
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, կիրակի, 11 նոյեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը հիւրընկալեց Հուփսը:
ՀՄԸՄ այս մրցումէն առաջ արձանագրած էր երկու յաղթանակ (երկու մրցումէ), մինչ Հուփս` երեք պարտութիւն (երեք մրցումէ):
Ասկէ մեկնելով, ՀՄԸՄ կ՛ուզէր արձանագրել իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, իսկ Հուփս` տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
Նախքան մանրամասնութիւնները, ՀՄԸՄ մրցումին նախօրեակին ներկայացուց նախորդ տարեշրջանին իր տիրացած երկու տիտղոսները:
Նշենք, որ այս մրցումին ներկայ էին նաեւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամներ, երեսփոխաններ Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, Պսալիմի եւ Մթայլեպի քաղաքապետերը եւ մեծ թիւով ՀՄԸՄ-ի համակիրներ:
Ինչ կը վերաբերի մրցումին, Հուփս կրեց տարեշրջանի իր չորրորդ պարտութիւնը` 94-82 արդիւնքով:
Մրցումին լաւագոյն սքորըրը հանդիսացաւ Հուփսէն Տիքենպէ Տիքսըն (30 կէտ): ՀՄԸՄ-էն թրիփըլ-տապըլ մը իրագործելու բաւական մօտ էր Էլի Ռըսթոմ (13 կէտ, 9 ռիպաունտ, 9 էսիսթ), իսկ անոր խմբակից Մայք Էֆիպրա նշանակեց 15 կէտ, մինչ Ժերար Հատիտեան, Քարիմ Զէյնուն եւ Ուոլթըր Հոճ` 12-ական կէտ:
Այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին Պէյրութ կը հիւրընկալէ Ռիատին:
ՀՄԸՄ եւ Ռիատի ցարդ միակ խումբերն են, որոնք չեն պարտուած, մինչ Հուփս միակ խումբն ըլլալով… յաղթանակէ զուրկ է:


