«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Այդ մասին Ֆրանսայի մէջ յայտարարած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան ֆրանսական AYP ձայնասփիւռի կայանի «Հայաստանն այսօր» հաղորդաշարի եթերով:
Հայկակ Արշամեան Փարիզ կը գտնուի տարեկան ռատիոթոնի մեկնարկը ազդարարելու նպատակով:
«Համահայկական ուժերով Հայաստանը կրնանք դարձնել մեր երազներու երկիրը», ըսած է ան: Հիմնադրամի տնօրէնը ֆրանսահայ ունկնդիրներուն յայտնած է, որ շուտով պիտի աւարտին հիմնադրամին մէջ տեղի ունեցող ստուգումները: «Ըստ նախնական տուեալներու, հիմնադրամի գումարներու կորուստ չէ եղած: Հիմնադրամը կը շարունակէ գործել թափանցիկ: Նուիրաբերուած իւրաքանչիւր սենթ պիտի ուղղուի իր նպատակին», ըսած է ան: Այս մասին կը յայտնէ հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը:
Խօսելով համահայկական հիմնադրամի հետագայ ծրագիրներուն մասին` Արշամեան ըսած է, որ հիմնադրամը պէտք չէ կեդրոնանայ միայն բուն շինարարութեան վրայ: «Վստահաբար, շատ կարեւոր է ենթակառուցուածքներու զարգացումը: Սակայն, ես կը փափաքիմ, որ հիմնադրամը նաեւ բովանդակային ծրագիրներ իրականացնէ: Մենք պէտք է Հայաստանը դարձնենք միտք արտադրող երկիր: Պէտք է զարկ տանք հիմնադրամի միջոցով նորարարութեան նոր, բարձր արհեստագիտութիւններուն, մենք պէտք է զարկ տանք երկրի մշակոյթի ու արուեստներու զարգացման: Նաեւ մենք Հայաստանը, հիմնադրամին միջոցով, պէտք է դարձնենք կանաչ ուժանիւթի երկիր», նշած է ան:
Հիմնադրամի գործադիր տնօրէնը յոյս յայտնած է, որ մօտիկ ապագային Հայաստանը աշխարհի մէջ կրնայ դառնալ իւրայատուկ ցանցապետութիւն: Ատոր համար կայ սփիւռքը, անհրաժեշտ է միայն ամրացնել կապերը:
Ֆրանսայի մէջ մեկնարկած է տարեկան հեռախօսամարաթոնը, անիկա կը շարունակուի մինչեւ 18 նոյեմբեր: «Ֆոնեթոն-2018»-ին մասնակցելու համար Ֆրանսա մեկնած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան: Ֆոնեթոնին հաւաքուած գումարները պիտի յատկացուին 2019-ին Հայաստանի եւ Արցախի մէջ իրականացուելիք ծրագիրներուն:



