ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Պիտի աւարտէք կարեւոր դասընթացք մը, որուն ընթացքին աշխատանքային եւ անձնական գետնի վրայ բախտ պիտի ունենաք: Ձեր լաւագոյնը տուէք ամրապնդելու համար ձեր անձնաւորութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պէտք է ուրիշներուն տեսակէտը լսէք: Աշխատեցէք մեղմացնել մթնոլորտը եւ վերատիրանալ ուրիշներուն վստահութեան: Ձեր անձնական եւ պետական թուղթերը կարգաւորեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ջղային եւ զայրացած կ՛երեւիք, բայց վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք: Մի՛ գանգատիք, նոյնիսկ եթէ նեղութեան մէջ ըլլաք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Աշխատեցէք արագօրէն աւարտել ձեր բոլոր գործերը: Ձեր պարտականութիւնները պիտի շատնան: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Փայլուն եւ բախտաւոր օր մը պիտի ունենաք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Կարեւոր նիւթ մը պիտի քննարկէք: Ձեր սիրելին կամ ընտանիքի անդամներէն մէկը ձեր օգնութեան պէտք ունի: Մարզական ոգի ունիք: Ամսուան բախտաւոր եւ գեղեցիկ օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ընտանեկան ճնշող մթնոլորտը հանդարտեցուցէք, որովհետեւ քիչ մը տագնապալից է: Օրէնքները եւ ժամադրութիւնները յարգեցէք: Հոգ տարէք ձեր ընտանիքին եւ անձնական գործերուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր զգացումներուն ազդեն ձեր աշխատանքին եւ վարմունքին վրայ: Մի՛ զայրանաք, եթէ նոյնիսկ նեղութիւն զգաք: Աշխատեցէք ամրապնդել ձեր դիրքը գործին մէջ: Օգնեցէք անոնց, որոնք պէտք ունին օգնութեան, մանաւանդ` ձեր սիրելիներուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ժամանակը յարմար է վերատեսութեան ենթարկելու ձեր նիւթական պայմանները: Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Յաջողութիւնները եւ զարգացումը ձեզ կը սպասեն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Նիւթ մը պիտի քննարկէք եւ փայլուն միտքեր պիտի առաջարկէք: Համարձակ կ’երեւիք: Ազդեցիկ մարդոց հետ պիտի շարունակէք ձեր աշխատանքը: Ամսուան կարեւոր օրերէն մէկն է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նուազ բախտաւոր շրջան մըն է: Նոր գործի մի՛ սկսիք: Կարեւոր որոշումներ մի՛ առնէք: Սուր քննարկումներ մի՛ տաք: Ձեր առողջական վիճակին հոգ տարէք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր ընկերներու կողքին հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք: Աշխատեցէք բնականոնացնել ձեր յարաբերութիւնները: Մինակ մի՛ մնաք: Աշխատանքային եւ ընտանեկան գետնի վրայ խոստումնալից շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Եթէ պատրաստ չէք, մի՛ մասնակցիք գործունէութիւններու: Քննութեան շրջան է: Պատասխանատուներուն հետ հարցեր մի՛ ունենաք: Դժուար օրեր են, ուշադիր եղէք: