Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ կիրակի, 2 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Լը Ռըուայալ» պանդոկի (Տըպպայէ) «Փըրլ Պոլրում» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018 տարուան մրցանակաբաշխութիւնը, որուն ընթացքին իրենց բաժակները եւ վկայագիրները պիտի ստանան բոլոր դասակարգերու ախոյեանները:
Այս մրցանակաբաշխութենէն զերծ պիտի չկացուցուին նաեւ Ինտոնեզիոյ մէջ ասիական խաղերուն մասնակցած լիբանանեան պատուիրակութեան հետ ախոյեան հանդիսացած մարզիկները:



