Անարատ յղութեան տօնին առիթով, շաբաթ, 8 դեկտեմբեր 2018-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին Հռոմի Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան մայրավանքին մէջ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ` նախագահութեամբ Բերիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեանի: Խօսք առաւ Անարատ յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր մայր Արուսեակ Սաճոնեանը:
Ս. հաղորդութիւնը ճաշակելէ առաջ ներկայ միաբանակից քոյրերը մեծաւոր մօր հետ ծնրադիր նորոգեցին իրենց միաբանութեան ուխտը` Աստուծոյ եւ գերյարգելի հօր դիմաց:
Ս. արարողութեան ներկայ գտնուեցան` լատին հայրեր, Լեւոնեան վարժարանի ժառանգաւորները, Խաղաղութեան ձայնի եւ «Ռատիօ Վատիկան»-ի հայերէն բաժիններու անձնակազմերը:
Ս. պատարագի աւարտին «Ողջոյն քեզ, անարատ յղացեալ» տաղը երգելէ ետք, բոլորը միասնաբար ուղղուեցան մայրավանքին հացատունը, որպէսզի սիրոյ սեղանի մը շուրջ շարունակեն օրուան տօնակատարութիւնն ու միաբանութեան անուանակոչութեան տօնը:




