Լոնտոնեան Արսենալի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յետսապահ Սոլ Քեմպըլ նշանակուեցաւ Մաքսֆիլտի գլխաւոր մարզիչ:
Խումբը հանդէս կու գայ Անգլիոյ ֆութպոլի չորրորդ դասակարգի «Սքայ Պեթ լիկ-թու»-ին մէջ:
44 տարեկան Քեմպըլ, որ առաջին անգամ ըլլալով խումբի մը մարզիչ կը նշանակուի, ստորագրեց մէկուկէս տարուան պայմանագրութիւն մը, յայտնեց «Սքայ Սփորթց»:
Անոր կազմը 19-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք կը գրաւէ դասաւորման վերջին դիրքը:



