ կողակիցին հետ կարճ այցելութեամբ մը կը գտնուէր Լոս Անճելըս:
Արային եւ Ռիթային հետ տեսնուեցանք տանս մէջ, որմէ ետք Արան փափաքեցաւ քանի մը հին բարեկամներու հանդիպիլ:
Հաւաքին ներկայ էին «Ազդակ»-ի նախկին խմբագիր Սարգիս Մահսէրէճեանը, բանաստեղծ Խոսրով Ասոյեանը, «Փորձառական թատրոն»-ի նախկին դերասաններէն` Արա Մածունեանը, օրուան հիւրը` Արա Արծրունին եւ ես:
Նախընտրեցինք նստիլ ճաշարանի մը դուրսի, բացօթեայ մասը: Հաճելի երեկոյ մըն էր: Բաւական ուշ էր: Յաճախորդները բոլորը մեկնած էին, իսկ ճաշարանին սպասեակները շատոնց հասած էին իրենց տուները: Գարեջուրի պարապ շիշերով միակ սեղանը մերն էր: Այնքա՜ն յուշեր կային «Ազդակ»-ի օրերէն, «Բագին»-էն, «Փորձառական թատրոն»-էն եւ Շթորայի գիւղագնացութեան տարիներէն:
Արան աշխատակցած է բոլորիս հետ, եւ հասնելով յիշատակներու տոպրակին յատակը` վերյիշեցինք «մոռցուած» դէպքեր, միեւնոյն ժամանակ ցաւեցանք Լոս Անճելըսի մէջ հայ գիրի ու գրականութեան, մասնաւորաբար հայ թատրոնի նահանջին համար: Ծրագիրներ մշակեցինք, որոնցմէ եւ ո՛չ մէկը գործադրուեցաւ աւելի ուշ:
40 օրեր առաջ Արա Արծրունին հեռացաւ մեզմէ` հայ գրականութեան եւ հայ թատրոնին ժառանգ ձգելով մեծ թիւով գոհարներ:
Տանջուած հայր մը եղաւ, սակայն բնաւ չընկճուեցաւ: Չտեսաւ իր զաւկին ազատ արձակուիլը, սակայն աննկուն կամքով մնաց ուժեղ: Հպարտ էր եւ իր ցաւը ցոյց չտուաւ հանրութեան:
Արա Արծրունիին խօսքերով կ՛ուզեմ ամբողջացնել այս գրութիւնս, որպէս ճիտիս պարտքը` հանդէպ անձի մը, որ ամբողջ կեանքը նուիրեց հայ գիրի ու գրականութեան: Հայ թատրոնին:
«Անծանօթ հայ տղուն:
Քաղաքացիական պատերազմ: Մութ գիշեր մըն էր: Ամայացած էին Պուրճ Համուտի փողոցները: Ռումբերու ձայները տխուր պատմութիւն մը կը յօրինէին: Շէնքի մը մուտքին ապաստանած, կը սպասէի հանդարտ պահու մը` անցնելու համար յաջորդ փողոցը, ուր կը բնակէի առժամաբար: Սարսափելիօրէն առանձին էի ու տխուր: Մեր գերդաստանէն միայն ես մնացած էի Լիբանան: Բազմաթիւ ընկերներ նաեւ մեկնած էին երկրէն: Զինեալ պահակ երիտասարդ մը մօտեցաւ շէնքի մուտքին: Փոքրիկ լուսարձակով մը լուսաւորեց դէմքս ու հայերէնով հարցուց.
– Հա՞յ ես:
– Հայ եմ,- շշնջացի: Բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս ապահով կրնայի հասնիլ յաջորդ փողոցը:
Ցածլիկ պատշգամներու տակէն անցնելով` հասայ բնակավայրիս սեմին: Ռումբ մը ցնցեց թաղը: Ճիչ մը լսեցի: Մարդիկ վազեցին: Իրարանցում: Քովի փողոցին մէջ զինեալ հայ մը մեռած էր: Սարսափեցայ: Ա՞ն էր արդեօք: Ուզեցի վազել: Յուզումը սեղմեց կոկորդս: Կթոտեցան ծունկերս: Չուզեցի ճշդել: Ա՞ն էր, թէ՞ ուրիշ մը:
Հայու արիւնը` պաղ սալայատակին վրայ:
Փոքրիկ սենեակիս մէջ կծկուեցայ անկիւն մը: Վառեցի երկու մոմեր ու… լացի: Որո՞ւ համար` չեմ գիտեր: Նայեցայ բռունցքի վերածուած ձեռքերուս ու ապա պրկուած դանդաղութեամբ մը բացի զանոնք: Բռունցքներ, ձեռքեր, բռունցքներ:
Ձեռքեր, ձեռքեր, ձեռքեր:
Այդ գիշեր չքնացայ: Այդ գիշեր կապ մը ստեղծուեցաւ մահացած այդ անծանօթ հայ տղուն եւ իմ միջեւ: Այդ կապէն ծնան հարցականներ: Այդ կապէն ծնաւ մնայուն յուզում մը:
Այդ յուզումը անուանեցի «Վահագն»:
Արա Արծրունի:
(1977)
Լոս Անճելըս, 2018
It’s a very good story, Bravo